Աշնանային Գիւղական Առօրեայէն

Աշնանային Գիւղական Առօրեայէն

Տնական պահածոներ պատրաստելու շրջան է: Ինչե՜ր պիտի պատրաստուին ձմրան ընդառաջ՝ մարան ու սառցարան լեցնելու համար: Օդը տխուր է: Օդը արեւոտ է: Տան հայրը բերած է սնտուկներով լոլիկ, որ ռուպի պիտի վերածուի: Լոլիկները հոսող ջուրի տակ կը լուացուին, ապա կը լեցուին տաշտին մէջ: ընտանիքի բոլոր անդամները մեղուներու պէս գործի վրայ են: Ոմանք կը ջարդեն, ոմանք կը քամեն: Հիւթը պատրաստ է եփելու համար:  Պղինձէ տաշտին տակ կրակը կը ճարճատի: Դրացիները, երբ եփուող լոլիկին հոտը առնեն կը հասնին օգնութեան: Կու գան չոր փայտ մը նետելեու կրակին մէջ: Թարմ ռուպին մասին իրենց կարծիքը տալու: Հիւթը կը սկսի ամրանալ: Կարմիր վարդերու պէս փըթփըթ կը բացուի: Հովը անո՜ւշ կը փչէ ու այդ զով օդին կրակին դէմ լոլիկի ջուրը խառնողին կարմիր ու տաք այտերուն վրայէն դեղի պէս կ՛անցնի:

Երիտասարդները պղինձէ տաշտը կրակին վրայէն վար կ՛առնեն: Տան մայրը եւ դուստրը բացօդեայ սեղան մը կը պատրաստեն իսկ՝ տղամարդիկ, խորոված: Սեղան կը բերուի օրուան առաջին պնակը: Պնակ մը լոլիկի ռուպ՝ ձէթով զարդարուած: Ամէն մարդ սեղան կը նստի: Եւ Վա՜յ, ինչպէ՞ս մոռցանք սեղան բերելու ամէնէն համով ուտելիքը՝ խորոված գետնախնձորները, որ բերնիդ մէջ կը հալի համովհոտով, լոլիկի ռուպին հետ:

Լոլիկի ռուպին պատրաստութիւնը արարողութիւն է, որ ամէն տարի կը կրկնուի: Շատեր անհամբեր կը սպասեն այս աւանդութեան:

Մեղեդի Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>