Խաղեր

Սալուկ
Քեսապի մէջ հին ժամանակ սալուկը յայտնի խաղ մըն էր, որ պզտիկներն ու պատանիները կը խաղային: Գետնին վրայ կը գծէին իրար փակած վեց հատ խոշոր քառակուսիներ, խաղցողը պէտք է տափակ քարը անցնէ մէկ ոտքով առաջին սիւնակէն երկրորդը, ետքը երրորդը եւ այսպէս մինչեւ վեցերորդը: Այս խաղը ունի կարգ մը հանգրուաններ, որոնց ընթացքին քարը պէտք չէ սիւնակէն դուրս ելլէ եւ ոչ ալ գիծին դպչի, այդ պարագային խաղցողը դուրս կ’ելլէ եւ կարգը կու գայ միւսին:

Բիբը
Խմբային խաղ մըն է որ բացօդեայ տեղ մը կը խաղցուի: Կ’որոշուի խաղցող մը, որ պէտք է ծառի մը կամ պատի մը ետին աչքերը գոցէ եւ համրէ մինչեւ որ միւս խաղցողները պահուըտին: Ապա, համրելէն ետք, խաղցողը պէտք է փնտռէ միւսներուն եւ գտնէ զիրենք: Եթէ ան մէկը գտնէ, անմիջապէս պէտք է վազէ պատին եւ ձեռքը հոն դնելով (բիբ) ըսէ, այլապէս պահուըտողը կրնայ աւելի արագ վազել եւ (բիբ) ըսել ու յաղթել:

Պարան ցատկել
Այս խաղը յատկապէս աղջիկները կը խաղային. Անոր որ կարգը ըլլար, կը բռնէր պարանը երկու ծայրերէն ու կը ցատկէր վրայէն: Ապա իր ետեւէն ետ առջեւ կը բերէր ու կը ցատկէր պարանին վրայէն արագ ձեւով: Ամէն մէկ ցատկելուն, յաջորդաբար կ’ըսէր արեւ, լուսին, ժապաւէն, աստղ… Օրինակ, եթէ պարտուէր “Ժապաւէն” ըսած ատեն, խաղը կը շարունակէր այն խաղցողը որ “ժապաւէն” անունը կը կրէր խաղին մէջ ու այսպէս կը շարունակուէր:

Երեք քար
Երկու հոգիով կը խաղցուի այս խաղը: Ամէն մէկը կ’ընտրէ երեք պզտիկ քարեր եւ իւրաքանչիւրին քարերը տարբեր գոյն պէտք է ըլլան: Օրինակ, մէկուն քարերը սեւ, իսկ միւսինը ճերմակ: Երկու անձերը դէմ դիմաց կը նստին, իրենց մէջտեղ տափակ քար մը, որուն վրայ կարելի է գծել չորս քառակուսիներ իրարու փակած, երկուքը վեր, երկուքը վար: Կարգով կը սկսին խաղալ. ամէն մէկ խաղցող իր քարերը կը դնէ մէկ անկիւնի վրայ, ետքը փոխադարձաբար կը շարժեն իրենց քարերը մինչեւ որ մէկը կարենայ իր երեք քարերը մէկ շարքի վրայ դնել: Ամէն մէկը իր դիմացինին ճամբան պէտք է փորձէ գոցել:

Մուկը
Երեք հոգիով կը խաղցուի այս խաղը: Երկու անձեր դէմ դիմաց կը կանգնին բաւական հեռաւորութեամբ. իսկ երրորդ անձը կը կանգնի մէջտեղը: Մէկ կողմ կանգնող անձը ձեռքը կ’ունենայ գնդակ մը որ պիտի փորձէ նետել եւ դպցնել մէջտեղը կանգնող անձին, որ իր կարգին պէտք է փախչի գնդակէն որ իրեն չդպչի եւ գնդակը միւս անձին հասնի: Ան ալ նոյնպէս պիտի փորձէ հալածել մէջտեղի անձը եւ ետ գնդակը միւս անձին հասցնէ: Եթէ մէջտեղը կանգնող անձը կրցաւ գնդակը բռնել հալածուած ժամանակ, կը շահի նիշ մը, իսկ եթէ գնդակը իրեն դպչի, կը պարտուի եւ երկրորդ անձը մէջտեղ կ’անցնի եւ այսպիսով կը շարունակուի: