Հարսանիք

Հարսանեկան արարողութիւնները կը տեւէին ամբողջ շաբաթ մը: Հարսանիքէն ճիշտ մէկ շաբաթ առաջ “Ղումաշ կտրել”ը կ’ըլլար: Հարսին ու փեսային համար պատրաստուած կերպասները կիներ երգով ու պարով կը բերէին հարսնցուին տունը եւ կը ձեւէին: Այդ շաբթուան մէջ պէտք էր որ կարուէին այդ տարազները: Հարսանիքէն մէկ օր առաջ, ազգականներ կու գային աղջկան տունը “ծրար դնելու” եւ կը բերէին զանազան նուէրներ: Իսկ ինչ կը վերաբերի “օժիտ”ին, օրէնք էր որ աղջկան հայրը պատրաստէր օժիտի “սնտուկը” որ ամէնէն կարեւոր առարկան էր, եւ կամ զայն պատրաստել կու տար մեծ զգուշութեամբ: Հինգշաբթի օր, երիտասարդ աղջիկներ ու պարմանուհիներ աղբիւր կ’երթային հերիսայի ցորենը լուալու, որմէ ետք տղամարդիկ եւ յատկապէս ամուրի երիտասարդներ ցորենը կը ծեծէին խոշոր սանդերու մէջ: Կարգ մը մարդիկ ու կիներ անպայման երգի ու շուրջպարի կը սկսէին: Ուրբաթ գիշեր խնճոյքը տեղի կ’ունենար: Հացեղէններ կը պատրաստուէին, ինչպէս նաեւ մսեղէն, թոնիրի մէջ եփած ձէթով բոկեղ եւ անպայման հերիսան: Ասոնց կողքին բացօթեայ, օճախի վրայ կ’եփուէր լուբիա եւ բրինձով փիլաւ: Սովորութիւն էր այդ ատեն երգել նաեւ ազգային ու յեղափոխական երգեր: Այժմ այս մէկը գրեթէ մոռցուած է: Ներկայիս խնճոյքը ընդհանրապէս կ’ըլլայ ճաշարանի մէջ, պսակէն ետք: Հին ատեն, հարսը կը նստեցնէին ճերմակ ձիու վրայ եւ գիւղի “զուռնաճին” կը նուագէր հարս տանելու եղանակը: