
Քեսապի Շուկան – Օնպաշի
Ստեփան Փանոսեան ճանչցուած է «Օնպաշի» ծածկանունով: Ծնած է Քեսապի Սեւ Աղբիւր գիւղը, 7 Ապրիլ, 1923ին: Անդրանիկ զաւակն էր Յակոբ եւ Նուրիցա Փանոսեաններուն: 1940ին հաստատուած է Պէյրութ եւ հիմնած, իր անձնական գործը: Սակայն՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ կը դառնայ որ Ստեփան իր ընտանիքին հետ 1976 թուին գաղթէ Գանատա եւ հաստատուի Քէյմպրիճի մէջ:
Ստեփան անկեղծօրէն մասնակցած է հայ դատի եւ հայակերտման գործին մէջ մինչեւ խոր ծերութիւն, Քեսապէն-Պէյրութ, Գանատայէն-Հայաստան: 1991-1994 տարիներուն երկար ժամանակով մնացած է Հայաստան եւ Արցախ, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ հայրենակերտումին: Հակառակ որ հեռու ապրած է Քեսապէն, սակայն միշտ իր լաւագոյնը ըրած է իր հայրենի գիւղին: Մեծ ներդրում ունեցած է Քէյմպրիճի հայ գաղութին կազմութեան մէջ:
Իր գրութիւնները լոյս տեսած են, «Ազդակ», «Հայրենիք» եւ «Հորիզոն» թերթերուն մէջ: Հրատարակած է եօթը հատորներ:
Ամուսնացած է Սօնա Պէտիրեանին հետ եւ ունեցած են չորս զաւակներ, Արփի, Ասպետ, Ռաֆֆի եւ Ռազմիկ:
Կը մահանայ Գանատա 2012 թուին:
Սիրելի Ընթերցող,
Ստորեւ կը ներկայացնենք Օնպաշիին «Քեսապի Շուկան» գիրքը, մի քանի մասերով, ուր հեղինակը անկեղծօրէն կը նկարագրէ հին շուկան երբ մարդիկ աւելի անկեղծ եւ հաւատարիմ էին իրարու:
Բարի ընթերցում:
Քեսապի Շուկան
(Անուններու հնչիւնները եղած են Քեսապի բարբառով)
Ստեփան Փանոսեան (Օնպաշին)
Մոռացումէ փրկելու համար վերոյիշեալ վերնագրին տակ յիշողութեան համազօր փորձած եմ նկարագրել 1930 – 40, մինչեւ քեսապցիներու Հայաստան ներգաղթը Քեսապի այն օրերու շուկային գործունէութիւնը, որուն ընդմէջէն կ՚անցնէր քեսապցին իր շուկայի դերակատարներով, այլազան իւրայատկութիւններով եւ կենցաղով: Այս ժամանակաշրջանին էր, որ նաեւ համայն աշխարհը կ՚անցնէր երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքէն, որուն միայն ականջալուր հետեւողն էր խաղաղ պայմաններու տակ ապրող քեսապցին: Նոյն ժամանակահատուածին էր որ Սուրիական հայրենիքը իր վրայէն թօթափեց Ֆրանսական իշխանութեան լուծը, սակայն մեծ ուժերու դասաւորումով Սանճագի մարզը կցուեցաւ Թուրքիոյ: Արդարեւ, այս ժամանակահատուածն է որ ուզած եմ մոռացումէ փրկել: Արդեօ՞ք տեղին է կամ անտեղին այս կատարած աշխատանքս, ընթերցողին կը յանձնեմ անոր գնահատանքը կամ թերագնահատանքը կատարելը:
Սկսելով շուկայի արեւելեան ծայրամասէն՝ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկիւնէն ձախ շարքէն՝ առաջինը Սամարճի Սմբատը եւ Նալպանտ Աւետիսն էին, որոնք քեսապցի չէին ու քեսապցիները զանոնք կ՚անուանէին «Եապանճա»: Հոս տեղին է անդրադառնալ քեսապցիներու եւ ոչ քեսապցիներու հանդէպ գործած այս «եապանճա» զատորոշիչ մակդիրին: Հետեւաբար, քեսապցին իր այս անմեղունակ «եապանճա»յով պարզապէս կ՚ուզէր ճշդել թէ ենթական քեսապցի չէ: Բայց ենթակաները մինչեւ ընտելանալը անոր, զայն կ՚առնէին որպէս արհամարհանք, մանաւանդ քեսապցիին տունը հարս եկող ոչ քեսապցի աղջիկները: Ուստի, Սմբատէն եւ Աւետիսէն ետք Կերճինց Աբրահամին խանութն էր, ապա Ներսինց Հանէսը, անոր կողքին Տօքթորէն Յակոբը: Այս երեքն ալ հագուստեղէն, կերպասեղէն ծախողներ էին: Անոնց դիմաց եկեղեցւոյ ցանկապատն էր: Այս տարածքը քեսապցիները կ՚ըսէին «Մայտոն», այսինքն՝ հրապարակ:
Հոս էր որ Շաբաթ օրերուն տեղի կ՚ունենար մեծաքանակի առեւտուրը: Յատկապէս շրջապատի թուրք գիւղերէն բերուած արմտիքի եւ այլ կենցաղային պիտոյքները: Այս «Մայտան»ին կապալուն երկար ատենէ ի վեր «Ադենց Պօնպան» էր: Կը յիշեմ զայն քեսապցիի հին տարազով հանդերձուած եռանդուն մարդ մը, որ գիտէր թուրք գիւղացիները իր կամքին ենթարկել, եւ յաճախ առնական բամբ ձայնով մը կը յանկերգէր, «Պօնպա, Պօնպա»: Այս «Մայտոն»ին վրայ նաեւ տեղի կ՚ունենար Զատկուայ հաւկթախաղի տօնաճավառը: Ընդհանրապէս քեսապցիները հաւկթամարտը կատարելու համար հոն համախմբուած կ՚ըլլային, յատկապէս երիտասարդներ ուր կ՚ըլլային նաեւ անտեղի վէճ-վիճաբանութիւններ: Զատկուայ այդ օրերուն տոհմիկ բարքերու հետեւողութեամբ կ՚ալեկոծուէր համայն Քեսապցին:
1923 Ապրիլ 7ը հաւկթամարտի օրը, հայրս բացառիկ յաղթանակով տուն եկած էր եւ այդ նոյն օրը իմ ծնած օրն էր…: Ուստի այս միջանկեալէն ետք շարունակելով երթը, կար կօշկակար «Սիբգունց» Գարեգինը որ յետագային իր աշկերտը՝ Յակոբ Փօլատեանը փոխարինեց զայն: Կողքին «Քիլաղապինց» սրճարանն էր, իր նշանաւոր բախտախաղի «Ուտաղէյ»ով, այսինքն՝ սենեակով: Անոր քով կար «Հաթութինց Գասուօպ» Օսէփը: Անոր կողքին Միսագիկուն «Գախուան», որուն տակը կար Երկար Վահանին փոքրիկ խանութը, դիմացը՝ Մախշինց Ալպիրդէն «Գախուան»: Անոր քիչ մը վարը Հմայեակին փուռը, քիչ մը վերը ճիշդ անկիւնը՝ «Կուճ Պետ»ին, քիչ մը ամէն բան ծախող խանութը: «Կիւճ» Քեսապի բարբառով կը նշանակէ գարշապար: Քեսապիցները այդ ածականը անոր յարմարցուցած էին, որովհետեւ անոր գարշապարին ոսկորը անբնականօրէն դուրս ցցուած էր հետեւեալ պատճառով:
Քեսապի այն օրերուն բոլոր տանիքները հողածածկ եւ տախտակով կ՛ըլլային: Այդ հողը յատուկ հանքային տեսակ մըն էր որ քեսապցիները զայն «գոյուօգ» կը կոչէին, ինչ որ կարծրանալով ջուրէ անթափանց կ՚ըլլար: Իսկ այդ կարծրացումը տեղի կ՚ունենար ողորկ քարէ բաւական ծանր զանգուածէ մը, որուն երկու ծայրերը ճիշդ կեդրոնէն որոշ խորութեամբ փոսիկ մը կ՚ըլլար: Քեսապիցները զայն կ՚անուանէին Լող: Իսկ զայն գլորելու գործիքը թաղի մը մէջ կ՚ունենային քանի մը ընտանիքներ, որ թաղեցիք փոխն ի փոխ կը գործածէին անձրեւոտ եղանակին՝ կարծրացնելու համար իրենց տանիքի հողը: Այդ տանիքին վրայ ամրան եղանակին գիւղացիք կը չորցնէին ձմրան յատուկ իրենց միրգերը եւ այլ բաներ:
