Էսքիւրան – Ներքի Գեղ

Էսքիւրան – Ներքի Գեղ

Էսքիւրան Կամ Ներքի Գեղ

Եւ Աստուածածնայ Տօնը

Էսքիւրանը կամ Ներքի Գեղը եղած է Քեսապի նախահայրերուն առաջին հանգրուանը, երբ տակաւին տեղացիք չէին գիտեր բուն Քեսապի եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մասին:

Էսքիւրան կը գտնուի Քեսապի հարաւ-արեւելեան կողմը, «Թիթէ» կոչուած սարահարթին ստորոտը: Նախապէս այս գիւղը ունեցած է երկու թաղեր, մէկը ճիշդ Տաթայի ստորոտը, իսկ միւսը քիչ մը վար աղբիւրին մօտ:

Հակառակ որ Էսքիւրանը ցած է իր դիրքով, սակայն այնտեղէն կ՝երեւին Քեսապը, Գալան, Սեւ աղբիւրը, Խայըթը, Տիւզաղաճը եւ Քօրքիւնէն: Խայըթը նկատուած է ներքի Գեղին մէկ թաղը:

Ըստ կարգ մը զրոյցներու Խայիթը եղած է Ներքի Գեղին նախկին բնակիչներուն կալուածը: Անոնք Քեսապ հաստատուելէ վերջ ալ կը պահեն իրենց կալուածները:

Էսքիւրանը կը նկատուի շրջանի առաջին հայ գիւղը: Կ՚ըսուի թէ անոր բնակիչները եկած են Արամօ, Արֆալի, Հաճըն, Զէյթուն կամ Անտիոքի կողմերէն:

Աւանդութիւնը կ՚ըսէ որ ժամանակին հովիւ մը իր ոչխարները արածած պահուն դէպի վեր կ՚ելլէ եւ կը տեսնէ անտառային ու անմարդաբնակ շրջան մը որ ներկայի Քեսապն է եւ ոմանք ձգելով Էսքիւրանը կ՚երթան եւ կը հաստատուին Քեսապ:

Գիւղը անապահով եղած է որովհետեւ մօտ է Օրտուի, որ թրքական գիւղ մըն է եւ բնակիչները յաճախ յարձակած են Էսքիւրանի վրայ ու նեղութիւն տուած են տեղացիներուն: Սակայն՝ 1830ին երբ Սուրիան կ՚ազատագրուի Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշային զօրքերուն կողմէ, քրիստոնեաները աւելի ապահով պայմաններ կ՚ունենան: Այդ ժամանակ Էսքիւրանը կրկին կամաց-կամաց բնակավայրի կը վերածուի: Կարգ մը Էսքիւրանցիներ որոնք Քեսապ հաստատուած էին կը վերադառան իրենց պապենական գիւղը:

Էսքիւրանի գեդաստաներէն յիշենք, Սողոմոնեան, Յովսէփեան, Գարաեագուպեան, Մելքոնեան, Նազարեան, Շեխուկեան, Պիւճիքեան, Աթիկեան, Բէնդէզեան եւ Քիլաղապեան:

Այս գիւղացիներն ալ իրենց բաժինը կ՛ունենան 1909ին եւ 1915ին երբ պարտադրաբար կը բռնեն գաղթի ճամբան: Իսկ՝ 1947ին շատ մը ընտանիքներ Էսքիւրանէն եւ Խայիթէն իրենք ալ մաս կը կազմեն ներգաղթի կարաւանին:

Ներքի գիւղի մէջ կը գտնուի նշանաւոր աղբիւր մը որուն ջուրը կու գայ ծածկուած աղբիւրէն վերի թաղի բարձրունքի ստորոտէն:

Աղբիւրին դիմաց կը գտնուի շրջանի ամենէն վիթխարի Սօսիի ծառը: Կ՚ըսուի թէ ցանուած է 1880-ական թուականներուն: Անոր տակը կը գտնուի նախկին դպրոցը, գիւղի սանտն ու ձիթահանքը:

