Վերաշխուժացման քայլեր
Վերաշխուժացման քայլեր
Կայքի վերաշխուժացման առաջին քայլը, որը արդէն կատարուած է, ունի իբր նպատակ Քեսապը կրկին տեղադրել
հայ իրականութեան քարտէզին վրայ` հրապարակելով ամսական լրաբեր մը,որը պիտի հաղորդէ Քեսապի բոլոր
գործունէութիւնները անխտիր: Այդ նպատակին համար kessablinks-ը համաձայնութիւն գոյացուցած է դիմատետրի
«Ձեռք ձեռքի Քեսապի համար» էջին հետ: Ամսական լրաբերը պիտի ուղարկուի մեր բոլոր բաժանորդներուն եւ
բաժանորդագրութիւնը սահմանուած է միայն քեսապցիներուն: Տեղեկագիրը կը ներառէ Քեսապի կեանքի բոլոր
մարզերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն՝ Եկեղեցական եւ դպրոցական գործունէութիւն, զբօսաշրջական
նորութիւններ, ստացուած օժանդակութիւններ, արտագաղթ, նոր ամուսնութիւններ, յուղարկաւորութիւններ եւայլն:
Հետեւաբար մեր այս ծրագիրը իրականացած տեսնելու համար, կարիքն ունինք բոլորին աջակցութեան՝
կազմակերպութիւններ, գործատէրեր, համայնքներ, մեզ տեղեակ պահելու Քեսապի անցուդարձերէն եւ թարմացնելու
տեղադրուած լուրերը: Մենք նպատակ ունինք ըլլալ պարփակող բոլորին, ուստի կը գնահատենք անոնց, որ մեզ
ճշգրիտ նորութիւններ պիտի հաղորդեն:
Kessablinks-ը կազմակերպած է նաեւ հետազօտութիւն մը, որը կ'ուսումնասիրէ Քեսապի մէջ տիրող ընկերային
հանգամանքները եւ բնակիչներու ակնկալութիւնները:
Այս ուսումնասիրութիւնները պիտի նպաստեն պարզելու Քեսապի եւ Քեսապաբնակ մեր համագիւղացիներու
պահանջքներն ու կարիքները եւ տրամադրելու փաստացի թելադրութիւններ եւ առաջարկներ կազմակերպիչ
պատասխանատու մարմիններու… Սոյն ուսումնասիրութիւնը պիտի քննարկէ քեսապցիներու ձգտումները
ուսումնասիրող յատուկ հարցեր, եւ կը փորձէ առաւելագոյն քեսապցիներու հասնիլ, ըլլան անոնք Քեսապաբնակ կամ
սփիւռքի մէջ:
Kessablinks-ը նաեւ աշխատանքներ կը տանի համախմբելու համալսարանական եւ համալսարանաւարտ բոլոր
քեսապցիները, որոնք իրենց բազմազանութեամբ պիտի համախմբուին եւ փորձեն բարելաւել քեսապցիին կենցաղային
պայմանները եւ պիտի ծառայեն իրենց բնօրրանին ամէն մարզերէն ներս: Հայաստանեայց Աւետարանական
եկեղեցիին եւ անոր Սուրիոյ համայնքապետ` Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հետ համագործակցելով`
Եկեղեցին սիրով առաջարկած է իր մշակութային կեդրոնին մէջ գտնուող համակարգչային տարածութիւնը տրամադրել
իբր հիմք այս խումբին :