ՈՎՍԻԱ ՍԱՂՏՃԵԱՆ գարատայի

ՈՎՍԻԱ ՍԱՂՏՃԵԱՆ գարատայի

ՈՎՍԻԱ ՍԱՂՏՃԵԱՆ

(Քեսապի Տային)

 

Ազգ մը կը գոյատեւէ իր անձնազհոհ եւ հայրենասէր հերոսներուն շնորհիւ: Այդ հերոսներէն մէկն էր Ովսիա Սաղտճեան: Ո՞ր մէկ քեսապցին չէ լսած անոր անունը: Ան՝ ճանչցուած է որպէս Գարա Տային: Ծնած է  Քեսապի Գարատուրան գիւղին մէջ 1887թուին, նահապետական մեծ ընտանիքի մը մէջ, 9 եղբայրներու անդրանիկը:

Հազիւ պատանի 1909ին՝ Ատանայի կոտորածի ժամանակ, երբ թուրք հարիւրապետ մը գիւղին մէջ տգեղ երեւոյթով մը կը վարուի ժողովուրդին հետ: Տայիին ըմբոստ եւ յեղափոխական հոգին կ՚արթնայ:

Նոյն տարին, կը յաջողի մեկնիլ Միացեալ նահանգներ: Բիցպուրկի մէջ կ՚աշխատի ռումբի գործարանի մը մէջ: Բայց իր մտքին եւ հոգիին մէջ միշտ կ՚երազէր վերադառնալ իր ծննդավայրը:

1915ին երբ կը սկսի համաշխարհային առաջին պատերազմը, Գարա Տային արդէն իսկ ծանօթ էր Մեծ Եղեռնի բոլոր ողբերգութիւններուն: Անհամբեր էր լսելու թէ ե՞րբ պիտի հնչէր վրէժխնդրութեան նուիրական ժամը:

Այդ օրը չուշացաւ: 1917 թուին կ՚արձանագրուի որպէս կամաւոր եւ մաս կը կազմէ ֆրանսական արեւելեան լեգէոնին, որ յետագային հայկական լեգէոն կոչուեցաւ:

Կիպրոսի մէջ, տարի մը մարզուելէ ետք, Պաղեստինեան ճակատ կը ղրկուի: 19 Սեպտեմբեր 1918ին, առաւօտեան արշալոյսին հայկական զօրագունդը կ՚անցնի մեծ եւ ընդհանուր յարձակողականի «Արարայի» ճակատամարտին վրայ:

Տային՝ իբրեւ անվեհեր մարտիկ, հերոսաբար եւ քաջութեամբ կը մասնակցի Արարայի ճակատամարտին, եւ մեծ համբաւ կը շահի վիրաւորուելով ուսէն:

Օրեր տեւող ճամբորդութենէն վերջ, Հայկական լեգէոնը  կը հասնի Լիբանան, անկէ ալ Կիլիկիա, մեծ յոյսով զայն ազատագրուած տեսնելու, սակայն ի զուր…: Նենգ դիւանագիտութեամբ դաշնակիցները դրժեցին իրենց խոստումը եւ Կիլիկիան չազատագրուեցաւ:

Ցրուեցաւ Հայկական լեգէոնը…

Տային ցաւը սրտին ու յուսաբեկ, լքեց բանակը եւ խումբ մը կամաւոր ընկերներուն հետ վերադարձաւ Քեսապ ու ապաստանեցաւ ծննդավայրի լեռներուն վրայ:

Այս շրջանին Քեսապ խառնաշփոթութեան, կղզիացման մէջ էր ու պաշարուած ո՛չ բարիացակամ ուժերէ: Օրհասական կռիւ կը մղէր խուսափելու համար ստոյգ մահէ ու բնաջնջումէ: Թուրքին սարսափը կը տիրէր ամէն կողմ:

Հոս էր որ աննման Տային ու իր արիասիրտ ընկերները նախախնամական դեր կատարեցին, կազմակերպելով ու պաշարելով շրջանը, ահ ու սարսափ տարածելով ամէն կողմ ու քաջութիւն ներշչելով ժողովուրդին:

Գարա Տայիին կեանքի ամէնէն բեղուն եւ գեղեցիկ գործերէն մէկը եղաւ հիմնել որբանոց մը: Արդարեւ, փոքր Քեսապի մէջ, ցեղասպանութենէն ճողոպրած տասնեակ որբեր հաւաքուած էին զանազան շրջաններէ, անօթի, ծարաւ, կիսամեռ: Տային պատսպարան մը կը հիմնէ այդ որբերուն համար, առանց արտաքին օժանդակութեան, ասկէ անկէ, հագուստ եւ սննդեղէն կը մուրայ ու կը պահէ եւ կը կերակրէ այդ ծնողազուրկ փոքրիկները, միեւնոյն ատեն աշխատելով տեղաւորել զանոնք հայ ընտանիքներու քով, Անտիոքէն սկսած մինչեւ Մուսա լեռ:

Ապա՝ կ՛անցնի ներքին կազմակերպչական աշխատանքներուն: Գաղթականութենէն վերադարձին, յուսահատ ու անօգնական ժողովուրդը կ՚ապրէր ներքին տառապալից օրեր:

Անիշխանութիւն, անապահովութիւն, անորոշութիւն: Տային ու իր սրտակից ընկերները կը լծուին հերոսական գործունէութեան: Կը կազմեն ազգային մարմին մը, ներքին մարմին մը որպէսզի պահեն եւ Քեսապը պաշտպանեն թշնամիներէն: Զինուորական թեւը կը հսկէր ներքին ապահովութեան եւ կը պաշտպանէր գիւղը ներքին ու արտաքին թշնամիներէն:

Ժողովուրդը այդ օրերուն կ՚ըսէր, «Տային եւ իր ընկերները հոս են, մեր մէջ, թուրքերը չեն կրնար կողոպտել ու  գրաւել Քեսապը»:

Իր օրերուն կը բարեզարդուի եկեղեցին:

Իսկ ամէնէն կարեւորը, ուսման եւ զարգացման կեդրոն մը հիմնելն էր: Տային, իր ժրաջան ընկերներուն եւ անխոնջ ժողովուրդին ջանքերով, հիմը կը դնէ Ազգային Ուսումնասիրաց վարժարանին: Բահն ու բրիչը ձեռքին՝ ան առաջին նախաձեռնողն էր այս սրբազան գործին:

Շէնքի հիմնադրութեան հանդէսը տեղի կ՛ունենայ 26 Օգոստոս, 1928ին, մասնակցութեամբ ամբողջ Քեսապի ժողովուրդին:

Յետագային, երբ ամավերջի հանդէսը տեղի պիտի ունենար, Տային մեծ եռագոյն դրօշակը շալկած կ՚առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի նոր ուսումնարան «Դէպի աղբիւրը լոյսին»:

 

***

 

Իր բացակայութեան, ֆրանսական զինուորական ատեանին կողմէ մահուան կը դատապարտուի, փախստական ընկերներուն հետ կ՚ապաստանին լեռներուն վրայ, բայց հակառակ ասոր Քեսապի Տային ամէն տեղ էր, ոչ միայն Քեսապի մէջ ու շրջակայքը, այլ նաեւ մինչեւ Անտիոք ու Մուսա լեռ եւ ուր որ պէտք էր:

Աւելի ուշ երբ խաղաղութիւն կը հաստատուի այս շրջաններուն մէջ, իշխանութիւնները ամրացած էին, եւ կեանքը բնականոն դարձած էր, Տայիին ընկերներուն աշխատանքով, ֆրանսական բարձր գոմիսէրը ներում շնորհեց անոր եւ իր ընկերներուն 1928 թուին:

Ազատ Քեսապը նոր կացութիւն ստեղծեց Տայիին համար: Ան՝ մինակն էր ու անտուն: Կը գիշերէր ուր որ ըլլար, ուր որ յարմար տեղ գտնէր, մանաւանդ թոնրատուները, բայց ոչ ոքի տունը:

Ընկերները այս նոր կացութեան մէջ որոշեցին ամուսնացնել Տային, հաւաքուեցան միատեղ, տուն մը շինեցին ու Տային ամուսնացուցին որբանոցի վերջին աղջկան՝ Մարիին հետ:

Տային դարձաւ վեհ հոգի ու գուրգուրոտ հայր մը եւ անզուական ամուսին մը:

 

***

 

Արմէն Անոյշ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Տային. «Ապառաժի կտոր մըն էր: Բարձրահասակ,  թիկնեղ, սեւ արտայայտիչ աչքերը կը տպաւորէին քեզ: Տային անզուգական էր իր հոգիով, իր սրտին մէջ տեղ ունէին բոլորը, աղքատը, տնանկը, դժբախտն ու հիւանդը, իր պատառ մը հացը կու տար բոլոր անոնց որ պէտք ունէին:

Տային կը գտնուէր ուր որ պէտք էր, առանց մտածելու թէ դուրսը բուք էր, ձիւն եւ ձմեռ: Քամին կը սուլէր Կասիոս լերան բարձրունքին, իսկ ինքը պաշտպանուած չէր ցուրտին դէմ, միակ նպատակն էր հասնիլ կարիքաւորին:

Կ՚երթար դաւադիր աչք մը հեռացնելու սահմանէն որպէսզի արգիլէր անարդար  գործ մը: Կ՛երթար հարս ու կեսուրին, կնկան եւ ամուսինին միջեւ վէճերը լուծելու եւ կամ բարկանալու, խրատելու համար: Այս բոլոր անձերը առանց սակարկութեան կը հնազանդէին Տայիին:

Տային յաճախ կ՚ըլլար երիտասարդներուն, պատանիներուն եւ նոյնիսկ երեխաներուն հետ: Ժամերով լուր ու մունջ կը հետեւէր անոնց խօսակցութեան. Կ՚երտասարդանար, կը մանկանար, կը հրճուէր, կը լայննար հոգին: Խանդավառութեամբ կ՛ունկնդրէր երիտասարդներուն տաք վիճաբանութիւնները կամ խօսքերը եւ նոյնիսկ գրական քննարկութիւնները: Այս կիսագրագէտ մարդը յաճախ առանց ձայնի կը հետեւէր այս երիտասարդներուն եւ վերջաւորութեան, տեղին ու գեղեցիկ սրամտութեամբ մը կը զուարթացնէր ելեկտրականացած մթնոլորտը:

Այս բոլորին հետ, Տային ներկայ ըլլար կամ ոչ բոլորը կը զգային անոր ներկայութիւնը եւ կը յարգէին այս համեստ պարզ ու տիրական անհատը:

Կեանքի վերջին տարիներուն, անողոք հիւանդութիւն մը հարուածեց Տային եւ անդամալուծեց զինք: Ան՝ այլեւս չէր կրնար քալել, չէր կրնար խօսիլ ու զրկուեցաւ ինքզինքը արտայայտելու կարողութենէն եւ վերջաւորութեան ամբողջ մարմինը անշարժացաւ: Մնաց միայն բարի ու լուսաւոր ժպիտը իր դէմքին:

Հիւանդութիւնը վերջաւորութեան զարկաւ Տայիին ազնուական սրտին  եւ ան աչքերը փակեց 14 Յունուար, 1953ին:

Իր դամբարանին վրայ կը կարդանք՝

«Քեզ հայ խրճիթ մը ծնաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց, այդ վշտին չափ եղար մեծ»:

Դ. Վարուժան

 

Թող սերունդէ սերունդ յիշուին բոլոր այն հերոսները որոնք իրենց կեանքը վտանգելով, լաւագոյնը ըրին ազատելու եւ օգնելու համար հայ ազգին: Յիշատակը անթառամ մնայ:

 

Սեւան Ճ. Աբէլեան

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>