20090430-112215.jpg
F. C. KESSAB
(Football Club Kessab)

Քեսապահայ ներկայ կեանքի իրականութեան մէջ ծնունդ առաւ ոտնագունդի (mini football)–ի մարզական նոր խումբը, որ կազմուած է Քեսապահայ տարբեր համայնքներու երիտասարդներէ: Խումբը որպէս իրականութիւն հիմնուեցաւ 18 Սեպտեմբեր 2007-ին, Քեսապի մարզասէր երիտասարդներուն ջանքերովը: Այսօր ան որպէս Քեսապի ներկայացուցչական խումբ կը ներկայանայ ու կը մասնակցի զանազան խաղերու, որոնք կը կատարուին Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ:
Խումբը կը կատարէ իր մնայուն շաբաթական փորձերը, որոնք կը կատարուին Աւետարանական համայնքի ՔՋԱԿ համալիրի դաշտին մէջ:
Խումբը նաեւ Քեսապի մէջ կ’ընկալէ տարբեր շրջաններէ մարզական խումբեր, ինչպէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ Լաթաքիա, Հալէպ, Գամիշլի եւայլն:
Խումբը ունի իր յատուկ տարազը, որ իր վրայ կը կրէ խումբին նշանը եւ սոյն կայքէջին անունը՝ kessabtsiner.com: Ան ունի իր կազմակերպչական դրութիւնը:
Խումբը ունի իր մօտակայ ու հեռակայ ծրագիրները, որոնք կը կարօտին բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան ու քաջալերանքի:
Կայքէջին “լուրեր” բաժինին մէջ կարելի է իմանալ Քեսապի ոտնագունդի խումբին մասնակցելիք խաղերուն արդիւնքները:

20090430-112429.JPG