Մեր Գիւղին Ամէնէն Տարեց Պապուկը

Մեր Գիւղին Ամէնէն Տարեց Պապուկը

Մեր գիւղի ամէնէն տարեցն է, Քեսապի ալ: Կայտառ եւ ուրախ:

Բարեւ պապիկ, ինչպէ՞ս է այսօր տրամադրութիւնդ:

Շատ լաւ:

Տրամադրութի՞ւնը, մի՛շտ բարձր է:

Պապի, պատմէ ինծի քու մասիդ:

Հա, հին ժամանակ բոլորս միասին կ՛ապրէինք:

Ի՜նչ լաւ, պապիկ: Պատմէ ինծի այդ օրերուն մասին, քու՛ մասիդ:

Ի՞նչ պատմեմ: Ապրեցանք կեասնքերնիս եւ հիմա հասանք վերջաւորութեան:

Պապուկը ըսաւ, «Ծնած եմ 1920ին, բայց ո՞ր ամիսը չեմ գիտեր: Ծնած էր երբ արտերը հասունցած էին, հունձքի ժամանակ: Իննիսունինը տարիներ առաջ…:

Երկար կեանք քեզի, պապիկ:

Պապիկը բարձրաձայն կը խնդայ: Հաւանաբար մաղթանքս անտեղի կը գտնէ:

Աւելի երկար կեանք քեզի աղջի՛կս

Վեց զաւակ, տասնեօթը թոռ, ութը ծոռ: Ահա երկար ապրելու իր հունձքը:

Ամէնէն աւելի ո՞ր զաւակդ, ո՞ր թոռդ, ո՞ր ծոռդ կը սիրես պապուկ:

Բոլո՛րը եւ նոյն չափով, աղջիկս, բոլորն ալ արժէքաւոր են ինծի համար: Զաւակներուն եւ թոռներուն միջեւ խտրութիւն դնելը լաւ չէ:

Պապիկը զինուորական ծառայութիւն ալ ըրած է: Ո՞ւր:

Պապիկ, ո՞ւր ըրած ես զինուորութիւնդ:

Հա, ուրախութիւն է մեծ ընտանիք ունենալը, աղջի՛կս:

Գիտեմ անցեալին այդպէս էր:

Գիտեմ, պապի՛կ, գիտե՛մ: Ըսածս այդ թէ: Զինուորութի՛ւն, զի՛նւո՛րութի՜ն:

Պապիկին յիշողութիւնը զօրաւոր է: Ամէն բան լաւ կը յիշէ: Երիտասարդ էր, տասնըութը տարեկան: Ինք զինուոր էր անգլիացիներուն մօտ: Այն ատեն այդպէս էր: Այս կողմերը անգլիացիներ կային:

Աղջի՛կս, անգլիացիները հայերուն համար կ՛ըսէին, «Խելացի ժողովուրդ են»: Մեզի թագաւորի  պէս հոգ կը տանէին:

Պապուկը բանակին հետ եղած է Լիպիա, Լիբանան, Կիպրոս, Հալէպ, Դամասկոս, Եգիպտոս: Գեղեցիկ տեղեր, բայց ոչ մէկը Քեսապի պէս էր:

Պապուկ, ինչպէ՞ս կ՛արդուկէին իրենց տափատները:

Լաւ մը կը թրջէին, յետոյ շտկռտելով, ձեւ տալով անկողնին տակ կը փռէին ու կը քնանային: Առտու երբ կ՛արթնային՝ տափատը արդուկուած կ՛ըլլար:

Անգլիացիներէն շատ բան սորված եմ, աղջի՛կս: Այդ երիտասարդ տարիքիս սորված եմ ժամանակը յարգել եւ ճիշդ ձեւով գործածել: Օրէնք սորված եմ, կարգ ու կանոն, ամէն բանի մէջ չափ ու սահման դնել:

Իսկ մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերէ՞ն:

Պապիկին ժպտուն դէմքը աւելի կը պայծառանայ:

Երբ փոքր էի, մեր գիւղին ծառը հսկայ էր, մագլցած եմ այդ ծառին վրայ, ճիւղէճիւղ անցած եմ թռչուններուն նման, չունենալով վախի զգացում:

Պապուկին խօսքը Էսքիւրանի հսկայ Սօսիի ծառին մասին էր: Ես ալ իմ տարեկիցներուս հետ շատ խաղցած եմ այդ ծառին շուքին տակ:

Պապիկ, ժամանակին չարութիւն ըրա՞ծ ես: Պատմէ ինծի քու պատանեկութենէդ դէպք մը:

Մեր գիւղը մարդ մը կար որ շատ կծծի էր: Օր մը, հաւաքուեցանք եւ որոշեցինք որ ինչ որ խաղող ունի պիտի ուտենք եւ իրեն մէկ հատիկ չձգենք: Այդպէս ալ ըրինք:

Վա՜յ:

Մենք եթէ հիմա այդպիսի բան մը ընենք ինչե՜ր կ՛ըսեն մեր մասին:

Պապի՛կ, ըսէ ինծի, ձե՞ր ժամանակը աւելի լաւ էր կամ մեր:

Ժամանա՜կ, ժամանա՜կ, հիմա կեանքը շատ դիւրիւն է աղջիկս, ամէն բան կայ: Մենք երբ ձեր տարիքն էինք ամէն բան չկար, գիտութիւնն ալ այսչափ չէր յառաջացած:

Իսկ, ո՞վ աւելի բախտաւոր է, մեր սերունդը կա՞մ ձեր:

Երբ երիտասարդ ենք, այ՛ն ատեն բախտաւոր ենք: Ժամանակը ինչպէս որ ըլլայ կարեւոր չէ:

Պապի՛կ, ինչպէ՞ս կրնանք քեզի պէս միշտ ուրախ ապրիլ, դժուար չէ՞:

Ուրա՞խ:

Այո՛:

Շատ դիւրիւն է աղջիկս:

Ինչպէ՞ս:

Մոռցիր բոլոր ցաւերդ, գոհունակ եղիր, ժպիտը դէմքէդ անպակաս ըրէ, ինչպէս որ ե՛ս կ՛ընեմ:

Շնորհակալ եմ պապի՛կ, ինծի տուած քու խորհուրդներուդ համար:

Ամուր կը գրկեմ պապիկը, անոր բարութեամբ ու ուրախութեամբ հարստացած կը մենկիմ քովէն:

 

Աստղիկ Դանիէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>