Կուճ Պետրը, այսինքն Պետրոսը, մանուկ տարիքին իրենց տանիքին լողին վրայ նստած զայն կը գլորէ իր ոտքերովը: Բոլոր գիւղացի երեխաներն ալ կ՚ընէին այդ խաղը, որ դէպի առաջ չէին կրնար յառաջացնել զայն, այլ՝ միշտ դէպի ետեւ պիտի մղէին: Նշենք թէ բոլոր այդ տանիքներն ալ ցանկապատէ զերծ էին:
Հոս միջանկեալ ըսեմ, թէ իմ հօրեղբայրներէս մէկուն երկու տանիքները մէկը միւսէն բարձր էին: Ցածը բարձրին բակն էր, տասով տասը մեթր քառակուսի՝ առանց ցանկապատի տարածքին վրան: Այդ բակին վրայ մեծցան հօրեղբօրս չորս զաւակները: Իսկ Պետրոս, լողին գնացքը այնքան ետեւ կը տանի, որ կը գահավիժի ցած: Լողը իրմէ ծանր ըլլալուն պատճառով, ան առաջ կ՛իյնայ իսկ լողն ալ անոր վրան, եւ ոտքը անոր տակը կը ջարդուի: Խնամքի աւարտին, գարշապարի ոսկորը բաւական ցցուն վիճակով դուրս ելած կ՚ըլլայ եւ այդ օրունէ սկսեալ անոր անուան կը կցուի «Կուճ» ածականը:
Պետրոս Կուճին կողքին էր քեսապցիին համար նշանաւոր Սուղմունինց Գուրմային նպարավաճառի խանութը, որ բոլոր տեսակի առարկաներով կը յորդէր: Քեսապցին կ՚ըսէր թէ Գուրմային քով օձի թոյն ալ եթէ փնտռես՝ կը գտնես: Գուրման զուարթախօս մարդ մըն էր, կիները կը բամբասէին իր մասին թէ խաբող է, թէեւ գիւղացիները բոլոր խանութպանները կը կարծէին որ խաբողներ են, բայց Գուրման իւրայատուկ էր: Ան ունէր նաեւ իր իւրայատուկ պատմութինը: Նախ՝ Քեսապի բարբառով գուրմա կ՛անուանէին այն թուզը, որ հասուննալէն ետք ծառէն վար կ՚իյնար ու հոն կը սկսի պզտիկնալ ու թօշնիլ: Անոր մայրը ի տես երեխային պզտիկ մնալուն, յաճախ զինք գուրմիկ կ՚անուանէ: Անոր անունը Նշան էր, բայց ամբողջ քեսապցիները զայն կ՚անուանէին Գուրմա: Գուրման ճանչցուած էր նաեւ զուարճալի պատմութեամբ մը: Նախքան 1939 Սուրիոյ Սանճագ նահանգը Թուրքիոյ կցուիլը, քեսապցին վարչականօրէն կապուած էր Անտիոք քաղաքին: Հետեւաբար՝ իր առեւտրական հիմնական գործերը կ՚ընէր այդտեղէն, որ ոտքի ճամբայով վեց ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր: Իսկ նախքան ինքնաշարժի գործածութիւնը, անոր հետ շփումը ընդհանրապէս գնումները տեղի կ՚ունենային ջորեպաններով:
Կը յիշեմ, Գուրմա Նշանին խանութէն շատ անգամներ գնում ըրած ըլլալս: Փոքր առարկաներով մինչեւ առաստաղը խճողուած խանութ մըն էր: Գուրման հազիւ թէ կ՚երեւար անոր մէջ: Ակնոցը քիթին ծայրը որուն վրայէն կը նայէր յաճախորդին ու ձեռքի գաւազանով որուն ծայրը ծուռ գամ մը կար, անոր հետ կը շփուէր իր զանազան տեսակի առարկաներուն հետ: Կը յիշեմ նաեւ Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ անոր իւրայատուկ ձայնի ելեւէջներով շարական երգելը, որուն արձագանգը տակաւին յիշողութեանս մէջ կ՚արձագանգէ:
1970ին, Հայաստանէն իմացուցին որ Գուրմա Նշանը հիւանդացած է՝ զինք հիւանդանոց տարած են: Գիշեր մը եկած ու տարած են անոր կինը ու հինգ զաւակները որոնց կարգին ինծի տարեկից եւ դասընկեր զաւակը՝ Նիկողոսը: Այն Նիկողոսը որ ներգաղթի օրերուն քեսապցիներուն ներգաղթը կազմակերպողներէն մէկը եղած էր. որուն համար զինք «վարձատրած» էին հինգ տարիներ Սիպիր սառնամանիքներու մէջ տաժանակիր աշխատանքով: Գանատա, բարեկամ մը հեռաձայնեց ըսելով, «Քովս մէկը կայ, կ՚ուզէ քեզ տեսնել»: Գացի, Նիկողոսն էր քանդուած առողջութեամբ: Նիկողոսը ձեւով մը ինկած էր Ամերիկա, պատմեց: Բազմաթիւ լսած պատմութիւններէս մէկը, որոնց իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութիւնը ունէր: Նիկղոսինը ուրիշ էր, շատ դառն էր: Երբ կը բաժնուէինք՝ ըսաւ, «Ստեփան, ամենամեծ մխիթարութիւնս պիտի ըլլայ ազատութեան մէջ մեռնիլս»: Ազատութիւն, որուն արժէքին տարողութիւնը լաւագոյնս գիտեն Նիկողոսները…: Վերադարձաւ ամերիկայի իր բնակավայրը: Շատ չանցած եկաւ մահացած ըլլալուն գոյժը: Իսկ հայրը Գուրմա Նշան Սողոմոնեանը հիւանդանոցէն տարած յանձնած էին հողին, այն հողին, որ իր ընտանիքին միայն անէծք բերած էր: Ահաւոր է այս անէծքը որ շատ անգամներ լսած էի անոր մասին, սարսափեցուած էր զիս եւ շատ սարսափելի եղած էր անոր չի կրնար պատասխանելս: Այս տխուր եւ զուարճալի մէջբերումէն ետք, շարունակենք քալել Գուրմային խանութի շուկային վրան:
Գուրմայի խանութին կը յաջորդէր Տօքթրէն տղէն խանութը: Անոր անունը Յակոբ էր, ածականի համազօրութեամբ զայն կ՚անուանէին Տօքթրէն տղէն: Անոր հայրը՝ Տօքթոր Սողոմոնը կը յատկանշուէր որպէս առաջին հայ բժիշկը վկայուած Պէյրութի համալսարանէն: Ապա ան հարիւրապետի աստիճանով ծառայած էր Օսմանեան բանակին Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Եղեռնէն ետք վերադարձած էր Քեսապ: Ես զինք տեսած եմ մէկ անգամ: 1941ին երբ մալարիայէ բռնուած էի, հայրս տարաւ զիս անոր մօտ. նիհարակազմ կանացի տարազով ծեր մարդ մըն էր: Հօրս հետ խօսած պահուն ըսաւ, «Բժիշկ մը յիսուն տարիներ բժշկութիւն ընելէ ետք է որ լաւ բժիշկ կրնայ ըլլալ»: Ան երբէք տունէն դուրս չէր ելլեր: Որպէս լաւ բժիշկ, խորհրդաւորութիւն մը կար անոր անուան շուրջ, յաճախ կ՚ըսուէր, թէ լսելէ ետք հիւնադին դժգոհանքները՝ իր դեղագիրը կը գրէր կամ կը յանձնարարէր որոշ բաներ, որոնք սխալ դուրս չէին գար: Ան չորս տղայ եւ երկու աղջիկ ունէր: Անդրանիկ զաւակը Ալպէրթ՝ շրջանաւարտ Այնթապի գոլէճէն: Նախքան Եղեռնը, գացած էր Ամերիկա ու հաստատուած Նիւ Եորք ու դարձած էր բժիշկ: Սկզբնական շրջանին շփուած է հայ իրականութեան հետ: Ծանօթ է որպէս վիպագիր Էբիլենց, որ քանի մը գործեր կատարելէ ետք ամուսնացած է օտար կնոջ մը հետ, ապա դադրած է գրելէ: Իր գործերէն են, «Վէպ», «Արեգնազան», «Անահիտը» «Հեքիմարանը» եւայլն: Երկրոդ զաւակը Ճորճը դարձեալ բժիշկ, երրորդը՝ Ռոպէրթ դեղագործ: Իսկ կրտսերը մեր Տօքթրէն տղան է: Աղջիկներէն Մարին՝ Քեսապի նշանաւոր Տօքթ. Աւետիսին կինն է եւ Ամերիկայի մէջ դարձեալ նշանաւոր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մայրը: Իսկ միւսը Սիւետեա Պիթիաս գիւղաւանի Ֆիլեան Հեթում աղային հետ ամուսնացած էր:
Տօքթրէն տղէն խանութին կը յաջորդէր Էբիլինց Միսաք Պերունին ուտեստեղէնի ու գրենական իրեր ծախող խանութը: Կը յիշեմ զինք, գլանաձեւ ֆասը գլխուն բարութիւնը կը թափթփէր անոր կերպարէն: Դպրոցական աշակերտներուն գրենական պիտոյքներու գնումներու պահուն միշտ ժպտերես ու հոգատար պապուկն էր անոնց: Քեսապցիին մօտ Պերուն հասկացողութիւնը թրքական աղան կը փոխարինէր: Անոր հայրը, ճարպիկ գործարար մարդ ըլլալուն պատճառով, «Ճան Պաթրան» անուանած են զայն: Ան՝ Քեսապի մայր գիւղէն մինչեւ իր գիւղը Քօրքիւնէի տարածքը սեփականացուցած է, որպէսզի իր սեփական կալուածներուն վրայէն միայն երթեւեկէ:
Նաեւ շրջանի թրքական գիւղերուն մէջ ունեցած է կալուածներ, որոնց հասոյթէն մինչեւ Քեսապի շուրջ թրքական սահմանի հաստատումը կ՛օգտուէր Միսաք Պերունը, որ կնոջս Սօնային հօրենական կողմէ մեծ հայրն էր:
Յետագային զաւակը՝ կարճատես Պետրը, ապա թոռը Ինովքը բանեցուցին այդ խանութը: Անոր կողքին էր զուարճախօս դերձակ «Մէնճոն»ին խանութը, որ միշտ ծանր արդուկ մը ձեռքին եւ եղանակ մը կ՚ըլլար շուրթին: Իսկ քովը աշխատող իր քրոջ զաւակը «Քրթինց Փաւլոս»ին վայելչակազմ երիտասարդը՝ Արամն էր մեր պատանեկանի վարիչներէն մէկը: Իսկ ճիշդ ձորի եզերքին միւս ափին կար դերձակ «Պապայըկըտ»ը՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցոյ ջերմեռանդ թաղականը: Անկէ անդին Գրատխանային աստիճաններուն դիմացը կար Պօլատինց Ժօզէֆին նպարավաճառի խանութը: Անոր զաւակներէն Օսիան, Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչութեան կողքին, Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեանի ընկերակցութեամբ «Համազգային»ի Տաթեւ մասնաճիւղի հովանիին տակ, տարին թատերական աշխատանքներ: Ապա մտաւ Հայ Առաքելական Կիլիկիան Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը: Քահանայ ձեռնադրուեցաւ որպէս Տէր Զաւէն Քահանայ Փօլատեան: Քեսապի ծառայութենէն ետք, Պաղտատի իրաքահայութեան ծառայեց: Անկէ տեղափոխուելով Ամերիկա Լոս Անճելոս, ուր ծառայութիւնը ցայսօր կը շարունկէ: Իսկ իմ տարեկից եւ դասընկեր անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբը, Քեսապ մնաց, յաջող գործ դասաւորեց, ընտրուեցաւ Առաքելական Համայնքի ազգապետ «Մուխթար» եւ որպէս այդպիսին երկար տարիներ գիւղին ծառայելէ ետք ընտանեօք տեղափոխուեցաւ:
Անկէ անդին արահետէ մը ետք քիչ մը ցած Հաճաղինց «Գասուօպ» Ժօզէֆին խանութն էր: Անոր անդրանիկ զաւակը, որ դարձեալ իմ տարեկիցն ու դասընկերն էր՝ տեղափոխուեցաւ Պէյրութ: Երկար տարիներ միասին աշխատած ենք նոյն վայրին մէջ: Յակոբը գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աշխատանքներուն մէջ:
Քիչ մը վար Մանճիկունց դերձակ Հերոսին խանութն էր: Մսավաճառին վրայ Քիթափսզինց «պարպար» Սարգիսին խանութը կը գտնուէր: Անկէ անդին Չուրկինց Միսաքին կէս նպարավաճառի կէս մըն ալ ատամնաքաշ վայրը, որ գիւղացի մանուկներուն փոխան հաւկիթի ակռաները կը քաշէր: Կը յիշեմ զայն մանրակազմ, միջին տարիքէ վեր, Օսմանեան գլանաձեւ ֆասը գլխուն կը ժպտար մանուկներուն, առանց ցոյց տալու աքցանը՝ մանուկին ակռան ափը կը դնէր: Ես ալ արժանացեր եմ իր ժպիտին՝ փոխան երեք հաւկիթի:
Ան իր անչափահաս զաւակներով Եղեռնի արհաւիրքին տառապանքը կրելէ ետք, գիւղ վերադարձաւ: Անոր երկու զաւակները՝ Կիրակոսը եւ Վահէն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն վկայեալ բժիշկներ դարձան: Վահէն երկար ատեն իր բժշկական ասպարէզին վրայ ծառայեց Սուրիոյ Ճըսր-Շուղուր քաղաքին մէջ, ապա Ամերիկա մեկնելով միացաւ եղբօրը Կիրակոսին եւ անոնք հոն շարունակեցին իրենց ասպարէզը: Անոր անդրանիկ զաւակը՝ Արփիարը, Կիրակոս եղբօրը հետեւողութեամբ կ՚անցնի Ամերիկա: Կը զինուորագրուի ամերիկեան բանակի արեւմտեան մասնաբաժնին, կը մասնակցի Ամերիկայի Տօմինքեան կղզիներու հետ ուեցած բախումներուն: Ապա բախումներու դադարէն ետք, որպէս ամերիկեան քաղաքացի կը վերադառնայ Քեսապ, հօրը գործերուն հսկելու:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի դադարումէն ետք, մինչ ամուսնացած ու չորս զաւակներու հայր, ընտանեօք կրտսեր եղբօրը Վահանին ընկերակցութեամբ կը վերադառնան Ամերիկա ու կը հաստատուին Լոս Անճելոս: Արփիարը ապրեցաւ 103 տարիներ: Անոր թաղման օրը ամերիկեան բանակի միաւոր մը, ի յարգանս իր բանակին ամենատարեց զինուորին մահուան, անոր դագաղին առջեւ պատուի կեցաւ: Կը յիշեմ զայն վայելչակազմ արտաքինով, գեղադէմ, միշտ բաց գլուխով պատկառելի ներկայութիւն էր «Գրատխանա»:
Իսկ Վահանը ամուսնացաւ Քեսապի Տոքթ. Ինճէճիկեանի աղջկան Սառային հետ: Անոր ջանքերով հիմնադրուեցաւ Լոս Անճելոսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութիւնը, որուն 50-ամեակն է 2010 թուականը: Ան երկար տարիներ ձեռներէցութեամբ վարեց անոր ատենապետութիւնը եւ խոր ծերութեան մէջ 1980ին առ յաւէտ փակեց աչքերը: Լոս Անճելոսի համայն քեսապցիներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեամբ, ան յանձնուեցաւ հողին, այն հողին՝ որ ովկիանոսով եւ ծովով մը հեռու էր իր ծնած հողէն:
Յետագային այդ վայրին մէջ Ժօզէֆ Չիւրիքեանը որոշ ժամանակ որակաւոր կօշիկի գործով զբաղեցաւ: Ապա Արամ Չիւրիքեանի նախանձեռնութեամբ վերածուեցաւ օճառի արտադրամասի, որ տեղ ու վայր փոխելով կը շարունակուի Արամի աղջկան ամուսնոյն՝ Ստեփան Աբէլեանի աշխատանքով Քօրքիւնէի մէջ:
Խանութը ստանձնեցին Գեփիտեան եղբայրներ Անդրանիկը եւ Նշանը որոնք Սանճագի մարզը Թուրքիոյ միացուելէ ետք, Ալեքսանտրէթէն գալով, Քեսապ հաստատուեցան եւ զբաղեցան նկարչութեամբ ու ոսկերչութեամբ: Ապա բռնուելով հէք Նիկողոսի հետ «Հէյ ճան կարաւան»ով մեկենցան Հայաստան:
Խնամիական կապ ունէինք անոնց հետ եւ քանիցս հանդիպած եմ անոնց Էջմիածին, ուր կը բնակէին զաւակներով, հարսներով, թոռներով: Համալսարանաւարտ երիտասարդներ կային իրենց շուրջը: Կ՛օրհնէին հողը, որ հայրենիքինն էր: Ամուր կառչած էին անոր:
Վերը «նկարչութեամբ»ը յիշատակելով, զիս տարաւ այն օրերուն, երբ հասեր էի այն տարիքին, որ անձնաթուղթին վրան նկար պէտք է ունենայի, իսկ նկարողը շրջուն նկարիչ խանութ չունեցող «Պուլատինց Սերգիսն» էր: Ան Պրազիլ, Սան Փաւլօ սորված էր արհեստը, ապա վերադառանալով Քեսապ, կը կիրարկէր զայն: Այն օրերուն ամբողջ Քեսապի շրջանին մէջ միակն էր, որ կը զբաղուէր այդ գործով: Կը յիշեմ զայն, պատկառելի արտաքինով, կապոյտ աչքերով միշտ ամերիկեան բոլորաձեւ գլխարկը գլխուն: Այդ օրը եկած էր Գրատխանայի արեւահայեաց կողմը՝ իմ տարեկիցները նկարելու: Նկարելու գործիքը քառանկիւն տուփի տեսքով էր, վրայէն աւելցած փքաձեւ եւ կոնաձեւ սեւ տոպրակ մը, որուն ծայրամասին կար բաւական խոշորկեկ ոսպնեակը, իսկ ետեւի մասին դարձեալ սեւ տոպրակ մը: Գործիքը զետեղուած էր եռոտանիի մը վայ: Նկարիչ Սարգիսը նկարուողը պատին տակ կեցնելէ ետք կը շտկէր անոր դիրքը: Ապա՝ գործիքի ետեւի տոպրակէն ներս կը հանէր գլուխը, կը զետեղէր ոսպանեակին կափարիչը, ճեղքէ մը բան մը կը սահնեցնէր տուփէն ներս: Կու գար նկարուողին քով, կրկին կը շտկռտէր անոր կեցուածքը, կ՚անցնէր գործիքին առջեւ, ձեռքը ոսպնեակի կափարիչին կը տանէր, կ՚ազդարարէր նկարուողը որ շունչը բռնէր ու առանձնանար: Կը բանար կափարիչը, մէկ, երկու, երեք, քիչ ետք տուփէն դուրս կը հանէր քառակուսի պնակի պէս բան մը, որուն նօսր ջուրին մէջ կը լողար նկարուողին նկարը: Ապա նոյն գործողութիւնը միւսին: 16 տարեկան էի եւ առաջին անգամ առանձինս նկար կ՚ունենայի: Ոչ թէ այս օրուան պէս, նոյնիսկ ծնունդի պահուն անգամ…:
Իսկ երբ Լոս Անճելոս զայն հողին կը յանձնէին անոր դագաղին կ՚ընկերանար պատուագիր մը, որ զայն կը դասէր Ամերիկայի տարածքին հարիւր տարիներէ աւելի ապրողներու շարքին եւ ուր յիշուած էր նաեւ անոր նկարչութեան ասպարէզէն ներս տարած աշխատանքը:
Սարգիսէն վերջ շուկային վրայ կը յայտնուի նոր նկարիչ մը որ քիչ մը արդիական, բայց անորակ գործիքով կրպակի մը մէջ կը սկսի նկարչութեամբ զբաղիլ: Գիւղացիի մը նկարը դրուած է անոր առջեւ: Գիւղացին կը պնդէ, թէ այս նկարը իրեն չի նմանիր, նկարիչը թէ ահա դուն ես ամենեւին: Վէճին ներկայ են ուրիշներ: Ի վերջոյ նկարուող գիւղացին կ՛ըսէ, «Աճէիպ, աս թասուիրը իմը ընիլէն հէմորը ըրկը շահատ կ՚ուզէ»: Եւ յաջորդականութիւնը կը կրկնէ «Աճէիպը Աճէիպ»: Այնուհետեւ նկարիչին անունը կը դրոշմուի «Ֆօթօ Աճէիպ»: Բոլոր քեսապցիներիուն զուարճալի պատումներէն մէկն է մինչեւ օրս:
Այս նկարի հանդիսութենէն ետք շարունակենք շուկայի հետեւողութեամբ մեր երթը:
Անոր կողքին նեղ անցքին միւս ափը կար Քեսապի միակ պղնձագործը «Գալաչիէ»ն: Տարիքը առած մարդ մըն էր երկարահասակ, հին քեսապցիի տարազ միշտ վրան նստակեաց մրճահարուածներով ձեւ կու տար պղինձ պատրաստելիք իրերուն: Ան՝ նախքան մեծ ամանները կլայէլը, անոնց մէջ լեցուցած աւազին վրայ ոտքի կեցած ամբողջ մարմնովը կը տարուբերուէր, որպէսզի լաւ մաքրուած ամանին վրայ տաք անագը աւելի դիւրին տարածուէր: Քեսապցիները այդ արարքին կ՛ըսէին «գալաչիլ»: Էբիլինց Մուխայիլին վաճառատունը, որ շուկայի ձախ ափին վերջինն էր: Մուխայիլին իւրայատկութիւնը անոր գրպանին մէջ օղիի տափակ շիշին ներկայութիւնն էր, որ անկէ օրական պուտ առ պուտ քանի մը շիշ կը սպառէր:
Յետագային, այդ վաճառատունը բանեցուց Քեսապի նշնաւոր համայնավար Հաննայեանը, որ եռանդուն կը փառաբանէր Լենիին ու Ստալինը, Սովետական կարգերն ու Սովետական Հայաստանը: Երբեմն ալ Գրատխանա կու գար: Լուրջի չէին առներ զինք: Ոմանք կ՛ըսէին, ի զուր է անոր քարոզչութիւնը, մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: Բայց Հայաստանի սովետական տարեդարձին օրը, Նոյեմբեր 29ին, Հաննայեանի նախաձեռնութեամբ Քեսապի մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Սահակեան» սրահին մէջ յիշատակուեցաւ Նոյեմբեր 29ը: Հաննայեանը լանջագրպանին կարմիր թաշկինակը ցցուն ձեւով դրած եկաւ Գրատխանա ու հպարտանքով յայտնեց, «Տեսաք, ես մէկ ծաղիկով գարուն բերի»: Գրատխանայի շրջապատը ընդհանրապէս հակակրանք չունէր անոր հանդէպ: Ան գիտէր իւրաքանչիւր յաճախորդին ի՞նչ կերակուրի համար ի՞նչ միս առած ըլլալը:
Անոնց կողքին, Սահակեան դպրոցին տակը կար «Կեպճինց Սթիփան»ին եւ Ալպերթին կրտսեր եղբայրը՝ Ժօզէֆը որ նոյնպէս հագոստեղէն կը ծախէր: Անոր կողքին կար նոյնպէս հագուստեղէն ծախող «Զուպինց Գօնսըլ»ը: Գօնսըլին անունը Նշան էր, չեմ յիշեր ինչո՞ւ այդ Գօնսըլ ածականը կախած էին անոր, որ թրքերէն իմաստով հիւպատոս կը նշանակէ: Ան, այն օրերուն, Առաքելական համայնքի «մուխթար»ն էր: Կը յիշեմ զինք հաստափոր, գլանաձեւ Ֆասը գլխուն, ոսկեայ շղթայով ժամացոյցը լանջին կերպարովը:
Իսկ հրապարակին նեղ ծայրամասին վրայ Հնչակեան «պարպար» Գապաճը: Գապաճին անունը Սերոբ էր, իր մականունին հետեւողութեամբ Գապաճ կ՚անուանուէր: Գապաճի յիշատակութեան զուգահեռ շատ տեղին կը համարեմ անդրադառնալու անոր հօր Իստիփան Գապաճեանին: Եզակի բարութեամբ թիկնեղ մարդ մըն էր ան: Բոլոր քեսապցիներու կողմէ ընդունուած անոր յատկանիշ էր:
Քեսապի մէջ աւանդութեան վերածուած է, որ երբ ոեւէ քեսապցի մը մահանայ, իր պատկանած համայնքին եկեղեցւոյ կողմէ ժամուն կը սկսի զանգը յանգով ղօղանչել, իւրաքանչիւր յանգ երեք հարուածով: Տա՛նկ, տա՛նկ, տա՛նկ: Իսկ Գապաճին, Իստիբանը, ուր որ ալ ըլլար, ի՛նչ գործի վրայ, ի՛նչ համայնքի ալ պատկանած ըլլար մահացողը, կը ձգէր ամէն ինչ եւ կ՛ուղղուէր գերեզմանատուն՝ անոր փոսը փորելու համար: Ան գիտէր ո՞ւր, որո՞ւ կողքին պիտի ընէր զայն: Ան նաեւ Քեսապի տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեանին պարտէզին եւ այլ գործերու կատարողն էր, իսկ տօքթորը առանց հարցի, ուր ինչ աշխատած է՝ կը հատուցանէր անոր աշխատանքը եւ անոր ընտանիքին հոգատարն էր: Կը յիշեմ զայն, մեր գիւղին մէջ, Սեւ աղբիւր, ստացուածք ունէին: Երբ հանդիպէինք, հակառակ տարիքի մեծ տարբերութեան, որպէս անուանակից գուրգուրոտ վերաբերմունք կը տածէր ինծի հանդէպ: Կ՛ըսէր, «Դուն անունիդ տիրոջը՝ մեծ հօրդ կը նմանիս»: Իսկ երբ կ՚արձանագրեմ այս տողերը, յուզական բան մը կ՚անցնի իմ ներսիդիս ու մարմինս կը փշաքաղի, կը յիշեմ այն օրեը, հին քեսապցիի գդակը գլխուն Իստիփան Գապանճեան Ամին, եւ այս տողերն ալ իր անթառամ յիշտակին համար թող ըլլայ:
Տեղին է դարձեալ յիշատակել: Քեսապցիները մինչեւ օրս, երբ Քեսապէն դուրս ոեւէ մէկ քեսապցի որ մահանայ՝ մայր գիւղին մէջ կը ղօղանչէ այդ զանգակը: Իսկ եթէ հանրածանօթ քեսապցի է մահացողը, կը ղօղանչեն բոլոր համայնքներու եկեղեցիներու զանգակները:
Իր բնակած թաղամասը՝ Մալաթիայի շրջանը կ՚ապրէին շուրջ քսան քեսապցի ընտանիքներ, բոլորն ալ իրենց ժառանգներով ամրացած էին հայրենիքի հողին վրայ ու բուռն կը դատապարտէին արտագաղթը:
Գապաճին ժառանգներուն դրան առջեւ ամերիկեան մակնիշով վերջին նորոյթ Լանտրովըր ինքնաշարժ մը կը կենար: Անոնք առեւտրական իմաստով ալ լաւ գործերու վրայ էին: Իսկ դիմացի դրացին՝ Յովսէփ Բրդուտեանը, իր շինարարական գործը կրկնապատկած էր ու յաջողած նաեւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ տղուն՝ Կարոյին «Քեսապ» վերարտադրութեամբ առեւտրական խանութ մը բանալ: Իսկ քեսապցիներով բնակուած փողոցը, քեսապցիները կ՚անուանէին «Փուսկէյը»: Յովհաննէսի ջանքերով քաղաքապետութիւնը անուանած էր զայն Քեսապ:
Արդարեւ, անկէ անդին նեղ անցքին միւս ափին վրայ կար Մուղտիսիկունց Եասիլին հովանաւորած «Գահուան»՝ սրճարանը: Մուղտիսկիկունք 1819-20 քեսապցիներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառաւ, ֆրանսական իշխանութիւններու հաստատումէն ետք Իսկէնտէրուն աքսորուած էին: Իսկ երբ սուրիոյ վրայ արաբական իշխանութիւնը հաստատուեցաւ, անոնք վերադարձան իրենց բնակավայրերը: Եասիլը երիտասարդ ու ձեռներէց մարդ, առանց ոխակալական զգացումներ դրսեւորելու միշտ կ՛աշխատէր Մուղտիսիկունց գերդասատնին նախկին դիրքերը վերահաստատել: Իսկ իր նախաձեռնութեամբ բացուած սրճարանը քեսապցիք զայն կը համարէին Գրատխանային հակազդուող վայր: Անոր վաղահաս մահը Մուղտիսիկունց դիրքը մեծապէս տկարացուց: Անկէ վեր բարձրացող նեղ ճամբուն կողքին կար թաղին ծորակաւոր աղբիւրը, անոր ճիշդ դիմացն էր Քեսապի նշանաւոր «Մաթաթ Վէրպիտ»ին արհեստանոցը: Ան բազմատեսակ արհեստներու հմուտ մարդ էր: Քեսապցի շատ մը արհեստաւորներ իրեն աշակերած էին, ինչպէս նաեւ ես:
Կարելի չէ այս եզակի մարդուն վրայէն այսպէս հպանցիկ ձեւով անցնիլ:
Անոր կեանքին հետ առնչուած էր Կիլիկիոյ կոտորածը, ինչ որ քեսապցին «թալանտը» կ՚որակէր զայն: Յունաստանի վրայով Քեսապի ինքնապաշտպանութեան զէնքի հայթայթումը իրեն շնորհիւ եղած էր: Կ՚ըսուի թէ յետագային այդ զէնքերը Մուսա Լեռ տեղափոխուած են: Իսկ Քեսապի տեղահանութեան օրերուն, Սուրիոյ Ճըսըր Շուղուր քաղաքի երեւելինեըր, որպէս հմուտ արհեստաւոր զայն ընտանեօք կը պահեն իրենց մօտ՝ Որոնդէս գետի վրայ եղած ջրաղացներու հսկողութեան, համար: Մինչ թուրք ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ զինք, բայց նախքան աքսորուիլը կը յաջողի բանտէն փախչիլ: Ապա վերջնականապէս կ՚անցնի վերոյիշեալ երեւելիներու հովանաւորութեան տակ: Ան՝ մեծապէս կ՛օգնէր քեսապցի կարգ մը ընտանիքներուն հոն հաստատուելուն որոնք ապահով կը մնան մինչեւ տուն դարձը: Անչափահաս մայրս ու մօրաքոյրս ալ, Հասան եիւզպաշիին ընտանիքին քով ծառայած օրերուն, անուղղակի անոր հսկողութեան տակ եղած են:
Մեծ Եղեռնէն ետք, ան երբեք չէ փորձած Քեսապէն դուրս գալ: Ամբողջ կեանքին ընթացքին մնաց հոն, եւ արժանացաւ ամբողջ շրջանի բացառիկ կարողութիւններով օժտուած «Վէրպիտ» կոչումին: Առանց դպրոցի, չափի, կշիռքի գիտէր ընելիքը, ըսածը, ըրածը, անոր վարպետի խօսքը անառարկելի էր: «Մաթաթ Վէրպիտը էսօց»: Վերջ, այդպէս կ՛ընդունուէր:
Քեսապի շրջանին մէջ այլ ջրաղացքներ կային, եթէ հիմնողը ինքը չէր, բայց բոլորին ամէն ինչն էր:
Ջրաղացք անունը բարդ բառ մըն է, ջուր եւ աղալ: Բայց շատ աւելի բարդ է ջուրը աղօրիքի վերածելը:
Հոսող ջուրէն որոշ տարողութեամբ մաս մը պէտք է շեղել եւ հոսանքին զուգահեռ տանիլ նախատեսուած հեռաւորութեան մը եւ անոր առաջացած բարձրութեան վրայ կառուցել ջրահոսքի աշխատանքը: Աշտարակէն գահավիժող ջուրը որոշուած նեղ ծակէ մը ցայտելով պիտի բախէր ծայրամասներուն խոռոչները զետեղուած անիւին ու շարժման մէջ դնէր զայն, ապա անոր վրայ որոշ բարձրութեամբ պիտի լարէր զոյգ ջաղացքաքարերը՝ անոնց իրարմէ ճշդուած հեռաւորութեան հակակշռելու կերպը: Ասոնց վրան ալ պէտք էր դրուէր աղունին կոնաձեւ սնտուկը եւ փոքրիկ ջախջախը: Այնուհետեւ այս ամէնուն վրան կը կառուցուէր ջաղացքատունը:
Այս բոլորը կատարեալ ամայութեան մը մէջ դիւրին գործ չէր: Բայց Մաթաթ Վէրպիտը Քեսապի զանազան վայրերու մէջ ըրած էր զայն:
Օր մըն ալ իրեն ըսած էին: Աշխարհիս մէջ մեծ ուժ մը ունեցող մեքենայ կայ, որ առանց ջուրի ուժի ջաղացքի քարերը կրնայ պտտցնել: Հետեւաբար՛ իր քրոջ զաւակներուն Մախշինց Յովհաննէսին եւ Պետրին հետ կը նախաձեռնեն այդ ձեւի մեքենայ մը Քեսապ բերել, որուն ծախսերը պիտի հոգար Ամերիկա հաստատուած Յովհաննէսը, որ կ՚անուանուէր «խօճա», այն պատճառով որ Կիլիկիա Ամերիկեան գոլէճի մը մէջ ուսանած եւ քանի մը տարի ալ Քեսապ ուսուցչութիւն ըրած էր, ապա մեկնած էր Ամերիկա:
Այդ մեքենան ծովի վրայով պիտի գար ու իջեցուէր նաւահանգիստը, Գալատուրանի ծովեզերքը եւ Գալատուրանի հովիտով պիտի տարուէր Քեսապի մայր գիւղը: Իսկ տարուելիք ճամբան, մարդիկ հազիւ արահետէ մը մագլցելով իջնելով, կրկին մագլցելով կը յարարբերէին իրարու հետ եւ այս հնարաւորոթիւնը չորս քիլոմեթր էր: Ականատես գիւղացիները կ՚ըսէին Մաթաթ Վէրպիտին հանճարով այդ ծանր զանգուածը բերուեցաւ ու զետեղուեցաւ իր տեղը: Ես կը յիշեմ այդ մեքենան եւ զայն աշխատցնելու ձեւը:
Առաջին անգամ զօրաւոր բոց արձակող հրավառով մը բաւական տաքցնելէ ետք որոշուած վայր մը կը բանային վառելանիւթի ծորակը: Ապա անոր երկու կողմի բաւական մեծ անիւներուն կը կառչէին երկու մարդ ու կը սկսէին զայն թաւալել մինչեւ սկսէր յաջորդական միանուագ պայթիւնը, որ կը լսուէր բաւական հեռուներէն: Այդ պահուն կը միացուէր ջաղացքաքարերու պտտուելուն կերպը, որ խլացուցիչ ժխորով մը թափ կ՚առնէր: Այս բոլորէն ետք Թրթրինց Տնպալագճի Հաճաղպինց Ծերունին, Մաղշինց Պետրի, գործն էր երեք աղօրիքներու առջեւ կեցած ալիւրին նօսրութիւնը ստուգելը եւ աղուաններուն յաջորդականութիւնը դասաւորել: Տնպլագճին անոր անունը Էստուր էր, բայց քիչ մարդ գիտէր անոր այդպէս ըլլալը: Ինչո՞ւ Տմպալագ ածականը տուած էին անոր, չեմ գիտեր: Տմպալագը թմբուկի փոքր տեսակի արաբական նուագարան մըն է, որ պորտապարի պահուն զայն կ՚օգտագործէին պարուհիները: Անոր շրջանակին ամրացուած կ՛ըլլային փոքր զանգակներ, պարուհին իր հեզաճկունութիւններուն ներդաշնակելով զանոնք՝ այլազան ձեւերով կը թափահարէր զայն:
1950-ական թուականներուն էր Տմպլագ Էստուրը Պէյրութ Քրիստափոր կոմիտէութեան ակումբին «հայրիկի» գործը ստանձնած էր: Այդ ակումբը կ՚օգտագործէր նաեւ քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութիւնը: Առիթով մը մի քանի հայրենակիցներով հոն էինք, ու նստած Էստուրին հետ սուրճ կը խմէինք, աշխոյժ եղանակ մը տմպլագի ընկերակցութեամբ կը նուագուէր ռատիոյէն (այդ օրերուն տակաւին հեռատեսիլը չէր ընդհանրացած): Անուշադիր ըսի. «Արաբական եղանակ չ՚ըլլար առանց Տմպլագի»: Պատրաստաբան Էստուրը անմիջապէս՝ «Անշուշտ թէ չ՚ըլլար, եւ ան միշտ պարուհիներու ձեռքերուն, կուրծքերուն վրայ կը պտտցուի…»: Անոր շեշտակի իւրայատկութիւններէն էր պատրաստաբանութիւնը որ գնահատանքի արժանի յատկանիշն էր հինգ տղաք եւ հինգ աղջիկ ունենալը: Վստահ երկինքի արքայութեան մէջ ալ բարենիշ կը համարուի իր ու իրեն-պէսներուն համար, որովհետեւ Աստուած պատգամեց միշտ ի զօրու է, եւ պէտք է ըլլայ Հայաստան երկրին համար:
Անոր տղոցմէն Հայկազը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ժառանգաւորացէն ետք, ամբողջ կեանքի ասպարէզով Լիբանան՝ ապա Լոս Անճելոս, տիկնոջ Երջուկին հետ հայոց լեզուի ուսուցչութեամբ զբաղեցան: Նոյնպէս, զաւակներէն Վարդգէսը, որոշ շրջան մը Լիբանան, ապա Ամերիկա ուսուցչութեամբ զբաղեցաւ:
1993 Մայիսին Վարդգէսը յայտնուեցաւ Երեւան: Կարճ շրջան մը կուսակցական գործերով զբաղեցաւ: Կ՚ուզէր Շուշի բացուելիք ճեմարանին ուսուցչութիւնը ստանձնել, բայց ճեմարանի նախաձեռնութիւնը չիրականացաւ:
Կը յիշեմ այդ ջաղացքին ալիւրաթաթախ ջաղացպանները, հոն հաւաքուած գիւղացիները, անոնց պոռչտուքը, ես առաջ էի դուն վերջն էիր…: Եւ այսպէս, այս ժխորին մէջ կ՚աղացուէր աղունը Քեսապի ժողովուրդին սեղանին հաց դառնալու համար:
Դեռ կը յիշեմ ջրաղացքներու ջաղացպանները Բրդտենց Եաւանը, որ Քեսապէն երկու ժամ հեռաւորութեամբ ջրառատ վայրի մը ջաղացպանն էր: Այդ ջաղացքին շախշախին ձայնը տակաւին կը զնգայ ականջիս: Իմ տարեկից գիւղացի տղոց հետ կանուխ կ՚երթայինք հոն, որպէսզի ջուրի հոսանքի լճացած վայրերուն մէջ լողայինք: Երբ վերադառանայինք ջաղացք, ջաղացպան Եաւանը որուն անունը Էկուբ էր, բաղարջ պատրաստած կ՚ըլլար: Մեր բաժինը կու տար ու աղացուած աղունին ալիւրը կը բեռցնէինք աշխարհի ամենաբարի եւ մարդուն ամենաշատ ծառայող, ժանիք չունենալուն համար անարգուած անկէ… կենդանիին իշուն շալակին կը վերադառնայինք գիւղ, ուր կը սպասէին մեր ծնողները՝ սեղանին վրայ հաց դնելու համար:
Ջաղացպան Եաւանին աղջիկը Ծաղիրը, իմ հօրեղբօր տղուն Յովհաննէսին կինն էր: Երեւան նստած իրենց վառարանին շուրջ պատմեց: Մայրս ուղարկեց զիս աղբիւրէն ջուր բերելու, երբ դիմացի բլուրին վրայ երեւցաւ մեզի Հայաստան տանելու եկող բեռնատար ինքնաշարժը, կուժը հոն ձգեցի, վազելով գացի զանոնք դիմաւորելու: Ապա անցնող տխուր տարիներուն մնացեալը որ իւրաքանչիւր ներգաղթողին մղձաւանջն է…:
Այդ կնոջ զաւակը՝ Շահինը, այն օրերուն, օր ու գիշեր Հայաստանի պաշտպանութեան ուղիներուն վրայ կ՚երթեւեկէր: Այդ մայրը, Շահինին կնոջ Հնազանդին հետ, անձկութեամբ կը սպասէին իրենց զաւկին ու ամուսնոյն վտանգաւոր վայրերէ վերադարձին: Ականատես եղած եմ այդ անձկութեան, որմէ անպակաս չէի:
Շահինը անողոք հիւանդութեամբ կանուխ գնաց: Ան արդար իրաւունք ունէր ներկայ Երեւանի բարգաւաճութիւնը տեսնելու, որուն հետ այն օրերուն դժուարին կենցաղով ապրող ժողովուրդին հետքերով միասին քալած էինք: Հիմա չկան հայրն ու մայրը, չկան այս գրութեանս մէջ յիշատակուածներն շատերը: Չարաբաստիկ կը հնչէ ինծի իմ ապրիլս: Կ՛երեւի անոր համար է որ տեղ մը բան արձանագրուի իրենց մասին:
Վերադառնանք Մաթաթ Վէրպիտին. կը յիշեմ զինք…: Բարձր ճակատի մը վրան դրուած գլանաձեւ ֆասը միջակ հասակով, տոկուն կազմուածքով, սիկարէթին գլանիկը միշտ շրթներուն, գրատխանային հաստաբուն թթենիի ստուերին տակ նարտի կը խաղային Սիբգունց Տատային հետ: Անոնք խաղի իւրաքանչիւր շարժումին իմաստ կու տային, փուլը ու զարը անխօս, անոնց զրուցակիցն էին: Ծուռ խաղացիր, շիտակ խաղացիր կը կշտամբէին զիրար: Վայելք էր անոնց խաղը դիտելը, որուն հանդիսատեսները քիչ չէին ըլլար: Այս տողերն ալ Քեսապի անվիճելի Մաթաթ Վէրպիտի եւ այն օրերուն իրեն հետ ապրողներուն յիշատակին համար թող ըլլայ:
Իսկ «Գասապ» Հանային դիմացը կար քանի մը խանութներ որոնք էին Կէրճինց Ստիփանին, Մահշինց Հրանդին, Կուճ Պետրին քիչ մը ամէն ինչ ծախող խանութները: Յետագային Կիւճ Պետրին տեղը նստաւ Դալիմադինց Նաթանը, որուն մասին կը պատմուի Քեսապէն Ամերիկա գալու ճամբուն վրայ անյայտ կորսուելուն մասին: Իսկ Ալպերթը տեղափոխուեցաւ եղբօրը Ստեփանին տեղը, որուն անդրադարձը կայ վերը: Իսկ այդ եռանկիւնաւոր հրապարակի վարի ծայրամասին քանի մը աստիճաններով բարձրացող խանութը սափրիչ մըն էր, որուն ով ըլլալը չեմ յիշեր: Անոր տակն էր Մախշինց Հենրիին կերպասեղէնի խանութը, որուն նախամուտը միանկիւն փոքր բակ մը ըլլալով՝ խանութպանները ազատ ժամերուն հոն թղթախաղի կը բռնուէին, որուն մոլին էր Միսաք Պերունը: Անոր կողքին էր Պուճիկունց Գասիրը, որուն անունը Յակոբ էր, կարճահասակ ըլլալուն «Գասիր» ածականը տուած էին անոր: Ան՝ կերպասեղէնի կարգին ընդհանրապէս կը ծախէր ուտեստեղէն: Հօրս մտերիմ ընկերներն էր: Անոնք Արարայի ճակատամարտին լէգէոնական բանակին մէջ կողք-կողքի կռուած էին թուրք գերման միացեալ ճակատին դէմ, որ յաղթանակով վերջացած էր: Մեր ընտանեկան գնումները ընդհանրապէս իրմէ կ՚ըլլար: Ան էր նաեւ մեր տարեկան դափնի ձիթապտուղին գնորդը: Ան՝ հազիւ յիսուն տարիքը թեւակոխած՝ յանկարծ մեկնեցաւ աշխարհէն: Կը յիշեմ հայրս, շատ դառնութեամբ ափսոսաց անոր մահը: Անոր զաւակներն էին Ծաղկանը, Գոհարիկը, Մանասը, Զարեհը: Յետագային բոլորն ալ Գալիֆորնիա տեղափոխուեցան: Մանասը Ֆրեզնոյի տարածքին մեծ այգիներու տէր դարձաւ:
Գասիրի խանութի կողքին էր Մախշինց Մուսային նպարավաճառի առաջին խանութը: Անկէ ետք ձոր էր, ու անոր եզերքին բարձրութեան մը վրայ երկու հաստաբուն թթենիներ առաջամասին ասիտ ֆինիկ բուրող տոքթոր Աւետիսին «ազախանան»: Մախշինց Մուսայէն ետք, երկար Վահանին դպրոցական իրեր ծախող կրպակն էր «Ազախանա»յի կողքին: Ապա «Ազախանա»յի միւս կողմը կամուրջին ծայրը՝ «Սանտալ»ճի Ճապռան կար: Սանտալ ըսուածին ներբանը ինքնաշարժի մաշած անիւէ պատրաստած կ՚ըլլար, որուն առաջին արտադրողը եղաւ Ճապռան, անոր շինած սանտալները չէին մաշեր: Հետեւաբար, գիւղացիներուն կողմէ շատ ընդունուած էր, որ Ճապռան ալ անուանուած էր «սանտալ»ճի:
Ճապռայի խանութին քով կը գտնուէր քիչ մը ամէն տեսակ տնային իրեր ծախող ու կօշիկներու նորոգութիւն ընող Մախշինց Հրանդը, որ վերջը ընտանեօք Հայաստան ներգաղթեց:
Անոր կողքին կար կերպասեղէն ծախող Հայտարինց Հաննէսը, որուն ամենամեծ արդար հպարտաքը որ վեց զաւակներուն երեքը բժիշկ, երկուքը ատամնաբոյժ, մէկն ալ երկրաչափ էր, որուն զաւակներէն Յակոբը, Լոս Անճելոսի նշանաւոր բժիշկներէն մէկը դարձած էր եւ հայկական շրջանակի առողջութեան նուազագոյն սակով սպասարկողն էր: Իսկ քեսապցի հայրենակիցներէն բնաւ չէր գանձեր: Անոր անժամանակ մահէն ետք, անոր դագաղը ծովածաւալ բազմութեամբ մը յանձնուած էր հողին:
Ապա կերպասավաճառ Մախշինց Մուսան էր: Մուսան, ձեռներեց ու լեզուանի, ճիշդ իր գործին մարդն էր: Ժողովուրդէն ճանչցուած էր որպէս «Տֆդուօրը գուտի» ըսող մարդը, որուն պատճառը գիւղացիք ընդհանրապէս իրենց գնումները կ՚ընէին ապառիկ: Վճարումի երաշխիքը զանազան բերքերէ եկած եկամուտը կ՚ըլլար, որոնց գլխաւորներն էին շերամը, դափնիի ձէթը եւ ծխախոտը: Հետեւաբար, գիւղացին երբ հաշուետուութեան կը նստի Մուսային հետ, գիւղացին կասկածելի գնումներու մասին երբ կ՚առարկէ, Մուսային պատասխանը միշտ կ՛ըլլայ «տֆթուրը գուտի», այսինքն հաշիւներու տետրակը գիտէ: Թէեւ բոլոր ապառիկ առուծախ ընողներու միջեւ նոյն վէճերը կը պատահէին ,բայց Մախշինց Մուսային ըսածը առակի կարգ անցած էր ու բոլոր նման երեւոյթներուն քեսապցին կ՚ըսէր, «ընծըզ Մախշինց Մուսէն տեֆդուօրնի»: Անոր անդրանիկ զաւակը՝ Աբրահամը հօրը հետեւողութեամբ Լաթաքիա կերպասավաճառի խանութ բացաւ: 1961ին այն օրերուն սուրիական իշխանութեան ներքին ապահովութեան հսկող ուժերուն կողմէ ինկաւ անհեթեթ ապստամբութեան տակ, որ վաթսուն մէկի դէպքեր անուամբ, որուն զոհերէն մէկը եղաւ Սողոմոն Յովսէփեանը՝ «Միւտըր»ը: Աբրահամի Լաթաքիոյ գործը այդ պատճառով կործանեցաւ: Ան վերադարձաւ Քեսապ ու շարունակեց հօրմէն ժառանգած գործը: Ներկայիս խոր ծերութեան մէջ կը պահէ հայրական օճախը, որ պատիւ է իրեն, երբ կրնար զաւակներուն հետեւողութեամբ գալ եւ Ամերիկայի տարածքին անհարազատ տեղ մը կը սպասէր իր վախճանին: Այդ պատիւին կարելի է արժանացնել նաեւ Արամ Չիւիրքեանը:
Հոս կ՚ուզեմ անդրադառնալ նաեւ երկար Վահանին կրպակին մասին: Վահանը Թաղական խորհուրդի քարտուղար եղած շրջանին, Քեսապէն վեր Կասիոս լերան լանջին խտացեալ ամպ մը յանկարծ հեղեղանման անձրեւի կը վերածուի, ապա հեղեղը Քեսապը երկուքի բաժնող ձորն ի վար ահաւոր դղրդիւնով մը հող ու քար իրարու խառնած կը հարուածէ ձորի եզերքին գտնուող ամէն ինչը: Բարեբախտաբար ցերեկ ատեն պատահած ըլլալով, զոհեր չեն ըլլար, բայց երբ հեղեղը կը հարուածէ Վահանին կրպակը, անոր ամէն ինչը տարածներուն մէջ կ՚ըլլան նաեւ եկեղեցւոյ հին ու նոր արխիւները: Հետեւաբար՝ յետ ա՛յդ, ով որ եկեղեցական տոմարներու առնչութեամբ արձանագրութիւն կը փնտռէ, տեղի կամ անտեղի կ՚ըսէին, հեղեղը տարաւ, որ քեսապցիներուն մօտ ասացուածքը դարձած է բոլոր այս ձեւի պարագաներուն ըսել՝Վահանին կրպակին հետ հեղեղը տարաւ զայն: Ուստի այս միջանկեալէն ետք, Մախշինց Մուսայէն անդին սրճարանի պէս բան մը կար, որ երկար չտեւեց անոր կեանքը: Վերջը հոն հաստատուեցաւ Կեճինց Արամին շինարարութեան յատուկ երկաթագործութեան արհեստանոցը:
Անկէ անդին կար Հայտարենց «քուշկօւոր» Ժօզէֆը: Ժօզէֆէն ետք առաջինը, Քուշկուօր Վէզերն էր, որ «իմէնի» եւ կարմիր կաշիէ երկարավիզ կօշիկ կը պատրաստէր, որուն «Չաքմա» կ՛՚ըսէին: Այդ արհեստը միշտ նստակեաց կ՚աշխատցուէր: Վէզերը ծանօթ էր որպէս վարպետ «Քուշկուօր», անունը Յակոբ եւ քեսապերէն բարբարռով Էկուբ: Վէզէր ածականը ժառանգած էր հօրմէն:
Անոր կողքին կար Այանինց Կուօյր Զինօփը, որուն քով ինչ փնտռէիր՝ կար: Իսկ շեշտագին անոր վրայ արուեստական մէկ աչքին ձախող դրուածքն էր, որուն պատճառով ճերմակ մասը շատ ցցուն կ՚երեւար: Իսկ անոր կողքին կը գտնուէր Հայտարինց Սերգիկօյին խանութը, ուր քեսապցին ինչ որ պէտք ունենար՝ հոն կը գտնէր: Ան՝ քեսապցիներուն ծանօթ էր որպէս շատ աղջիկներ ունեցող մարդ: Անոր երկու արու զաւակներէն Ըսկանտարը իմ դասընկերս եղած է: Ան ի պատիւ իրեն, երբեք չշարժեցաւ Քեսապէն ու մինչեւ օրս կը շարունակէ հօրմէն ժառանգած գործը: Վերջերս ցաւով իմացայ մահացած ըլլալը: Իսկ ճիշդ քովը Չիւրկինց դերձակ Գօլ Ծիրօնը կար, որուն իւրայատւկութիւնը հասակով կարճ ու պերճախօս ըլլալն էր, այսպէս ըլլալուն եւ Գրատխանային մուտքի աստիճաններուն փոքր խանութին փակած ըլլալը: Աստիճաններուն աւարտը կը յանգէր Գրատխանային բակին, որուն մուտքին կար նարինջի ծառ մը, մինակը ամբողջ գիւղին մէջ, որովհետեւ ուրիշ տեղ նարինջենի չէր աճեր, կ՚երեւի հոն անկիւնաւոր տեղ մը ըլլալուն ձմրան պաղին կը դիմանար: Իսկ բակին մէջտեղը կային երկու քով-քովի ուղղաձիգ շոճի ծառեր, եւ աւելի ներսը կային քանի մը թիթեռնիկներ: Ներկայիս հոն կայ բաւական տարածուն կարմիր խաղողի որթատունկ մը: Այդ բակը կ՚ամբողջանար երկար տանիքով մը որուն տակ կը ճեմէին Գրատխանա յաճախողները: Գրատխանայի լայն աստիճաններուն կողքով կը բարձրանար արահետ մը: Իսկ անոր սկիզբը կար Գէմպօէին «սանտալճի» Ալպերթին խանութը: Ալպերթը Գրատխանային երիտասրադ սերունդի տղայ էր: Այդ խանութը հետագային աշխատցուց Քեսապի նշանաւոր շարահիւսող եւ քեսապերէն բարբառով «Հարսնեք սայմըն շինուող», այսինքն՝ հարսանիք խանդավառող Թրթրինց Ժիրայրը: Ժիրայրը առաջինը ու մինակը եղաւ քեսապերէն բարբառով երգի ձայներիզ պատրաստողը: Ան նշանաւոր է նաեւ որպէս սրամիտ ու պատրաստաբան յանկերգող: Ժիրայրը իր երիտասարդութեան Քեսապի համազգային մասնաճիւղի սիւներէն մէկը կը համարուէր: Իր յանդուգն նկարագիրին պատճառով միշտ առաջին դիրքերու վրայ կը տեսնէիր զայն: Տակաւին մինչեւ օրս իր սերնդակիցներու շրջանակին համար կը շարունակէ նոյնը մնալ:
Անկէ անդին քանի մը խանութներ կային, բայց չեմ յիշեր ո՞վ ըլլալնին: Ապա կար մսավաճառ Ղէզուրինց Մուղտիսը, որուն զաւակը՝ Վահրամ պատանեկան ժողովի մը ընթացքին մեզ իմացուց հայ ժողովուրդին ծառայող գործիչներէն Արշակ Զամալեանի Փարիզ մահը: Ապա խօսեցաւ անոր գործին մասին:
Մղտուսին քով ալ փուռ մը կար, կարծեմ բանեցնողն ալ «եապանճա» էր: Իսկ անկէ անդին փոքր բացութենէ մը ետք կար Քեսապի նշանաւոր «գահուաճի» Մանասին «գախուան»: Մանասը հաճելի խօսակից մարդ էր, մանաւանդ եթէ իր կողքին նստած ըլլար իր դրացի զինագործ Հաճի Արթինը: Ան լաւագոյն ձեւով Հաճի Արթինին փչոց պատմութիւնները կրնար պատմել տալ իր սրճարանի յաճախորդներուն: Հաճին երբեմն օղիի սեղանին շուրջ ու Մանասին միալար սազին նուագին տակ ներշնչուելով եւ ուժ տալով իր երեւակայութեամբ կը հիւսէր հաճելի փչոց պատմութիւններ, անոնցմէ նմուշ մը մէջբերեմ:
«Որսի էի դէպի մեր գիւղին վերեւները, յանկարծ նկատեցի խոշոր արծիւ մը, ճանկերուն մեծ բան մը գրկած կու գար, թէեւ բաւական բարձր էր, բայց կրակեցի վրան, ան թափահարեց թեւերը եւ ձգեց ճանկածը: Գացի, ի՜նչ տեսնեմ. Մերկիսինց կովուն հորթն էր: Եկաւ Տէրը տարաւ զայն: Մանասը աւելի ուժգին «թնկրտացնելով» սազին լարը կ՛ըսէ, «Հաճի, լաւ որ մարդուն հորթը ազատեր ես այդ արծիւին ճանկէն» ու մղեց Հաճին անցնելու ուրիշ փչոցի: Հաճի Արթինին փչոց պատմութիւնները ծանօթ են բոլոր քեսապցիներուն, որուն լաւագոյն արտայայտողը ու հաւաքողը քեսապցի գրագէտ Վրէժ Գլնճեանն է: Երեկոյ մը Հայկազ Թրթռեանին ընկերակցութեամբ վայելած ենք անոր հաճիաշունչ պատմածները: «Գախուէճի» Մինասը ունէր նաեւ իր ինքնատիպ կերպարը, միշտ քեսապցիի նախկին տարազը վրան էր, սեւ շալուարը, գօտին, գդակը, պատկառանք կը թելադրէր շրջապատին: Անոր խօսակցութեան հեգնախառն երանգը հաճոյքով կ՛ունկնդրուէր: Իր դիմացի դրացին Համայեանին համայնավարական պերճախօս քարոզչութիւնը կ՚ունկնդրէր բերած սուրճի «ճազուան» ձեռքին հեգնախառն ժպիտով ու չհամոզողի կերպարով մը, որ յատուկ էր իրեն: Իսկ ես որպէս դրացիութեան ականատեսի կարօտով կ՚արձանագրեմ այս տողերը:
«Գախուաճի» Մանասէն քիչ վեր, ուղղաձիգ բարձրացող ժայռապատ լերան ստորոտին էին երկաթագործներու խանութները, որոնց երկուքը հօրս քեռիներուն էին, իսկ միւսը Տէմրչինց Սերոբին ու եղբօրը Աբրահամին: Այս խանութները Շաբաթ օրերուն անդադրում մրճահարումներով կը պատրաստէին գիւղացիներու երկրագործութեան յատուկ իրերը, մանաւանդ թրքական գիւղերէն եկողներուն: Երկաթագործ Սերոբին զաւակներէն Աւետիսը Լիբանանի հնչակեան կուսակցութեան ղեկավար դիրքերու վրայ եղած է: Ան եղբօրը Արամին եւ այլ քեսապցի հայրենակիցներու ընկերակցութեամբ հիմնած է Քեսապի «Կասիոս» հայրենակցական միութիւնը, որ մինչեւ Հայաստան ներգաղթի օրերուն աքթիւ կը գործէր: Իսկ Աբրահամին թոռը Արա Տէմիրճեան Հ.Յ.Դ. կուսակութեան Լիբանանի մէջ բիւրոյի նստավայրի օրերուն վարեց գործավարի պաշտօնը:
Զինագործ Հաճի Արթինէն անդին դարձդարձիկ ճամբայէ մը ետք կար Էքլկունց թաղին աղբիւրը, որուն կից էր անհամակրելի կերպարով զինագործ Ալոյը, որուն իսկական անունը չեմ յիշեր: Անոր համար կ՚ըսէին բաւական վարպետ մարդ էր, բայց կծու խայթող բնաւորութիւն ունէր, ճիշդ հակառակը Մանասին ու Հաճճիին:
Այս շուկայէն դուրս քեսապցի ձեռներեց անհատներ կային, որոնք կը զբաղէին առեւտուրով, գլխաւորաբար դափնիի ձէթով, քեսապցին զայն կ՚անուանէր «կէսլը ձէթ» որ կը գործածուէր ընդհանրապէս օճառի պատրաստութեան մէջ:
Այս աշխատանքիս կապակցութեամբ կու գամ յայտնելու թէ ան եղած է իմ յիշողութեանս ու այլոց ցուցմունքներուն հետեւողութեամբ, առանց յաւակնութեամբ թէ ըրածս անթերի աշխատանք է:
Օնպաշին իր այս գրութեամբ ցոյց կուտայ Քեսապի հին շուկան: Իսկ ներկայի շուկան կը սկսի գերեզմանոցի արեւմտեան ծայրէն ու կ՛իջնէ հրապարակ, ապա մէկ ուղղութիւնը կ՛երթայ դէպի Սեւ Աղբիւր, իսկ միւսը կ՛ուղղուի դէպի հարաւ: Այս շուկան իր մէջ կը պարփակէ յիսունէ աւելի խանութներ, որոնց մէջ քիչ չեն քաղաքի հասկացողութեամբ փարթամ խանութները: