Սեւ Աղբիւր

Սեւ Աղբիւր

Սեւ Աղբիւր գիւղը կը գտնուի Քեսապ աւանին արեւելեան կողմը, բլուրի մը վրայ:

Գիւղը հարաւ արեւմուտքէն լայն ու ընդարձակ տեսադաշտ ունի: Ասկէ կ՚երեւին Քեսապը իր Կասիոս լեռով, Խայըթը, Տուզաղաճը, Քօրքիւնէն, Գալան, Տափասա եւ Սելտերան լեռները:

Հարաւային թաղը կը գտնուի Սանտիկ լերան արեւմտեան ստորոտին: Սանտիկին վրայ եւ ետեւի կողմը կը գտնուի հնավայրի մը եւ անոր անծանօթ գերեզմանատան հետքերը որ մնացած են ցայսօր: Նաեւ ժայռափոր սանտ մը, եւ այդ պատճառով լեռը ստացած է իր անունը Սանտիկ: Սանտիկին տակ կը գտնուի գիւղին աղբիւրը, նիհար ջուր մը: Սակայն՝ գիւղին անունը ուրկէ ծագում առած է, յստակ չէ մեզի:

Սկզբնական շրջանին, գիւղը եղած է քեսապցիներուն կալուածանոցը: Այստեղ, միայն հունձքի եւ ցանքի եղանակներուն կայք հաստատած են տեղացիք, իսկ ձմռան կը վերդառնային Քեսապ:

Տարագրութենէն առաջ գիւղը կազմուած էր երեք հիմնական թաղամասերէ: Պոյմուշաղենց, երկրորդը Քիթապսզենց՝ իսկ երրորդը Տուզտապանեց թաղերը: Ըստ զրոյցներուն այստեղ առաջին բնակութիւն հաստատողը եղած է Պոյմուշաքեան գերդաստանը: Նոյն գերդաստանէն կը սերին Փանոսեանները: Գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած են տարբեր ընտանիքներ ալ, որոնցմէ կարելի է յիշել Տուզտապանեաները, Մելքոնեանները, Պէտուրեանները, Բէնդէզեանները …

Սեւ Աղբիւրցիք մշակած են ծխախոտ, թթենի, թզենի, ձիթենի, խնձորենի եւ որթատունկ: Պահած են շերամ, այծերու հօտեր, արջառներ: Եղած են վարպետ արհեստաւորներ, ինչպէս կօշկակար, որմնադիր, ջուլհակ եւ ջորեպան:

1909 թուին Կիլիկիոյ ջարդերուն ժամանակ Սեւ Աղբիւրցիք իրենք ալ տանջուած են թշնամիին կողմէ. Թալանուած եւ կողոպտուած են իրենց տուները, եւ տեղացիք ապաստանած են Քեսապ:

1915ին, անոնք դարձեալ կը տարագրուին բոլոր հայերուն նման մինչեւ Տէր Զօր եւ Դամասկոս: Բաւական թիւով անձեր կը զոհուին: Սակայն՝ երբ պատերազմը կը վերջանայ, ան որ կը յաջողի դիմանալ տարագրութեան տառապանքին եւ վերապրիլ, կը վերադառնայ իր հայրենի գիւղը:

Սեւ Աղբիւրցիք մեծ դեր կ՚ունենան 1919 – 1922 տարիներուն գիւղի պաշտպանութեան, երբ տակաւին շրջանը շատ ապահով չէր: Անոնք չեն յուսահատիր եւ կամաց-կամաց ոտքի ելլելով կը սկսին շէնցնել գիւղը: Անոնք՝ սիրած են երգն ու պարը եւ նոյնիսկ ունեցած են պարախումբ ու սրնգահար, որոնք շատ գեղեցիկ ձեւով կը նուագէին Քեսապի «Տիլանին»:

1939ին պետական նոր սահմանը կը փոխուի եւ կարգ մը գիւղացիներու կալուածները կը մնան Թուրքիոյ սահմաններէն ներս:

Նման Գարատուրանցիներուն եւ քօրքիւնէցիներուն՝ կարգ մը Սեւ Աղբիւրցիք ձգած են իրենց պապենական տունը եւ հաստատուած են Ամերիկա, Գանատա,

Լիբանան կամ Սուրիոյ տարբեր քաղաքները: Հայրենդարձութեան ժամանակ շատեր ներգաղթած են Հայաստան:

Գիւղը կը բաղկանայ Աւետարանական եւ Առաքելական համայնքներէ:

Գիւղին մէջ գործած են երկու դպրոցներ: Աւետարանական դպրոցը հիմնուած է 1856ին: Սակայն 1905ին Պօյմուշաքեան-Փանոսեան թաղին մէջ կառուցած են մէկ սենեակ որ ծառայած է թէ իբր դպրոց եւ ժողովարան: Այս դպրոցը եղած է որպէս Քեսապի Նահատակաց դպրոցին մէկ մասնաճիւղը: Դպրոցը՝ գործած է մինչեւ 1924ին:

Ազգային Վարժարան. կը հիմնուի 1910ին, Քիթապսըզենց թաղին մէջ: Այս դպրոցն ալ Քեսապի Սահակեան վարժարանին մէկ մասնաճիւղը եղած է:

1914ին, Մուսա լեռցի Մովսէս Տէր Գալուստեանը դասաւանդած է Սեւ Աղբիւրի մէջ:

Տարագրութենէն վերջ դպրոցը դարձեալ վերաբացուած է եւ գործած մինչեւ 1947 հայրենադարձութեան տարիներուն:

Ներկայիս՝ Սեւ Աղբիւր նշանաւոր է իր ճաշարաններով եւ պանդոկով ուր տեղացիներ եւ օտարներ երբ Քեսապ այցելեն, անպայման կ՚երթան ճաշակելու համեղ կերակուրներ եւ վայելելու բնութիւնը:

Մաղթանքս է որ աշխարհ գտնէ իր խաղաղութիւնը եւ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Քեսապ այցելել երթան եւ վայելեն բնութիւնը ու ծանօթանան Քեսապի սովորութիւններուն եւ համադամ կերակուրներուն:

Սեւան Ճ. Աբէլեան

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>