Նախնական Դարմանում
Հին ժամանակ, քեսապցիներ կը վստահէին իրենց փորձառութեան աւելի քան բժիշկի. ինչպէս նաեւ կ’օգտուէին զանազան բոյսերէ հիւանդութիւնները դարմանելու համար: Ան որ փոխանցիկ հիւանդութիւն ունէր, զայն առանձին տեղ մը կը մեկուսացնէին:
Այն փոքրիկները որոնք Հարսանեթէ կը տառապէին, անոնց կը կերցնէին քաղցր բաներ:
Գլխու ցաւ ունեցողները կը խմէին կանաչ լերան թէյ (լարրօն Չայ), եւ կամ ճակատնին օղի կը սրբէին: Կոկորդի ցաւ ունեցողները մեղր կ’օգտագործէին: Իսկ լինտի բորբոքումը, կը դարմանուէր թութով: Ընկոյզի օղին կամ թէյը կը գործածէին փորի կամ ստամոքսի ցաւի համար:
Մեղուի խայթուածքի դեղն էր՝ ծեծուած սխտորը:
Եթէ մէկուն ոտքը կամ ծունկը ցաւէր, վրան կը քսէին դափնիի ձէթ: Եթէ մէկուն ձեռքը պատռուէր, լաթով մը կը կապէին, վրան աղ ու ձէթ դնելով:
Պզտիկ բշտիկներու համար կը գործածէին թուզի կաթ: Իսկ հազի համար Եղջերենիի (աղջեր)ի ռուպ կը խմէին: