
Վարդավառ
Վարդավառի տօնը մեզի կու գայ հեթանոսական օրերէն: Սակայն՝ ներկայիս տօնը կապուած է Տէր Յիսուսի Պայծառակերպութեան օրուան: Վարդավառը շարժական է եւ կը տօնուի Յարութեան տօնէն 98 օր վերջ՝ 28 Յունիս – 1 Օգոստոսի միջեւ:
Տօնը կապուած է սիրոյ, պտղաբերութեան եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկին հետ: Այդ օրը Աստղիկին վարդեր կը նուիրէին, աղաւնիներ կը թռցնէին եւ իրարու վրայ ջուր կը թափէին:
Քեսապի ժողովուրդն ալ անմասն չի մնար այս տօնին եւ մինչեւ օրս կը յիշատակէ: Վարդավառին նախորդող շաբաթ, կէսօրէ վերջ ուխտաւորներ իրենց ընտանիքներով եւ փափաքողներ կ՚երթային Պարլումի վանքը, որ կը գտնուէր Քեսապէն շուրջ երկու քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Կասիոս լերան լանջին ու հոն իրենց ուխտը կը կատարէին երեխաները մկրտելով: Սակայն՝ 1939ին, տօնին տեղը փոխուեցաւ երբ Պարլումը մնաց Թուրքիոյ սահմաններէն ներս:
Քեսապցի երիտասարդներ շաբաթ գիշեր կը սկսէին հերիսա եփելու մինչեւ Կիրակի առաւօտ: Կիները իրենց հետ կը տանէին խաշած հաւկիթ եւ գետնախնձոր, թոնիրի հաց, բոկեղ ու սալաթ կը պատրաստէին: Ուրախութիւնը եւ պարը կը տեւէր մինչեւ առաւօտ: Կիրակի օր յետ Սուրբ եւ անմահ պատարագին, ուխտաւորները զիրար կը թրջէին եւ կէսօրին օրհնուած հերիսան կ՚ուտէին: Անոնք ամբողջ օրը հոն կը մնային, իսկ իրիկուան դէմ կը վերադառնային Քեսապի հրապարակը «Խօթը» եւ ուրախութիւնը կը շարունակէին:
Սակայն՝ երբ Պարլումի վանքը մնաց Թուրքիոյ սահմաններէն ներս Քեսապի եւ Գարատուրանի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները միասնաբար կ՛որոշեն որ Գարատուրանի Ս. Գէորգը ըլլայ Վարդավառը նշելու նոր ուխտատեղին:
Այսօր Պարլումի փոխարէն՝ Քեսապի հիմնական ուխտատեղին Էսկիւրանի Ս. Աստուածածնի մատուռն է եւ ուխտի օրը Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ ցայսօր հանդիսաւոր կերպով կը տօնախմբուի աւանդապահ քեսապցիներու կողմէ:
Բարի Վարդավառ:
Սեւան Ճ. Աբէլեան