Արհեստներ
Քեսապի մէջ, թէ՛ մարդիկ եւ թէ՛ կիներ ունէին կարգ մը արհեստներ եւ զբաղումներ: Կային դերձակներ (թարզա) ու սափրիչներ (պարպար), որոնք ունէին իրենց յատուկ խանութները: Նաեւ ատաղձագործներ (նաճար) եւ որմնադիրներ (Եափըճա): Կօշկակարները (Քուշկէօր) կը կարէին հողագործի համար պարզ կօշիկներ (սանտալ, չաքմա, իմենիկ՝ կիներու համար): Պղնձագործները կը շինէին տարբեր չափի պղինձէ ամաններ, պատառաքաղներ ու դգալներ: Կիներն ալ ունէին իրենց զբաղումը՝ իլիկով (քերմուն) թել քաշելը, ոչխարի բուրդէն թել կը քաշէին կարի եւ ասեղնագործութեան համար: Կը շինէին բուրդէ գուլպայ, մուճակ, վերարկու եւ բարձ:
Գործածուած իրեր
Կրնանք յիշել գործածուած առարկաներէն խնոցի կուժը, ցախաւելը, քարէ սանտը (ցորեն ծեծելու համար), պաստեղ շինելու թիակ, սաճ՝ որուն վրայ հաց կ’եփուէր, կազով լապտեր, տախտակէ սնտուկ զգեստներու համար, կաւէ շինուած ամաններ՝ (Չանոգ, Քուփելիկ), որուն մէջ չորցուած ուտելիքներ ու պտուղներ կը դրուէր: Ջրադդումը՝ (Գըրնիէպ), որ ունէր երկար կոթ մը ու ձմերուկի մեծութեամբ գլուխ, կը չորցնէին ու կը պարպէին եւ կը գործածէին իբր շերեփ: