Չինար

Չինար

Չինար գիւղը կը գտնուի Գըրօմ լերան ստորոտը: Լեռնալանջերը ծածկուած են դափնիի անտառներով: Բարձր լանջին վրայ կը գտնուի հարս ու փեսայ կոչուած հսկայ ժայռը ուր առաւօտեան երբ արեւը դպնար, ժամացոյցի դեր կը կատարէր վարի գիւղերուն:

Չինարը տարագրութենէն առաջ ունեցած է երկու գլխաւոր թաղեր՝ աղբիւրին թաղը եւ Գաթապեաններուն թաղը:

Գիւղը նշանաւոր է իր աղբիւրով: Այս աղբիւրին շնորհիւ է որ Չինարի շրջանը ծածկուած է բանջարանոցներով եւ ջրարբի պարտէզներով: Պարտէզներուն մէջ կային նռնենի, նարինջենի, նոր աշխարհ, կեռասենի եւ այլ պտղատու ծառեր: Գիւղին բարձր տեղերը կը գտնուէր ծխախոտի արտեր, թթենիի եւ թզենիի ծառեր:

Մինչեւ հայրենադարձութիւն աղբիւրին դիմաց կը գործէր Քեսապի հնագոյն ջրաղացը որ կը պատկանէր Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ճուրեան գերդաստանին: Աւելի վարը կար նաեւ ուրիշ ջրաղաց մը որ կը պատկանէր մի քանի քեսապցի ընտանիքներու:

Չինար գիւղի բնակչութիւնը կը բաղկանայ Առաքելական, Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համայնքներէ: Գիւղը եկեղեցի չէ ունեցած:

1909ի տեղահանութեան, Չինարի ժողովուրդը իրենք ալ իրենց բաժինը կ՛ունենան երբ թշնամին կը կողոպտէ եւ կ՛այրէ տուները: Չինացիք կը փախչին Պասիթ Պաղճաղազի կողմէ:

1915ին Չինարի ժողովուրդին մեծ մասը կը զոհուի: 1920ին փոքր թիւ մը կը վերադառնայ գիւղ:

Աղբիւրին դիմաց կը գտնուի Չինարի նշանաւոր հսկայ Սօսին, որուն տակ կը գտնուի սրճարան մը որ կը գործէր միայն գարնան եւ աշնան: Այս սրճարանը նշանաւոր եղած է եւ տարիներով ընդունած է Լաթաքիոյ, Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններէ եկած հայ միութիւններու հաւաքը: Հոս նաեւ իրենց հաւաքները ունեցած են հայ ժողովուրդի առաջնորդներէն՝ Նիկոլ Աղբալեան, Սօսէ Մայրիկ, Համաստեղ եւ ուրիշներ:

Ինչպէս այլ քեսապցիներ հայրենադարձութեան ժամանակ չինարցիներ իրենք ալ մաս կազմած են հայրենիք մեկնող խումբին:

Չինարի մէջ գործած են երկու դպրոցներ: Առաջինը, Ազգային վարժարան, հիմնուած է 1910 թուին եւ գործած մինչեւ 1915: Տարագրութենէն վերջ գործած է 1923 – 1943 տարիներուն: Ունեցած է Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի բաժիններ: Քեսապի Սահակեան դպրոցին մէկ մասնաճիւղը եղած է: Երրորդ դասարանէն վերջ աշակերտները քալելով կ՚երթային Քեսապի դպրոցները:

Երկրորդ դպրոցը, Լատինաց վարժարանն էր որ հիմնուեցաւ 1904 թուին: 1909ի դէպքերուն դպրոցը կը հրկիզուի: 1912ին, աղբիւրին քով կը շինուի նոր շէնք մը որ կը գործէ մինչեւ 1915:

Գաղթականութենէն վերադարձին, 1921 թուին դպրոցը վերաբացուած է եւ եղած է Քեսապի կաթողիկէ դպրոցին մէկ մասնաճիւղը: 1947ին դպրոցը փակուած է:

Չինարի կարգ մը գերդաստաններէն են, Գաթապեանները, Ճուրեանները, Հարֆուշեանները, Քորթմոսեանները:

Չինարի ժողովուրդէն կարգ մը ընտանիքներ կը գտնուին Լաթաքիա, Դամասկոս, Պէյրութ, Ամերիկա եւ Գանատա: Սակայն՝ անոնք յաճախ կ՚այցելեն իրենց պապենական գիւղը, հարազատները եւ բարեկամները ու կը վայելեն գեղեցիկ բնութիիւնը եւ համեղ պտուղները:

Սեւան Ճ. Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>