Ճաշեր
Քեսապի մէջ շատ յատուկ տեղ կը գրաւեն հացեղէնները: Թոնիրի մէջ կ’եփէին (անլի բաղարջ) կոչուած հացի տեսակ մը, որուն մէջ չորաթան (Քեսնըք) կը դրուէր: Յատուկ էր նաեւ ձէթով բոկեղը:
Իսկ ճաշերու տեսակները նոյնպէս շատ էին, ինչպէս կորկոտեղէնները որ կը պատրաստուէին սիսեռով, լուբիայով, կանկառով եւ գետնախնձորով:
Հերիսան յատուկ ճաշ մըն էր որ կը շինուէր երկու տեսակ միսով՝ կամ հաւու, աքլորի եւ կամ ոչխարի, հորթի: Ցորենը միսին հետ լաւ մը կ’եփէին թեթեւ կրակի վրայ ու ապա շերեփով լաւ մը կը ծեծէին:
Նկատի ունենալով որ Քեսապի արտերուն մէջ զանազան խոտեր կը բուսնին, քեսապցիները այդ խոտերը ճաշերու մէջ կը գործածէին եւ անոնք որոշ անուններ դրած էին այդ խոտերուն, որոնք տակաւին կը բուսնին Քեսապի մէջ փետրուարէն սկսեալ մինչեւ ամառնամուտ:
Այս անուններէն կրնանք յիշել՝ Խուշուրօք, Լաբըթխօշ, Քուրօթ եւ Խուպազ:
Սուխմիկը կը պատրաստուի ափի մէջ սեղմելով, որմէ կը պատրաստուի «գլօր»ը՝ որ լեցուած կ’ըլլայ միսի միջուկով եւ կ’ուտուի մածնապուրին հետ: «Գլօր»ը համեղ ճաշ է եւ մինչեւ հիմա Զատիկի օրերուն կ’եփուի մածունով: Մեծ Պահքի օրերուն, «Գլօր»ը կը լեցնեն բանջարի միջուկով , կը խաշեն ու յետոյ վրան թթու եւ սխտոր կը դնեն:
Ուրիշ ճաշ մըն ալ յայտնի է քեսապցիներու մօտ, որն է (Քալլը Փաչա), մորթուած անասունին ոտքերն ու գլուխը կը խարկեն եւ լաւ մը կը քերթեն, ապա կը խաշեն ջուրի մէջ եւ ուտելու ժամանակ վրան թթու եւ սխտոր կը դնեն:
Սարման, քեսապի մէջ կը գործածուի որթատունկի, կաղամբի եւ բանջարի տերեւով որ սկիզբը կը խաշուի: Ձմրան համար տերեւը կը պահուի աղի ջուրի մէջ, իսկ լիցքերը (տոլմա) կ’ըլլան սմբուկով, դդումով, լոլիկով եւ պղպեղով: