
Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեան
Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեան
Ծնած է Քեսապ 1955 թուին: Զաւակն է Յովհաննէս եւ Աննա Թիթիզեանին: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Վարժարանը, Քեսապ: Ապա շարունակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս:
1972 թուին կ՚ընդունուի Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը եւ կ՚աւարտէ 1975ին:
Կ՚աշխատի «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրութեան մէջ իբրեւ քարտուղար: Միեւնոյն ժամանակ Վազգէն Ա. Հայրապետին քով իբրեւ անձնական քարտուղար եւ հիւրընկալ:
1976ին կը ձեռնադրուի Կուսակրօն քահանայ:
1977ին կը մեկնի Գերմանիա իբրեւ ուսանող եւ հոգեւոր հովիւ:
Վազգէն Ա. Հայոց կաթողիկոսին կարգադրութեամբ 1984ին կը մեկնի Ուրուկուէյ:
Ութը տարի կը վարէ տեղւոյն Ներսէսեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իսկ քսանհինգ տարիներ Հ.Բ.Ը.Մ. Միութեան Նուպարեան եւ Ալեք Մանուկեան դպրոցներու խնամակալ մարմնի իբրեւ պատուոյ ատենապետ:
1990ին, Էջմիածնի մէջ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Վհեաբառին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս, ապա կը ստանայ Արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս:
1989ին, պարգեւատրուած է Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ 1000-ամեակի շքանշանով, ապա՝ Հայաստանի հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի յուշամետալով: 2014ին, պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալով, իսկ՝ 2015ին Երեւանի Պետական համալսարանի յուշամետալով:
Սրբազան հայրը հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը.-
1.La Iglesia Armenia de Fe Y Patriotismo 1988:
2.Մարթին Լուտեր 1994, Բ. Հրատարակութիւն 2013:
3.Մեկնութիւն Արարածոց 1995, Բ. Հրատարակութիւն 2017:
4.Կոհլէթ կամ Գիրք Ժողովողի 2000 եւ Բ. Հրատարակութիւն 2017:
5.Հաւատի եւ Բանականութեան հետքերով 2014:
6.Ծիրանի ծառ 2005:
Սրբազան հայրը ունի բազմաթիւ յօդուածներ եւ պատմուածքներ՝ տպուած հայկական զանազան պարբերաթերթերու մէջ, «Էջմիածին», «Հասկ», «Սիոն», «Բագին» եւ «Առագաստ» ամսագիրներուն մէջ:
Մինչեւ օրս կը ծառայէ Ուրուկուէյի Հայոց թեմին իբրեւ առաջնորդ:
Սեւան Ճ. Աբէլեան