ՎԱՐԴԱՎԱՌ – Պալլում
ՎԱՐԴԱՎԱՌ (Պալլում, Պարլում, Պարլամօն)
Այս տօնը, ինչպէս ամբողջ Քեսապի, այդպէս ալ Անտիոքի, Ճըսըր Շուղուրի, Լաթաքիոյ շրջակայքի, իսկ 1920էն ետք, ամբողջ Սուրիոյ հայութեան համար համաժողովրդական ուխտագնացութեան օր եղաւ: Ուխտավայրը Պարլում կը կոչուէր (նաեւ Պալլում, Պարլամօն): Ուխտավայրի անունով ալ կը կոչուէր տօնը: Ուխտավայրը կը գտնուէր Քեսապէն շուրջ երկու քիլոմեթր հիւսիս, Կասիոս լերան հարաւ-արեւելեան լանջին, ծովէն 1250 մեթր բարձրութեան վրայ, Թեքնեճօք կոչուող փոքրիկ աղբիւրէն ոչ հեռու:
Վարդավառին ուխտաւոր ընտանիքները հոս կ’ելլէին դեռ Ուրբաթ օրուընէ , ուխտավայրին շուրջ տեղ կը գրաւէին , կը մաքրէին իրենց տեղը փուշերէ, քարերէ, վրան կը զարնէին կամ շուք մը կը շինէին: Անոնք իրենց հետ կը բերէին ծածկոց, կարպետ, հագուստեղէն, պնակեղէն եւ առատ ուտեստ: Շաբաթ երեկոյեան ուխտավայրը կը լեցուէր բազմութեամբ, քահանան կը ժամանէր, ժամերգութիւն տեղի կ’ունենար, ուխտը կ’ընէին, մատաղացուները կը զենէին: Հերիսայի կաթսաները դրուած կ’ըլլային յատկապէս անոնց համար պատրաստուած կրակարաններուն վրայ: Երիտասարդներ եւ այր մարդիկ մինչեւ լոյս կը հսկէին հերիսայի կրակին, փայտը կը բերէին, կը ջարդէին, հերիսան կը ծեծէին: Խորովածի հոտը լեռը կ’առնէր: Կիները սալաթ կը պատրաստէին: Կը սկսէր կերուխումը, ապա կը փչէր զուռնան, շատ անգամ սրինգը ու Քեսապի Տիլանին մինչեւ լոյս կը տեւէր: Տիլանի կը կոչուի Քեսապի շուրջպարը: Ներկայ կ’ըլլային նաեւ սուէտիացի, անտիոքցի, ղնեմիացի, արամոցի, եագուպիացի, ղնէացի եւ լաթաքիացի հայեր, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերէն թուրքմէն, հոռոմ եւ ալեւի հետաքրքիրներ:
Վարդավառի առաւօտուն կը սկսէր ջուրի խաղը (ջրուիլը), իրար կը ջրէին, իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Ջուրը Թեքնեճօքի աղբիւրէն բերած կ’ըլլային: Պատարագը կը կատարուէր աւերակին մէջ,արեւելեան խորանաձեւ կիսապատին առջեւ: Կ’օրհնուէր հերիսան: Ամէն խումբ կամ ընտանիք արդէն պատրաստած կ’ըլլար իր սեղանը, օրհնուած հերիսան ալ կու գար, ու կրկին կերուխում, կատակ, բարեմաղթութիւններ եւ շուրջպար:
Երեկոյեան ուխտաւորները կ’իջնէին լեռնէն: Կիներն ու ընտանիքի տէր մարդիկ կը ցրուէին իրենց գիւղերը , իսկ շատեր ջուրի խաղը, երգն ու պարը կը շարունակէին Քեսապի հրապարակին մէջ՝ Խոդը: Աւելի խիզախները լեռնէն կը սահէին դէպի Պաշօրտ, անկէ Գարատուրանի ծովեզերքը, ուր թուզն ու խաղողը «նշանած» կ’ըլլային:
Վարդավառին մեռելոցը ընդհանուրին համար հոգեճաշի օր էր: Ատիկա գիտէին շրջակայ այլազգցիները: Անոնց մուրացիկները Չանտուրէն, Օրտուէն, Պետրուսիէէն, Մուսելէքէն կու գային ու տուն-տուն կը մտնէին բոլոր գիւղերը՝ հոգեճաշէն բաժին հաւաքելու համար:
1939ի Սանճագի կցումով քեսապցի հայոց այս մեծ ուխտատեղին կը մնայ սահմանէն անդին, իսկ Թեքնեճօքի աղբիւրը ճիշդ սահմանագծին վրայ: վարդավառի ուխտագնացութիւնն ու համաժողովրդական տօնակատարութիւնները կը դադրին:
1939ին Պարլումի ուխտավայրը Թուրքիա մնալէ ետք, մտածուած է Վարդավառի ուխտագնացութիւնը եւ տօնակատարութիւնը կատարել Գարատուրանի ծովամերձ Ս. Գէորգ ուխտատեղին, մանաւանդ որ Պարլումի ուխտագնացութեան վերջին օրը , պատարագէն եւ ճաշէն ետք երիտասարդները սովորութիւն ունէին խմբովին ծով երթալու: 1960ական թուականներուն Գարատուրանի եւ Քեսապի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները փորձեցին վարդավառի ուխտագնացութիւնն ու տօնակատարութիւնը Ս. Գէորգ մատրան մէջ վերապրեցնել , բայց կրկին աւանդոյթ ստեղծել կարելի չեղաւ:
Վարդավառը այժմ միայն եկեղեցական տօն մըն է, թէեւ բարբառախօսները տակաւին տօնը կը շարունակեն կոչել նախկին ուխտավայրի անունով՝ Պալլում:
Նիւթը առնուած՝ Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» Ա. եւ Բ. հատորներէն
ՎԱՐԴԱՎԱՌ (Պալլում, Պարլում, Պարլամօն) Այս տօնը, ինչպէս ամբողջ Քեսապի, այդպէս ալ Անտիոքի, Ճըսըր Շուղուրի, Լաթաքիոյ…
Posted by Կասիոս – Քեսապ on Saturday, July 18, 2020