ՄԱՏԻԿՆԵՐ
Հաւանաբար բոլորին համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ «Մատիկներ» վերնագիրը: Կարելի է՞ գրութիւն մը այսպէս անուանել:
Քեսապցի կնկան համար իր կեանքի ընթացքին միշտ կարեւոր տեղ գրաւած է օգնել իր կողակիցին տարբեր ձեւերով. ըլլա՛յ այդ մէկը պարտէզներուն մէջ, կամ տունէն ներս եւ ինչո՞ւ չէ ստացուած բերքէն պատրաստել տարբեր տեսակի պահածոներ որպէսզի ծախելով կարենան քիչ մը աւելի օգտակար դառնալ իրենց ընտանիքներուն: Ամրան ընթացքին շատ մը հայեր կամ տեղացիներ Քեսապ կու գան օդափոխութեան, որպէսզի վայելեն մաքուր օդը եւ կազդուրուին ու վերադառնան իրենց առօրեայ կեանքին: Այս բոլոր այցելուները վերադառձին, անպայման իրենց հետ կը տանին քեսապցի կնկան պատրաստած ձմեռուայ պաշարը: Այս բոլորին կողքին նշանաւոր է նաեւ Քեսապի աղտորը (սումախը) եւ խաղողի ռուպը որ յատուկ արարողութեամբ մը կը պատրաստուի:
Բայց քեսապցի տիկինը կամ օրիորդը միայն այս բաներով չէ որ կ՛օգնէ իր ընտանիքին: Անոնք ձմրան ընթացքին երբ պարտէզի գործը այնքայն ալ պահանջկոտ չըլլար, զաւակները մեկնած կ՚ըլլան դպրոց կամ համալսարան, այս տանտիկինները կամ օրիրոդները իրենց արուեստը ցոյց կու տան տարբեր ձեռագործներով ինչպէս սովոր է աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ կնկան կամ օրիորդին:
Թէեւ Քեսապը չունի իր յատուկ ձեռագործը, սակայն քեսապցի տիկինը եւ օրիորդը սորված են Մարաշի, Վանի, Ուրֆայի, Սվազի, եւ այլ հայկական ձեռագործներու աշխատանքները եւ կ՚ասեղնագործեն որպէսզի թէ՛ իրենց ապրուստին աւելիով օգտակար դառնան եւ թէ՛ ալ պահեն աւանդութիւնը: Անոնք նաեւ նոր սերունդին կը ջանան փոխանցել իրենց գիտելիքները:
21 Մարտ, 2014ին, երբ թշնամին յարձակեցաւ Քեսապի վրայ, անոնք ներխուժեցին տուները եւ գողցան ու փճացուցին քեսապցիին աշխատանքը: Անշուշտ անոնք չէին հասկնար մշակոյթէ կամ ձեռագործի արժէքէն եւ որչափ կրցան քանդեցին: Քեսապցիք, երեք ամիսներ վերջ վերադարձան իրենց հայրենի գիւղը: Անոնք բնաւ չյուսահատեցան եւ սկսան վերաշինել իրենց աւերուած տուները:
Այս խումբին մէջ կային հինգ տիկինները որոնք ուզեցին տարբեր ձեւով օգտակար դառնալ իրենց ծննդավայրին եւ ընտանիքներուն: Այս տիկիններն էին, Մարալը, Աշոտեան, Անին, Նորան եւ օրդ. Տիգրանուհին: Անոնք բոլորն ալ հմուտ էին ձեռագործ աշխատելու մէջ: Ինչո՞ւ այդ տաղանդը չօգտագործել: Այս ձեւով անոնք կրնային իրենց ընտանիքներուն աւելիով օգտակար դառնալ եւ թէ՛ ալ հայկական ձեռագործը կրնար աւելիով տարածուիլ: Այստեղ նաեւ կ՛ուզենք յիշել որ անոնք հայկական ձեռագործներուն կողքին կ՛աշխատին նաեւ տարբեր մշակոյթի ձեռագործներ, ինչպէս Նորվեկեան, խաչ ասեղ եւ շարքը երկար է:
Այս պատճառով այս խումբը սկիզբ տուաւ իր աշխատանքին, ներգրաւելով իրենց օգտաշատ ծրագիրին այլ քեսապցի տիկիններ եւ օրիորդներ եւ 2018 թուին արդէն բաւական տարբեր տեսակի ձեռագործներ աշխատած էին:
Ամրան ընթացքին երբ Քեսապ այցելես, անպայման Քեսապի հրապարակին պիտի հանդիպիս ձեռագործներու խանութի մը: Չես կրնար անտարբեր մնալ այդքան նրբաճաշակ արուեստին դիմաց եւ պիտի ուզես այցելել:
«Մատիկներ»ու խումբը տակաւին շատ մեծ ծրագիրներ ունի իրագործելիք: Սակայն՝ ներկայիս թագաժահրը եւ երկրին տնտեսական վիճակը չ՚արտօներ որ անոնք իրենց բոլոր երազները իրականացնեն: Բայց հակառակ այս բոլորին տակաւին չեն յուսահատած եւ կ՛աշխատին: Անոնք լաւատես են եւ գիտեն որ օրերը դարձեալ պիտի փայլին եւ բոլոր անոնք որոնք ամրան ընթացքին Քեսապ կու գային իրենց արձակուրդը անցնելու դարձեալ պիտի այցելեն:
Ներկայիս օրերը փոխուած են եւ մարդիկ կրնան դիմատետրին վրայ դիտել «Մատիկներ»ու ձեռագործները:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց որոնք վառ կը պահեն իրենց ազգին աւանդութիւնները եւ մշակոյթը որպէսզի թէ՛ օգտակար կը դառնան իրենց ընտանիքներուն եւ թէ՛ ալ հայկական ձեռագործը շարունակուի սերունդէ-սերունդ:
Մարալ Մալաջալեան