Տօներ

Նոր Տարի.-
Այս տօնին յատուկ պատրաստութիւններ տեղի կ’ունենային: Տանտիկինը անպայման պէտք է մաքրէր ծխնելոյզը, նաեւ կրակարանին չորս կողմը: Այդ գիշերուան համար յայտնի էին որոշ ուտելիքներ, ինչպէս չամիչ, չոր թուզ, պաստըղ… նաեւ պտուղներ՝ տանձ, նուռ, խնձոր…: Քեսապցիներ ընդհանրապէս Նոր Տարուայ գիշերուան համար կը պատրաստէին որսի խոռոված: Ազգականներ եւ դրացիներ զիրար կ’այցելէին: Փոքրիկները տունէ տուն կը շրջէին իրենց դպրոցական կտաւէ պայուսակներով եւ կը ստանային չամիչ, խնձոր… իսկ մեծերն ալ կաղանդը շնորհաւորելու կ’երթային եւ իրարու կը փոխանցէին ձաւար, ալիւր, ձէթ…

Ս.Ծնունդ.-
Ծնունդի շաբաթը բոլոր տանտիկինները զբաղ կ’ըլլային տարբեր տեսակի ճաշեր, հացեղէններ եւ անուշեղէններ պատրաստելով: Անոնք կը շինէին “Գլօր”ը եւ ձէթով Բոկեղը (Ձիթոն բկիէղ), որոնք տակաւին կը պատրաստուին մինչեւ այսօր: Խթման գիշերը խումբ-խումբ կ’աւետէին, Քեսապի բոլոր գիւղերը շրջելով ու կ’երգէին “Այսօր տօնն է Ս. Ծննդեան”, այժմ՝ երիտասարդներ ու պատանիներ կ’երգեն “Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի”, իսկ աւետարանականները՝ “Լուռ գիշեր” եւ “Ծափ զարկ աշխարհ” երգերը: Ծնունդի օրը եկեղեցական արարողութենէն ետք մարդիկ զիրար կը շնորհաւորէին, ինչպէս նաեւ իրարու տուն կ’այցելէին:

Տեառնընդառաջ.-
Այս տօնին, եկեղեցւոյ բակը կը դիզուէիր փայտեր: Իւրաքանչիւր անձ անպայման փայտ բերած կ’ըլլար, որպէսզի խարոյկը մեծ ըլլար: Ժամերգութենէն ետք ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս կ’ելլէր խարոյկը այրելու, որ ընդհանրապէս նոր փեսաներու ձեռամբ կ’ըլլար: Նոր հարսերն ու փեսաները երեք անգամ խառոյկին շուրջ կը դառնային, ապա իւրաքանչիւր անձ ճիւղ մը կ’առնէր այդ կրակէն որ կը կոչուէր (խենծուխ): Այդ խենծուխէն պէտք է վառէին տան ճրագը եւ կրակը: Իսկ երիտասարդներ, կը ցատկէին մեղմացած կրակին վրայէն:

Բարեկենդան.-
Քեսապցիներուն համար շատ ժողովրդական տօն մըն էր: Կարգ մը խաղեր տեղի կ’ունենային հրապարակին կամ տանիքներուն վրայ: Բուն Բարեկենդանին, պատանիներ ու երիտասարդներ կը ծպտուէին տարբեր ձեւերով, կը մրոտէին երեսնին, նաեւ վիզերնին կ’անցնէին պարապ խխունջներով շինուած քանի մը վզնոցներ, որոնք իւրաքանչիւր շարժումի, ծնծղայի պէս կը հնչէին եւ հաճոյք կը պատճառէին:

Ս. Աստուածածին.-
15 Օգոստոսի ամենամօտ կիրակին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնն է: Եկեղեցիներուն մէջ պատարագէն ետք, խաղողը կ’օրհնուէր եւ ժողովուրդին կը բաժնուէր: Հաւատացեալները խաղող չէին ուտէր մինչեւ խաղողը չօրհնուէր: Այդ շաբթուան մէջ ծնած աղջիկներու անունները կ’ըլլային՝ Մարօ, Մարիամ, Մարի, Մարալ…: Սկիզբը, ուխտավայրը Պարլլումն էր, ուր ուխտաւորները կ’երթային իրենց ուխտը կատարելու: Ապա ուխտավայրը դարձաւ Էսկիւրանի սրբատեղին, որ կը գտնուի աղբիւրին մօտ եւ այդ օրուան ճաշը կ’ըլլար աւանդական Հերիսան՝ պատրաստուած մատաղի ոչխարներէն: Այժմ նոյն ձեւով կը պահուի այս տօնը:

Ս.Յակոբ.-
Դեկտեմբեր ամսուան երրորդ շաբաթ օրը, Ս. Յակոբի յիշատակումն է: Քեսապցիները այս տօնին անպայման աքլոր կը մորթէին եւ այդ աքլորով Հերիսա կը պատրաստէին: Ազգականներ ու բարեկամներ աքլոր մը առնելով կ’երթային այն տունը ուր Յակոբ մը կը գտնուէր: Շաբաթ գիշեր գիւղին հրապարակը կը տանէին աքլորները որոնք կը մորթուէին հետաքրքրական ձեւով թաղի տղոց ձեռքով: Այդ շրջանին, նաեւ որսի կ’ելլէին ու որսը առատ ըլլալու պարագային, իրարու տուն կ’այցելէին, խոռոված կը պատրաստէին ու գինի կը խմէին:

     Այս տօներու կողքին, կային նաեւ հին սովորութիւններ, որոնցմէ կրնանք յիշել “Չըմչը-Կելըն”ը: Խումբ-խումբ երիտասարդներ կը հաւաքուէին տուներու առջեւ, իրենց ձեռքը ունենալով փայտի երկար կտոր մը, որուն վրայ անցուցած կ’ըլլային լաթ մը եւ ձեւացուցած կ’ըլլային զայն իբր խրտուիլակ: Այս Երիտասարդները կ’երգէին մի քանի տողնոց յատուկ երգ մը եւ տանտէրը այդ փայտին վրայ կը թափէր գաւաթ մը ջուր: Այս ձեւով անոնք կը հաւատային թէ անձրեւ պիտի գայ: Ամէն անգամ որ անձրեւ չէր գար, անոնք այս սովորութիւնը կը կատարէին եւ շատ յաճախ յաջորդ օրը անձրեւ կու գար: