Թագաժահրը

Թագաժահրը

Անհամբեր եմ դպրոցները սկսելու: Արդէն իսկ դասագիրքերս ապահոված եմ նոր տարեշրջանի մը համար եւ վերամուտը կը սպասեմ: Բայց ամէն մարդ կ՛ըսէ որ նորէն շատցած է անպիտան «Քորոնան»: Չեմ ուզեր այսպէս անցնել օրերս առանց դպրոցի եւ դասընկերներուս:

Ուրբաթ՝ 28 Փետրուար, 2020ին երբ դպրոցէն վերադարձանք բնաւ մեր մտքէն չէր անցներ որ դպրոցական վերջին օրը պիտի ըլլար եւ Երկուշաբթի օր պիտի չկարենայինք  դպրոց վերադառնալ: Շուարած էինք այս անակնկալ արձակուրդէն, ի՞նչ կը նշանակէր դպրոց չերթալ եւ տունը մնալ: Չկրցանք դասընկերներով իրարու մնաք բարով ըսել, որովհետեւ մեր դպրոցի կարգ մը աշակերտները գիշերօթիկ բաժնի մէջ կը մնային եւ արդէն իսկ Պէյրութ, Զահլէ կամ Դամասկոս գացին: Մենք սովորութիւն ունէինք նոյնիսկ նոր տարուայ կամ զատկուայ կարճ արձակուրդներուն իրարու լաւ մաղթանքներ ըսել եւ այդպէս բաժնուիլ:

Բայց այս անգամ տարբեր էր: Այս անակնկալ «արձակուրդը» երկար տեւեց, հակառակ որ այս օրերուն հաղորդակցութեան միջոցները շատ աւելի դիւրիւն են: Շատ կարօտցած եմ դասընկերներուս եւ ուսուցիչներուս որոնց հետ շատ հաճելի ժամանակ կ՛անցընէինք:

Այս անբնական արձակուրդին ընթացքին կրցայ տեսաերիզ դիտել, աւելի երկար ժամանակ քնանալ, հեծանիւ քշել, ձեռագործ աշխատիլ եւ քիչ մըն ալ թաղի ընկերուհիներուս հետ ժամանակ անցնել: Անշուշտ մօրս ալ կ՛օգնեմ երբեմն: Յաճախ օրուան ընթացքին կը յիշեմ դասընկերուհիներս եւ դասընկերներս որոնք տարբեր տեղեր կը գտնուին: Ինչպէ՞ս կ՛անցնեն իրենց ժամանակը:

Մաղթանքս եւ աղօթքս է որ շուտով տեսնեմ բոլորին: Ունենանք ապահով եւ հաճելի նոր դպրոցական տարեշրջան մը հեռու փորձանքներէ եւ անապահով վիճակներէ: Ամէն մարդ իր բնական կեանքին վերադառնայ եւ մարդիկ ապրին ուրախ եւ երջանիկ:

 

​​​Արգինա Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>