ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հայոց Ցեղասպանութեան 94-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ, առաւօտեան ժամը 11-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ, կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանի եւ մասնակցութեամբ ու ներկայութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց եւ Ազգային Ուսումնասիրաց Վարժարաններու: Ներկայ էին նաեւ գիւղին հոգեւոր հովիւները, տնօրէնները ու ուսուցչակազմը:Հանդիսութեան սկիզբը, օր. Անգինէ Այնթապլեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել մեր մէկ ու կէս միլլիոն նահատակներու անմեռ յիշատակը: Ապա օր. Անգինէ բացման խօսքը կատարեց, ընդգծելով թէ հայը ի դիմաց թուրքին գործադրած ահռելի ոճիրին ձեռնածալ չի մնար, այլ կը պայքարի ու կը գոյատեւէ որովհետեւ ան ունի զօրաւոր կամք ու հոգ: Ան կոչ ուղղեց նոր սերնդին կառչած մնալ իր պահաջատիրութեան մէջ:Ապա, իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանի աշակերտութիւնը, որ շատ տպաւորիչ ու համապարփակ կերպով ներկայացուց Պատմական Հայաստանի ու Մեծ Եղեռնի նկարագրութիւնը դատրոնի ընդմէջէն որ կ’ընդգրկէր նաեւ հայրենասիրական երգերու շարք մը:Այնոհետեւ, Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի աշակերտութիւնը հանդէս եկաւ գեղարուեստական ճոխ ու հոգեթով յայտագիրով որ կը բովանդակէր հիմնովին Ապրիլ 24-ի Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութեան մասին զրոյց մը, ինչպէս նաեւ ասմունքներ, խմբային երգեր ու նուագ, ապա տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը տեսաերիզ մը Մեծ Եղեռնի մասին, որուն մէջ ցուցադրուեցաւ յատկապէս Տէր Զօրի Մարկատէ շրջանի մէջ Պետեւիներ որոնք կը յայտնէին թէ իրենց նախահայրերը Հայ էին եւ ջարդի ժամանակն է որ արաբացած են թուրքին կատարած ահաւոր վայրագութիւններուն պատճառաւ: Ապա, վարժարանիս տնօրէն՝ Հ. Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան արտասանեց փակման խօսքը: Ան ուղղելով խօսքը աշակերտութեան ըսաւ. «Մեր Տէրը Յիսուս պատուիրեց ըսելով ով որ կ’ուզէ ինծի հետեւիլ, թող առնէ իր խաչը ու ետեւէս թող գայ, եւ աշխարհի ազգերէն՝ Հայ ազգը առաջինը եղաւ ընդառաջելու այս հրաւէրին, ան ընդունեց, սիրեց, նոյնիսկ պաշտեց Խաչը ու շալկեց զայն բարձրանալով իր Տիրոջ պէս դէպի գողգոթայ»: Վարդապէտը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «մեր Ազգի պատմութեան ամէն մէկ էջ արիւնով գրուած է, գողգոթայի ճամբայ մըն է, եւ այդ էջերէն ամենահաւորը եւ ամենարիւնալին 1915 թուականի էջն է: Հայր սուրբը յիշեց. «ոչ ոք կարծէ թէ թուրքը ցեղասպանութիւն կիրառկած է միայն 1915-ին, այլ ատկէ շատ առաջ եւ ոչ մէկ հայկական շրջան զերծ մնացած է Թուրքին ջարդէն ու վայրագութիւններէն, մեր չքնաղ Քեսապն ալ բաժին մը ունեցաւ 1909 եւ 1915-ի ջարդերէն: Հ. Գարեգին կոչ ուղղեց աշակերտներուն միշտ յիշելու ու յիշեցնելու թէ այս երկու թուականներուն ինչ կոտորածներ եւ թալան կատարած է թուրքը Քեսապի մէջ:  Փակման խօսքէն ետք, բոլոր ներկաները միաբերան ու միահամուռ աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:«Խունկ եւ աղօթք մեր Բիւրաւոր Նահատակներուն, սէր ու միութիւն մեր Նորահաս Սերունդին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>