Վերապատուելի Դոկտոր Վահան Թութիկեան

Վերապատուելի Դոկտոր Վահան Թութիկեան

Վերապատուելի Դոկտոր Վահան Թութիկեան

Վերապատուելի Դոկտոր Վահան Թութիկեան ծնած է Քեսապի Էքիզօլիուք գիւղին մէջ, 22 Յունիս, 1935ին:  Անդրանիկ զաւակն է Յակոբ եւ Եփրաքսի Թութիկեաններուն: Ունի երեք եղբայրներ, Աւետիս, Հայկ, Բաբգէն, որոնցմէ Աւետիսը անցեալ տարի մահացաւ:

Վեր. Թութիկեան, նախակրթարանի իր ուսումը ստացած է Էքիզօլուքի Հայ Աւետարանական դպրոցին մէջ  եւ մէկ տարի ալ Քեսապի Նահատակաց վարժարանէն ներս:  Ապա, յաճախած է Էշրէֆիէիի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, Լիբանան: Վերապատուելին, իր երկրոդական ուսման վերջին տարին ուսանած է Հալէպի Ալեփօ Գոլէճը ուրկէ շրջանաւարտ եղած է:

Յաճախած է  Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանը, Հարթֆըրտ, Հարվըրտ եւ Էնտովըր Նիւթըն Աստուածաբանական համալսարանները՝ արժանանալով Դոկտորայի տիտղոսներուն՝ բարձր յիշատակութեամբ:

Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան Գործադիր Տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին 2003 թուակնէն ի վեր: Ան նաեւ Պատուակալ Հովիւն է Մեծագոյն Տիթրոյիթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին:

Անոր հովուական ծառայութիւնը սկսած է 1959ին: Պաշտօնավարած է Դամասկոսի, Գահիրէի, Ուաթըրթաունի եւ Տիթրոյիթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն:

Հովուական ծառայութեան կողքին պաշտօնավարած է որպէս համալսարանի դասախօս աւելի քան 30 տարիներ Լօրէնս Արուեստագիտութեան եւ Միշիկընի համալսարաններուն մէջ:

Վարած է նաեւ կարեւոր պաշտօններ Հայ Աւետարանական համայնքէն ներս, որպէս Նախագահ Հիւսիսային Ամերիկային Հայ Աւետարանական Միութեան, Հայ Աւետարանական Համաշխարահյին Խորհուրդի մէջ որպէս Ատենադպիր, Փոխ նախագահ եւ Գործադիր Տնօրէն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան երկարամեայ հոգաբարձու:

Հեղինակն է 43 գիրքերու: 44րդ գիրքը ներկայիս տպագրութեան տակ է եւ կ՛աշխատի 45րդ գիրքին վրայ: Հակառակ յառաջացած տարիքին Վերապատուելին եռանդուն է, գործունեայ եւ լաւ առաջնորդ մըն է:

Ամուսնացած է Ռօզէթ Փամպակեանի հետ: Ունին երեք աղջիկներ, վեց թոռներ եւ մէկ ծոռ:

Ներկայիս կ՚ապրի Տիթրոյիթ:

​​​​​​​​​Սեւան Ճ. Աբէլեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուած մը որ առնուած է  «Վաթսուն Տարիներ Տիրոջ Այգիին Մէջ գիրքէն»:

Ինչո՞ւ Հպարտ Զգալու Ենք Որպէս Հայ

​​​​​​​​Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան

Բնութեան ճոխութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը կայանայ բուսական եւ կենդանական անհամար պէսպիսութեան ներդաշնակութեան մէջ: Եթէ փորձենք ոչնչացնել այդ զանազանութիւնը վթար հասցուցած կ՛ըլլանք բնութեան գեղեցկութեան:

Ինչպէս բուսական եւ կենդանական աշխարհի մէջ, նոյնպէս նաեւ մարդկային ընկերութեան մէջ ինքնութեան պահպանումը աստուածային կարգադրութիւն մըն է: Պէտք է հաւատանք թէ իբրեւ ազգ մեր ինքնութեան պահպանումն ալ այսպիսի առանձնաշնորհում մըն է: Զայն կորսնցնելը նախախնամութեան դէմ աններելի յանցանք մըն է: Մենք հայ ծնած ենք Աստուծոյ նախախնամական ծրագիրին համաձայն եւ թոյլ տալու չենք որ ոչ ոք խլէ մեզմէ այդ թանկագին ժառանգութիւնը:

Արդ, մեր ինքնութեան պահպանումը ոչ այլամերժումի եւ ոչ ալ նեղմտութեան հարց է, այլ ուրիշ ազգերու եւ մշակոյթներու հետ՝ համակերպութեամբ ապրելով՝ ճոխացնելու մարդկային ընտանիքի զանազան երեսները:

Որպէս հայ մենք ամէն պատճառ ունինք հպարտ զգալու: Մենք կատարեալ ըլլալու հաւականութիւն չունինք, որովհետեւ իրազեկ ենք, թէ ամէն մարդոց նման, ունինք մեր յանցանքները, թերութիւններն ու տկարութիւնները: Սակայն ունինք նաեւ մեր բարեմասնութիւնները, մեր իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր արժանիքները, որոնց համար կրնանք հպարտ զգալ:

Հպարտ կրնանք զգալ, որ կը պատկանինք ազգի մը, որ իր ապրելու եւ գոյատեւելու կրանիթեայ կամքով՝ ճակատ տուած է պատմութեան բոլոր ամպրոպներուն եւ ցոյց տուած իր ապրելու եւ ստեղծելու վճռակամութիւնը:

Մենք որպէս հայ հպարտ զգալու ենք, որովհետեւ կը պատկանինք ազգի մը, որ իր խիզախ մահով հեգներ է իր ճակատագիրը: Մովսէս մարգարէի Քորեբ լերան վրայ տեսած վառող բայց չմարող, չսպառող մորենիի պէս ազգի մը զաւակներն ենք: Ի՜նչ փոյթ, որ հսկայ ծառերու պէս հզօր ազգերու հետ բաղդատած՝ փոքր թուփի մը պէս մնացեր բայց գոյատեւեր ենք: Յաճախ այրած ենք, բայց չենք մոխրացած եւ սպառած: Այո՛, չենք անէացած, որովհետեւ մեր գոյատեւման գաղտնիքը մեր Աստուածատուր հոգիին մէջ է: Հաւատքով եւ յոյսով ամրացած, ցաւով ու տառապանքով յղկուած, աղօթքով եւ գործով գեղեցկացած՝ հայ քրիստոնէական հոգիին մէջ:

Մենք ստեղծագործ եւ շինարար ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, ինչ փոյթ որ յաճախ բիրտ ձեռքեր փլցուցեր են մեր շինած բոյները: Ծիծեռնակին պէս, մենք ալ վերաշիներ ենք զանոնք: Բայց աւելին, մեր տուներու կողքին՝ շիներ ենք նաեւ դպրոց, կառուցեր ենք տաճար, կանգներ ենք մատենադարան եւ հիւրանոց: Երբ ստիպուեր ենք լքել տուն տեղ՝ մեր ետին միշտ թողուցեր ենք հոյակապ յիշատակարաններ:

Որպէս հայ հպարտ զգալու ենք մեր փառաւոր մշակոյթով, մեր ոսկեղնիկ լեզուով, մեր սքանչելի գրականութեամբ, մեր փառաշուք ճարտարապետութեամբ, մեր դիւթական երաժշտութեամբ եւ մեր զմայլելի մանրանկարչութեամբ:

Մենք հպարտ զգալու ենք մեր վերանկախացած հարենիքով: Հայաստանը մեր հայրենի հողն է, այն հողը, որ մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն ու տեսիլքներուն գումարը կը խտացնէ:

Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այն պատառ մը հողը, որ հայութեան «Սնուցիչ Մայրն է»:

Այո, Հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է Հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան:

Վերաշինուող Հայաստանը բոլոր հայոց լուսաւոր եւ անխորտակելի խարիսխն է, հզօր վկայութիւնը մեր ցեղային հանճարի յաւերժական տոկունութեան եւ ապահով գրաւականը մեր գալիքին:

Հպարտ զգալու ենք որ շինարար ազգի մը զաւակներն ենք: Այս աշխարհի որ անկիւնը որ նետուած ենք, միշտ շենցուցած ենք մեր շրջապատը:

Մենք ժառանգորդներ ենք թանկագին ժառանգութեան մը, որ մեզի հասած է արեան գնով եւ արեան ճամբով: Երբ զայն պահենք, ճոխացնենք եւ փոխանցենք յետնորդ սերունդներուն՝ ալ աւելի պատճառ պիտի ունենանք հպարտ զգալու որպէս հայ:

Սեւան Ճ. Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>