1910 թուին Էսքիւրանի մէջ կը բացուի Միքայէլ Նաթանեանի ջանքերով Ազգային վարժարանը, որ մէկ ճիւղն էր Քեսապի Սահակեան վարժարանին եւ ճիշդ կը գտնուի աղբիւրին մօտ հսկայ Սօսիի ծառին տակ: Դպրոցը ունեցած է միայն նախակրթարանի առաջին երկու կարգերը: Մեծերը յաճախած են Քեսապ:

Ցեղասպանութենէն վերջ գործած է Ազգային Միութեան Միացեալ վարժարանը. մի քանի տարիներ ապա 1930ական թուականներուն Հ.Բ.Ը.Մ.ի նպաստընկեալ վարժարանը:

Աղբիւրին հրապարակին կից կը գտնուի Սրբատեղին՝ Կղըցիկը, որ եղած է գիւղին հին մատուռը որուն հիմքերը տակաւին կ՚երեւին:

1939ին՝ երբ Պարլումը կը մնայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ուր քեսապցի ժողովուրդը ուխտագնացութեան կ՚երթար, Քեսապի Առաքելական եկեղեցին կ՚որոշէ որ համաժողովրդական ուխտագնացութեան օր ընել Ս. Աստուածածնայ վերափոխման Երկուշաբթին ու ուխտագնացութեան վայր կը նշանակէ Ներքի Գեղի Կղըցիկը:

Ուխտագնացութիւնը կը սկսի Կիրակի երեկոյեան, երբ մատաղները կ՚օրհնուին ու կը մորթուին Կղըցիկի քարերուն վրայ եւ աւանդկան հերիսային պատրաստութիւնը կը սկսի: Հազարաւոր ուխտաւորներ, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէ եւ այլ երկիրներէ կու գան Էսքիւրան ներկայ գտնուելու տօնախմբութեան, ուր զուռնան եւ թմբուկը մինչեւ առաւօտ կը ճոխացնեն մթնոլորտը: Երկուշաբթի առաւօտեան տեղի կ՚ունենայ պատարագ եւ Սրբազանը կ՛օրհէ հերիսան ու կը բաժնուի ներկաներուն:

1959ին կառուցուեցաւ Ս. Աստուածածին մատուռը եւ ներկայիս պատարագը հոն տեղի կ՛ունենայ:

Իսկ՝ Երկուշաբթի գիշեր Գարատուրանի մէջ դարձեալ կը պատրաստուի հերիսա եւ Երեքշաբթի առաւօտեան կը բաժնուի ներկաներուն պատարագէն վերջ:

Հակառակ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն երբ ուխտաւորները դժուարութիւն ունէին Ս. Աստուածածնայ տօնին Քեսապ երթալու, քեսապցիները իրենց աւանդութիւնը պահեցին եւ շարունակեցին հերիսա եփել: Այս տարուայ համաճարակը պատճառ դարձաւ որ հերիսա եփելու ծրագիրը փոխուի: Սակայն՝ խաղողօրհնէքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի առաւօտեան պատարագի ժամանակ եկեղեցիներէն ներս դռնփակ:

Մաղթանքս է որ 2021 տարին ըլլայ աւելի լաւ ու բարեբեր տարի մը եւ ամէն ուխտաւոր կարենայ դարձեալ երթալ Քեսապ իր ուխտը կատարելու, ներկայ գտնուելու թէ Խաղողօրհնէքի արարողութեան թէ ալ մասնակցելու Էսքիւրանի Աստուածածնայ աւանդական տօնախմբութեան:

Սեւան Ճ. Աբէլեան

Ծանօթ.-Արամօ եւ Արֆալի ծագումով հայկական գիւղեր են որոնք ներկայիս արաբացած են սակայն իրենք զիրենք հայ կը զգան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>