Վրէժ Գլնճեան Թուրեան

Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան ծնած է Քեսապ: Յաճախած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանը: Վրէժ, իր  նախակրթարանի տարիներուն սկսած է գրել եւ մեծ գնահատանքի արժանացած իր ուսուցիչներուն կողմէ:

Վրէժի երազը կիսատ մնաց եւ ան չկրցաւ իր ուսումը շարունակել ու նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ: Արհեստանոցէն, գրադարան եւ գիրքէն-գրիչ վազք մը դարձաւ իր կեանքը: Սակայն՝ գրելը եւ ընթերցելը անդիմադրելի պահանջքներ եղան Վրէժի համար:

1973-1980 տարիներուն, Վրէժ Լիբանանի «Զմմառու Վանքին» մէջ եղաւ պատասխանատուն՝ մատենադարնին եւ գրադարանին:  Վերջի տարիներուն նաեւ դասաւանդեց հայերէն գրականութիւն:

Իր բանաստեղծական առաջին հատորը  «Սրտի Բեկորներ» հրատարակած է 1995 թուին: Երկրորդը՝ «Հայրենի Ղօղանչներ» 1997ին, իսկ՝ «Սէր Ափսոսանք ու Կարօտ» 2003ին:

Վրէժ ունի արձակ գրութիւններ ինչպէս՝ «Արիւնոտ հարիւր ամեակի մը առթիւ» եւ ուրիշներ որոնք հրատարակուած են Գանձասարի բացառիկին մէջ:

Ունի նաեւ տասնեակ բանաստեղծութիւններ, բայց անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ եւ իր չորրորդ հատորին հրատարակութիւնը կիսատ մնաց: Քեսապի գաղթին պատճառով 21 Մարտ, 2014ին իր գրութիւնները որոնք թուղթերու վրայ էին կորսուեցան:

 

 

ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԻՆ

Ա

Արցախն ամուլ էր դարձած բռնաւորի շունչին տակ,

Արցախն ի զուր կը տնքար զուլումի մէջ անյատակ.

Արդարութեան ակնկոր Արցախն Արեւ կը տենչար,

Բիւր դաւերով շղթայուած՝ գալարատանջ կը ճչար:

 

Արցախն յուռթի, հինաւուրց, որ դիւցազներ էր ծնած,

Ծնած՝ մտքի հսկաներ ու հրաշքներ էր երկնած,-

Աստուածներէն թողլքուած ու աշխարհէն ոտնահար,-

Բայց ընդերքն իր դեռ կ՛եռար վրէժի հուրով մը խելառ:

 

… Պոռթակց Արցախը ահա՝ ու վեց միլիոն հայորդի

Բռունցք դարձած արձագանք եղան անոր պոռթկումին,

Երկնքի մէջ խայտացին՝ մեր զոհերը նոր ու հին:

 

Պոռթկաց Արցախը ահա՝ ու Սասունէն պանծալի

Մինչեւ Ուրֆա ու Զէյթուն, Գարահիսար, Մուսա Լեռ՝

Գոռաց ոգին լեռներուն, հինաւուրց երգը Ռազմի…:

 

Բ

Արցախը վաղը կրկին՝ հայրենիք է բարգաւաճ,

Արցախը ալ մէկ ընդմի՛շտ մեր ամրոցն է աննուաճ,

Ազատաբեր արեւն է հայ աշխարհին մեր չքնաղ,

Ռահվիրան է մեզ տանող դէպի Շարուր ու Շատախ:

 

Մեր թմբիրէն մեզ հանող՝ ահազա՛նգն է մշտահունչ,

Աշխարհի չորս ծագերուն՝ պարգեւողն է մեզ նոր շունչ,

Մեր նորագոյն պատմութեան՝ յաղթութեան վէմ անսասան,

Արցախն ընդմիշտ կը մնայ՝ հայու կամքին յուշարձան:

 

 

 

Շիրազը զերթ մարգարէ՝ զայն «Հայ գալիք» հռչակեց,

Ճենճերեցաւ սիրտն անոր պաշտամունքով մայր հողին,

Մեր եօթ խլուած դրախտներէն ազատագրել կտակեց:

 

Արցախը վաղն անվարան՝ բարձրակէտն է մեր փառքին,

Իր սխրանքով եզակի՝ ելանկէտ մեր անելին,

Արցախն յաւէտ կը մնայ՝  դիւցազնավէպ մ՛անքնին…:

 

Գ

Եւ ինչ հրաշք, ի՜նչ հրաշք, հազիւ անցած է կէս դար,

Հերոսական Արցախի յաղթանակէն փառապանծ,

Երկրշարժէն կործանիչ ու խոցերէն անհամար,

Անմահ երկիրն իմ կրկին հզօրացած յաղթապանծ:

 

Այնքան առոյգ է ահա՛ ու կենսայորդ աներեր

Ու զերթ Դաւիթն իր Սասմայ իջած կրկէսն աշխարհի՝

Հաշուեյարդար կ՛ընէ արդ ոսոխներուն մարդակեր,

Ձեռքին Թուրը Կայծակի, սրտին՝ վրէժն ամեհի…:

 

Եւ Ի՜նչ հրաշք, ա՛ւասիկ ալ վերջ գտած է իսպառ

Եղեռնի դարը հայուն, ու ոսոխի աչքին տակ

Նոր դրա՜խտ մ՛է վերածնուեր հողն հայրենին մեծափառ:

 

Ամբողջական հայրենիք, ամբողջական հայութիւն,-

Տեսիլքն ահա՛ մարմնացած սերունդներուն նահատակ.

Հերոսական Արցա՛խն է հայ տեսիլքին պահպանակ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>