
Գարատուրան
Գարատուրան Կամ Գալատուրան
Քեսապ երբ կ՛երթաս չես կրնար առանց Գարատուրան այցելելու վերադառնալ: Տիւնէկ կամ Կիւնի լեռներու միացումովը կը կազմուի զիկ-զակ ձոր մը որ կը հասնի մինչեւ Միջերկրական ծովուն ափերուն:
Տարիներ առաջ Գարտուրանը եղած է Քեսապի նաւահանգիստը:
Գարատուրանի թաղերը գէթ մինչեւ հայրենադարձութիւն կը ճանչցուէին բնիկ գերդաստաններու անուներով, որովհետեւ իւրաքանչիւր գերդաստան ունէր իր թաղը:
Գարատուրանի ծանօթ ընտանիքներէն միայն քանի մը նախնիները բնիկ քեսապցի չեն եղած: Ասոնց նախնիները եկած կը համարեն Մարաշէն, Սուէտիայէն, Ճէպէլ Քրատէն ու Անտիոքի մօտիկ գիւղերէն, Եամատը, Կէօչու…
Գարատուրանցիներուն հիմնական զբաղումը եղած են երկրագործութիւն ու անասնապահութիւն: Ձիթենիի, թզենիի, թթենիի ու որթատունկի պարտէզները եւ ծխախոտի ցանքերը ընդհանրապէս ձորին մէջ կը գտնուէին: Ծովու թաղը մանաւանդ նշանաւոր էր ձիթաստաններով: Գարատուրանի ծխախոտի հռչակը տակաւին մինչեւ անցեալ դարու սկիզբը հասած էր Եգիպտոս եւ Ֆրանսա: Քեսապի շրջանէն դուրս ղրկուած շերամի խոզակները եւ դափնիի ձէթէն մեծագոյն մասը Գարատուրանէն կ՛ելլէր: Գարատուրանցիք նաեւ զբաղած են փայտահատութեամբ եւ ածխագործութեամբ: Այս բոլորին կողքին անոնք նաեւ անասնապահ էին եւ գլխաւորաբար այծերու հսկայ հօտեր ունիէն:
Գարատուրանը, միշտ եղած է շրջանին ամէնէն բազմամարդ գիւղը:
1918 – 20 տարիներուն, տարագրութենէն գիւղին միայն 45 առ հարիւրը կը վերադառնայ գիւղը: Գիւղացիներուն մէկ մասը կը գաղթէ դէպի Պէյրութ եւ Ամերիկա: 1939ի սահմանագծումով Թուրքիոյ կը կցուին կարգ մը գերդաստաններու կալուածները: 1947ին ներգաղթի ժամանակ շատեր կը մեկնին Հայաստան:
Յիշենք Գարատուրանի կարգ մը գերդաստաններէն. Զահթէրեան, Անտրեան, Թիթիզեան, Սաղտճեան, Բապուճեան, Կէօքճեան, Չօլաքեան, Եարալեան, Քէշիշեան, Չէրչիկեան, Մանճիկեան, Լնդեան, Ղազարեան, Գալէնտերեան, Տէր սահակեան, Չափարեան, Գարամարտեան, Աբոյեան, Պաճաքեան, Սարգիսեան: Այստեղ կ՛արժէ յիշել թէ Վախճանեալ Գարեգին Ա. Վհեափառը բնիկ Գարատուրանցի էր որ վերջը եղաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս:
Մինչեւ 19րդ դար գիւղին մէջ գործած են երեք մատուռներ: Անոնցմէ մէկն էր Ս. Գէորգ եւ Ս. Ստեփանոս որ կը գտնուի ծովու թաղին շրջանը: Սակայն՝ 1889ին ամբողջ գիւղին մէջ կը կառուցուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ քովը դպրոցական շէնք մը:
Գարատուրանի մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին կայ նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցին որ մէկ ճիւղն է Քեսապի եկեղեցիին: Եկեղեցւոյ կից նաեւ կար դպրոց մը որ 3 սենեակներէ կը բաղկանար:
Գարատուրանի մէջ գործած են հետեւեալ դպրոցները.-
-Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարժարան:
-Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան:
-Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ազգային Մեսրոպեան նպաստընկեալ վարժարան:
-Հ.Բ.Ը. Միութեան նպաստընկեալ Վահան Պետրոսեան վարժարան:
-Լատինաց վարժարան:
-Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան վարժարաններ:
Գարատուրանի սկիզբը կը գտնուի շրջան մը որ կը կոչուի Գարատաշ: Ժամանակին անմարդաբնակ շրջան մը եղած է: Սակայն՝ տարիներ վերջ երբ Գարատուրանի հողի սահանքը պատահեցաւ կարգ մը ընտանիքներ ինչպէս Լնդեան, Գազազեան եւ Ղազարեան իրենց տուները շինեցին այս հողերուն վրայ: Յիշենք որ 1942ի սահանքի հետեւանքով փուլ եկած են նաեւ եկեղեցին եւ դպրոցը:
Գարատուրանի մէջ կայ նաեւ ակումբ մը, գրադարան մը, ուր ընթերցասէր անձեր կրնան գիրք կարդալ: Նաեւ մինչեւ օրս կը գործէ Ս.Օ.Խ.ի «Գետաշէն» մասնաճիւղը:
Սլտրան նշանաւոր լեռը կը գտնուի Գարատուրանի մէջ: Իսկ՝ անոր արեւելքին կայ աղբիւր մը, Չալման ուր Գարատուրանցիներուն մէկ մասը հողամասեր ունին:
Գարատուրանի ծովափէն քիչ մը անդին՝ Սըրնլըխը կամ Սըրընըխը որ օտարներու կողմէ կը կոչուի նաեւ «Հայոց ծովափ», դժուարամատչելի ճամբայով սակայն հրաշալի տեսարանով, յաճախուած ընդհանրապէս քեսապցիներէ, այնտեղ քեսապցիներ հողամասեր ունին:
Աւելի անդին Էօրէնճիքն է, այնտեղ ալ ճամբան դժուարամատչելի է, նոյնպէս չքնաղ տեսարանով, հոն եւս քեսապցիք արտեր ունին, յատկապէս ձիթենիներու:
Կ՛արժէ անգամ մը այցելել այս գիւղը որ երկինքէն կտոր մըն է: Աստուծոյ ստեղծած հրաշալիք՝ բնութեան մէկ մասնիկն է:
Սեւան Ճ. Աբէլեան