Նոր Տարի Եւ Սուրբ Ծնունդ 2021

Տօներ Եւ Աւանդութիւններ

 

Ազգի մը գոյատեւման կէտերէն մէկն է պահել իր նախնիներուն աւանդութիւնը եւ զայն փոխանցել սերունդէ-սերունդ: Այդ աւանդութիւններն են եկեղեցական, ազգային եւ շարքը երկար է:

Որպէսզի Քեսապի եւ քեսապցիին աւանդութիւնները շարունակուին, այդ պատճառով կ՛ուզենք մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնել Քեսապի մէջ ի՞նչպէս կը տօնեն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Կը մաղթենք որ 2021 տարին ըլլայ խաղաղութեան, սիրոյ տարի մը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ ս. Ծնունդ:

 

Նոր Տարի Եւ Սուրբ Ծնունդ

 

Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը Քեսապի կարեւոր տօներէն մէկն է: Երկար տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է որ տան տիկինը նախքան նոր տարի՝ կատարէ տան մաքրութիւնը որպէսզի Նոր Տարին ընդունին մաքուր եւ ուրախ (Այս մէկը չի նշանակեր որ միայն այդ շրջանին է որ ան իր տան մաքրութեամբ կը զբաղի):

Ամրան ընթացքին տանտիկինը իրենց պարտէզի բերքերէն կը պատրաստէր տարբեր տեսակի չիրեր ինչպէս, թուզ, չամիչ, պաստեղ, բեւեկ եւ կը դնէր խոտով հիւսուած ամաններու մէջ: Ասոնց կողքին անպակաս կ՛ըլլար նուռը, նարինջը, խնձորը, սերկեւիլը…: Այս բոլորը Նոր Տարուայ նախօրեակին կը դրուէր սեղաներուն վրայ, ինչպէս նաեւ օղի եւ գինի մինչեւ Ծնունդին յաջորդող շաբաթը: Յարգի էր տունը պատրաստուած օղին, յատկապէս թուզի օղին։

Նոր տարուան գիշերը ազգականներ, հարազատներ եւ դրացիներ իրարու տուն կ՛այցելէին եւ զիրար կը հիւրասիրէին ինչ որ կը գտնուէր սեղանին վրայ: Այդ գիշեր, տուներուն լոյսերը չէին մառեր: Կէս գիշերին երբ եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջէին ամէն մարդ իրարու նոր տարի կը շնորհաւորէր եւ Քեսապի բարբառով կ՛ըսէին.-

-Շընըֆուր նուր Տէ՛րէդ (Շնորհաւոր Նոր Տարի):

-Բէ՛րը Նիւր Տարա Ըննու (Բարի Նոր տարի ըլլայ):

Փոքրիկները կը համբւորէին իրենց ծնողներուն եւ մեծ մօր ու հօր ձեռքերը եւ կը ստանային նուէրներ:

Նոր Տարուայ առաջին օրը գիւղի պզտիկները իրենց լաթէ պայուսակներով կը պտտէին տունէ տուն եւ մեծերուն նոր տարին կը շնորհաւորէին: Նոր տարուան առաջին օրը որքան ալ պաղ ըլլար, տանտէրը տունին դուռը բաց կը ձգէր: Պզտիկները տան դուռը զարնելով կ՛ըսէին, «Շընըֆուր ձիր կաղիւնտը»: Անոնք ալ կը պատասխանէին, «Քուօյն իլի, եաւրում բարի կաղունտ ըննու» եւ տանտիկինը լաթէ տոպրակները կը լեցնէր ինչ որ ունէր իր տունէն ներս:

-«Շէն մնաք, բարը մնաք»  կը պատասխանէին պզտիկները:

-«Է՛մըն տարա եաս ուօրը» կ՛ըսէր տանտիկինը:

Պատանիներուն համար կաղանդը կը սկսէր երկրորդ գիշերը ուր անոնք մութին մէջ բարձրանալով տան տանիքը պարանով թիթեղէ տուփ մը կ՛իջեցնէնին ծխնելոյզին մէջէն որպէսզի տանտիրուհին մէջը «Կաղանդը» դնէր: Ապա անոնք վեր կը քաշէին թիթեղը:

Իսկ Ծնունդի շաբաթը քեսապցի տանտիկինին համար աշխատանքի շաբաթ էր: Մինչեւ Խթման գիշերը կինը կը պատրաստէր անուշեղէններ, ճաշեր եւ սեղանը կը շտկէր: Ծնունդի առիթով անպակաս կ՛ըլլար թերթանուշը (փախլաւան) որ կը պատրաստուէր տուներէն ներս: Նոյն ժամանակ ալ հաց կը թխէին եւ բոկեղ կը պատրաստէին: Բոկեղ բանալուն օրը կիները իրարու կ՛օգնէին: Առանց բոկեղի, թերթանուշի, պանիրով եւ ճֆթով (Ձիթապտուղով) հացի քեսապցիին համար Ծնունդ չի գար:

Իսկ ծնունդի նախորդող օրը կը մորթէին ոչխար մը կամ հորթ մը եւ անպայման բաժին կը հանէին բոլոր անոնց որոնք կարողութիւնը չունէին միս գնելու:  Խթման գիշերը տանտիկինը կը պատրաստէր «Գլոր» որպէսզի մէկ մասը տապկէր այդ գիշերուայ համար եւ սեղան դրուէր իսկ մնացեալն ալ յաջորդ օրը մածունով ապուրին հետ ուտէին: Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք որ մորթուած ոչխարի կամ հորթի միսով ալ աղուոր խորոված մը կը պատրաստուէր այդ գիշերուան համար, եւ կ՛ըլլար սեղանին զարդը:

Երբ մթննար, երիտասարդներ խումբ-խումբ կ՛այցելէին տուները եւ «Աւետիս»կը կանչէին: Տնեցիներն ալ ոտքի կ՛ելլէին եւ կը մասնակցէին «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականով: Երբ վերջացնէին երիտասարդները կ՛ըսէին.-

-Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, «շընըֆուր ձիր զէ՛տէը» «Շնորհաւոր ձեր զատիկը):

-Ձեզի մեզի մեծ աւետիս, «Շընըֆուր ձիր Զէտէյն ըլի» (Շնորհաւոր ձեր ալ զատիկը) կը պատասխանէր տան այր մարդը:

Սովորութիւն էր որ անպայման «Աւետիս» կանչողները հիւրասիրուէին նախքան տունէ ելլէին: Ինչպէս նաեւ տանտէրը դրամ կը նուիրէր երիտասարդներուն:

Ծնունդի առաւօտեան տնեցիք եկեղեցի կ՛երթան եւ ապա իրարու տուները կ՛այցելեն եւ Տէր Յիսուսի Ծնունդը կը շնորհաւորեն:

Ծնունդին օրը սովորութիւն է կէսօրուան ճաշը «մածունով գըլոր» ուտեն: Անշուշտ ներկայիս օրերը փոխուած են եւ «գլուրին» կողքին ուրիշ կերակուրներ ալ կը պատրաստուին:

Ծնունդին յաջորդ օրը, մեռելոցին, սովորութիւն է այցելել գերեզմանատուները եւ յիշել այն հարազատները որոնք մեկնած են այս աշխարհէն:

Ներկայիս, շատ մը սովորութիւններ կեանքի պայմաններուն պատճառով փոխուած են, սակայն՝ տակաւին մեծ մաս աւանդութիւնները կը շարունակուին:

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ:

 

Սեւան Ճ. Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>