Յատուկ պատրաստութիւններ
Մասարա
Խաղողի բերքահաւաքին, խաղողը կը կոխկռտէին ու անոր հիւթը կը քամէին: Ռուպը պատրաստելու տեղը “Մասարա” կը կոչուի. բարձր օճախի վրայ ռուպի լաղը կ’ըլլար: Ուրիշ տեղ, պղինձէ ամանի մէջ կը զտուէր հիւթը եւ ուրիշ լաղի մը մէջ կը պարպէին զայն ու անոր տակը կրակը կը վառէին: Մէկ հոգի եռացող լաղը կը կառավարէր, իսկ ուրիշ մը կրակը: Ուրախ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր, կը հաւաքուէին ազգականներ, դրացիներ ու թաղեցիներ: խաղեր կը խաղային, կը պարէին ու կ’երգէին եւ փրփուրը կ’ուտէին դափնիի տերեւով:
Թոնիրի հաց (Թընտըրոն հուոց)
Սովորութիւն էր ամէն կնոջ համար թոնիրի հաց եփելը: Կիները խումբով թոնիր կ’երթային, պարզ լաւաշ եւ պիպարով հաց կ’եփէին: Ընդհանրապէս դրացիներուն ալ կը բաժնէին, ինչպէս նաեւ հիւրերուն ալ կը հրամցնէին:
Լոլիկի ջուր (Պետընճըրրոպ)
Լոլիկի ջուրի պատրաստութիւնը բաւական աշխատանք կը պահանջէր: Լոլիկները կը ջարդէին ու վրան աղ կը ցանէին եւ այդպէս կը ձգէին քանի մը ժամ, ապա կը քամէին: Հիւթը կը լեցնէին մեծ տաշտի մը մէջ ու բացօթեայ կրակի վրայ կ’եփէին տեւաբար խառնելով: