
Գաբրիէլ Մանուէլ Գալէնտէրեան
Գաբրիէլ Մանուէլ Գալէնտէրեան
Ծնած է 1912 Թուին Գարատուրան, Քեսապ: Զաւակն էր Մանուէլ եւ Ծաղիկ Գալէնտէրեաններուն: Եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը՝ վեց մանչ եւ երկու աղջիկ:
Հազիւ երեք տարեկան, փոքրիկ Գաբրիէլն ալ ճաշակած է Մեծ եղեռնի դառն օրերը, եւ այդ պատճառով ատելութեամբ լեցուած էր թուրքին հանդէպ:
Բարեբախտաբար կրցած է վերապրիլ, փրկուիլ ջարդէն եւ վերադառնալ Քեսապ իր ընտանիքին անդամներուն հետ:
Գաբրիէլ եղած է ուսումնատենչ անձ մը: Նախնական ուսումը ստացած է Լաթաքիոյ «Պուգա» վարժարանէն ներս: Ապա շարունակած է «ֆրէր»ներուն դպրոցը Լիբանան:
Ան՝ իր կեանքը նուիրած է դաստիարակելու եւ ուսում ջամբելու հայ նորահաս սերունդին: Գաբրէիլ 39 երկար տարիներ կը զբաղի ուսուցչութեամբ: Ան՝ առտուները Գարատուրանէն քալելով Քեսապ կ՚երթար որպէսզի այնտեղի Լատինաց դպրոցէն ներս ուսուցանէր: Իսկ կեսօրէ վերջերը կը վերադառնար, Գարատուրան որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մեսրոպեան դպրոցէն ներս պաշտօնավարէր որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն: Եղած է հայրենասէր եւ ծառայասէր անձ մը:
Գաբրիէլ սիրուած էր բոլորին կողմէ: Չէր սիրեր կեղծաւորութիւնը եւ նենգութիւնը:
Գաբրիէլ կը հաւատար որ ազգ մը իր հայրենիքէն ներս աւելի զօրաւոր կ՚ըլլայ: Այդ պատճառով ներգաղթի օրերուն մաս կը կազմէ կոմիտէութեան: Առաջին Քեսապցին էր որ նաւով, 1967 թուին մեկնած էր Ուքրանիա եւ անկէ ալ օդանաւով՝ հայրենիք ու վերադարձած մեծ ուրախութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ:
Գաբրիէլ եղած է մշակութասէր անձ մը: Բեմադրած է թատերգութիւններ որոնցմէ կարելի է յիշել. «Կեղծիքի իշխանուհին», «Զէյթունի ապստամբութիւնը» եւ «Որդեսպան մայրը»:
22 Յուլիս, 1974ին, Վարդավառի տօնին, գիւղին ջուր ապահովելու համար կ՚աշխատէր իր ընկերներուն հետ: Թաղեցիներէն մի քանի անձեր իջած էին ջրհորը մաքրելու եւ չէին կրցած դուրս ելլել: Գաբրիէլ ինքն ալ կ՛իջնէ ջրհոր որպէսզի օգնէ իր ընկերներուն, սակայն ինքն ալ անոնց նման նոյն ճակատագրին կ՛արժանանայ:
Գաբրիէլի անդրանիկ որդին 11 տարեկանին կը ղրկուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը ուսանելու, սակայն երեք տարիներ վերջ ծովագնացութեան ընթացքին խեղդամահ կ՚ըլլայ: Անոր յիշատակին վարժարանի տնօրէնութիւնը չորս աշակերտներ ընդունած է որպէս սաներ, որոնցմէ մէկը եղած է հանգուցեալին երկրորդ եղբայրը:
Գաբրիէլ Գալէնտէրեան եղած է Քեսապի սիւներէն մէկը: Ան, բաժնուեցաւ այս աշխարհէն ճիշդ երբ Քեսապը իրեն պէտք ունէր:
Եղած է հիւրասէր: Իր տանը դուռը միշտ բաց էր հայրենակիցին, հարազատին եւ օտարին: Եղած է սիրելի ուսուցիչ մը: Իրեն ճանչցող հայրերը զինք կը կանչէին «խոճա» իսկ արաբները «ըսթէզ»: Ան՝ շահած է բոլորին վստահութիւնը:
Գաբրիէլի հայրը չէր կրցած իր տղուն անունովը կանչել որովհետեւ իր եղբօրը անունը կը կրէր, որ մոռթուած էր ջարդի ժամանակ: Այդ պատճառով իր տղուն կը կանչէր «Աղբիր»: Ինչ որ յետագային մարդիկ զինք ճանչցան որպէս «Աղբիր Խոճա»:
Գաբրիէլ իր կեանքին ընթացքին բնաւ չէր փափաքած ձգել հայրենի գիւղը: Սակայն՝ միշտ ըսած է. «Եթէ պիտի ձգեմ Քեսապը, անպայման կ՚երթամ հայրենիք եւ հոն կը հաստատուիմ»: Ան միշտ իր լաւագոյնը ըրած է Գարատուրանի համար ուր կեանքի պայմանները շատ աւելի դժուար էին որպէսզի մարդիկ կարենային աւելի լաւ կեանք մը ունենալ:
1939ին կ՛ամուսնանայ Եւա Յարութիւնեանի հետ եւ կ՚ունենան երեք մանչ եւ երկու աղջիկ:
Գաբրիէլ Գալէնտէրեանի յիշատակը պահուած է բոլոր զինք ճանչցողներուն սրտերուն մէջ, մանաւանդ Գարատուրանի ժողովուրդին մօտ:
Գաբրիէլի եւ իր հետ մահացած ընկերներուն յիշատակին՝ Գարատուրանի մէջ շինուեցաւ մատուռ մը, որ քեսապերէնով կը կոչուի «Կիղիցիկ», ուր ամէն տարի Վարդավառի տօնին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին պատարագ կը մատուցանէ եւ հոգեհանգիստ տեղի կ՛ունենայ:
Յիշատակը անթառամ մնայ Գաբրիէլին եւ անոր ընկերներուն, եւ իրեն նման՝ մեր օրինակելի համագիւղացիներէն սորվինք ըլլալ ծառայասէր ու հայրենասէր:
Սեւան Ճ. Աբէլեան