Շնորհահանդէս Գէորգ Աբէլեանի «Ցկեանս Նահատակութիւն» երկրորդ հատորին
Հազարամեակներու աւանդ ունեցող հայ գրականութիւնը ճշմարիտ արտայայտութիւնն է մեր ժողովուրդի հոգեւոր ապրումներուն, խաղաղ եւ ստեղծագործ մտքին, ծանր իրավիճակներու պարագային, փառաշուք յաղթանակներով հարստացած պահերուն։ Մէկ խօսքով ՝ հայ գրականութիւնը հայ կեանքն է, մեր պատմութիւնն ու աւանդութիւնը։
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան տեղի ունեցաւ Գէորգ Աբէլեանի Ցկեանս Նահատակութիւն երկրորդ հատորին՝ «Աղբարի՜կ ափիկ մը ջո՜ւր» գիրքին շնորհահանդէսը, շաբաթ 27/11/2010ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.30ին, Սահակեան սրահէն ներս։ Վարչութեան խօսքը կարդաց Աշոտ Թրթռեանը։
Պրն. Աբէլեանը շուրջ հինգ տասնամեակներ բազմազան աշխատանքներու կողքին, որպէս մտասեւեռում սրտին խորքը պահած է առաւելաբար մանկական յիշատակները, որոնք իր երեւակայութեան պաստառին վրայ կեանք առած ուռճացած եւ իմաստաւորած են իր առօրեան, առաջնորդած են զինք հոն՝ ուր կենսագործած է իր էութիւնը. հետեւած է ճշմարտութեան ձայնին։ Ան իր փնտռտուքով երեւան հանած է նահատակ ժողովուրդի մը կորուստին ընտանեկան անթիւ պատկերներէն փունջ մը, եւ զանոնք ներկայացուցած է «Ցկեանս Նահատակութիւն» զոյգ հատորներուն մէջ։
Թո՛ղ այս վկայութիւնները նոր ապացոյցներ ըլլան եւ իրենց ներդրումը բերեն հայ դատի սրբազան գործին. տակաւին ուշ չէ նոր փաստեր երեւան հանելու։
Գիրքը ներկայացուց Տիկ. Անի Աբէլեան. ան նախ գնահատեց Պրն. Գէորգ Աբէլեանի տարած աշխատանքը, ապա գիրքէն մասեր կարդաց վերլուծելով զանոնք։ Հեղինակը իր կարգին բացատրութիւններ տուաւ գիրքի մասին, աւելցնելով թէ տակաւին շատ կատարելիք գործ կայ եւ շատ անյայտ իրականութիւններ որոնք երեւան չեն ելած, ինչպէս սոյն գիրքին մէջ յիշուած հայ մահմետական «աշիրաթ»ը որոնց թիւը կ՚անցնի 25000ը։ Պրն. Գէորգ իր խօսքը եզրափակեց խոստանալով լրումին հասցնել իր այս նախաձեռնած աշխատանքը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Պրն. Գէորգ Աբէլեանին։