Պաշօրտ

Պաշօրտ

Շատերու համար Պաշօրտ գիւղին անունը անծանօթ է որովհետեւ ներկայիս հոն

քեսապիցներ չեն ապրիր: Պատճառը այն է որ երբ 1939 թուին գիւղի սահմանագծումը տեղի ունեցաւ, շատ մը պաշօրտցիք կորսնցուցին իրենց հողերը, որուն հետեւանքով գիւղացիները որոնք խաշնարած էին ստիպուեցան իրենց այծերը ծախել որովհետեւ այդ նեղ սահմաններուն մէջ կարելի չէր այդ գործը շարունակել:

Պաշօրտ գիւղը կը գտնուի Գարատաշէն դէպի արեւմուտք շուրջ 5 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ։

Պաշօրտը կապուած եղած է Գարատուրանին, կարճ լեռնային ճամբաներով որ կը հասնէր մինչեւ Գիւղին վերի թաղերը:

Պաշօրտի հողը բարեբեր է: Այդ պատճառով կարգ մը քեսապցի, քօրքիւնէցի եւ գարատուրանցի ընտանիքներ այդտեղ կալուածներ ունէին:

Գիւղը նշանաւոր եղած է իր ընկուզենիի ծառերով: Ինչպէս նաեւ Պաշօրտի թուզը եւ խաղողը շատ համեղ ու քաղցր էին:

Պաշօրտցի կարգ մը անահտներ զբաղած են ածխագործութեամբ, քարտաշութեամբ եւ դափնեձէթի գործերով:

Պաշօրտի մէջ չէ եղած մշտահոս աղբիւր մը: Այդ պատճառով գիւղացիները ըմպելի ջուրի նեղութիւն ունեցած են: Անոնք իրենց ջուրը կը կրէին ջրհորէ մը որ կը գտնուէր գիւղէն դուրս, Գարատուրանի ճամբուն վրայ: Իսկ երկրորդ ջուրի կեդրոնը Թունէլ կոչուած շրջանն էր որ կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւելքը ձորակի մը մէջ: Այս երկուքէն զատ իւրաքանչիւր գիւղացի ունէր իր ջրամբարը ուր ձմեռուայ հոսող ջուրը կ՛ամբարէին: Այս ջուրը տնային գործերու համար կը գործածուէր:

1909ի կոտորածներուն՝ Քեսապէն խումբ մը փախստականներ կ՛ապաստանին Պաշօրտ, ապա գիւղացիներուն հետ կ՛իջնեն դէպի ծովեզերք: Ինչ իր պատճառ կը դառնայ գիւղի կողոպուտին:

1915ին, Պաշօրտցիները կը բռնեն գաղթի ճամբան այս անգամ կը հասնին մինչեւ Համա եւ Յորդանան եւ անոնցմէ շատերը կը ջարդուին: 1920ին անոնք որոնք կրցած էին փրկուիլ, դարձեալ կը վերադառնան հայրենի գիւղ Գարատուրանցիներուն հետ:

1947ին, ներգաղթի ժամանակ պաշօրտցիք ամբողջութեամբ կը մեկնին հայրենիք:

Գիւղի տուները կը գտնուին կիսակործան վիճակի մէջ: Ներկայիս միայն համարձակ որոսորդները երբեմն այդ կողմերը կ՛երթան խոզի եւ կաքաւի որսորդութեան համար: Գարատուրանի լեռնային բոլոր ճամաբները կորսուած են թուփերու մէջ:

Իսկ Պաշօրտի արեւելեան կողմէ նախկին դաշտերուն տեղ կան խնձորենիի եւ այլ պտղատու ծառեր ու որթատունկեր, որոնք կը պատկանին քեսապցիներու, գարատաշցիներու եւ գարատուրանցիներու: Ոմանք ունէին ջրամբարներ եւ ամառնային տունէր: 1970 թուին գիւղացիները իրենց անձնական միջոցներով «թրաքթորի» ճամբայ բացին որպէսզի դիւրացնեն իրենց աշխատանքը:

Պաշօրտի բոլոր բնակիչները կը պատկանէին Առաքելական համայնքին եւ կապուած էին Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Անոնք ամսուայ վերջին Կիրակին կ՛երթային Գարատուրանի, Ծովու թաղի Ս. Ստեփանոս մատուռը ուր պատարագ տեղի կ՛ունենար:

Պաշօրտի փոքրիկները կը յաճախէին Գարատուրանի Մեսրոպեան, Նուպարեան եւ Քեսապի Սահակեան վարժարանները, որոնցմէ ոմանք կը մնային իրենց հարազատներուն հոգատարութեան տակ եւ ոմանք ալ տուն կը վարձէին:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գարատուրանի մասնաճիւղը տեսնելով պաշօրտցիներուն նեղութիւնները 1935ին, Պաշօրտի մէջ կը հիմնեն դպրոց մը նախակրթարանի բաժին եւ կը կոչեն Մեսորպեան Նպատսընկալ վարժարանի մասնաճիւղ: Դպրոցը կը բաղկանար մէկ սենեակէ գիւղակին մօտ: Դպրոցը կը գործէ մինչեւ հայրենադարձութիւն :

Պաշօրտի բնակիչները բաղկացած էին հիմնականօրէն Չէրչիկեան եւ Մովսէսեան գերդաստաններէն:

Սեւան Ճ. Աբէլեան

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>