Արա Ժօզէֆ Աբէլեան

Բժիշկ Արա Ժօզէֆ Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քօրքիւնէ գիւղին մէջ, 30 Նոյեմբեր, 1953ին: Նախնական ուսումը ստացած է Քօրքիւնէի եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանէն ներս: Ապա միջնակարգի բաժինը շարունակած է Քեսապի Հարաս Գաումի դպրոցը, որմէ ետք երկրորդական ուսման համար մեկնած է Պէյրութ եւ աւարտած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը:
Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն որպէս բժիշկ:
Աշխատակցած է «Բագին» ամսագրին: Հրատարակած է երկու գիրքեր, «Զինադուլ 27» եւ «Հօթէլ Լիւքս»:
Ներկայիս կ՛ապրի Նիւ Ճըրզի եւ կը գործէ իր անձնական դարմանատան մէջ իր տիկնոջ Թելմայի հետ միասնաբար:
Հետեւեալ հատուածը առնուած է «Զինադուլ 27» գիրքէն:

Այդ տարին բերքը շատ առատ էր: Խնձորենիի յոգնած ու կքած ոստերուն վրայ ծանրացեր էին խնձորները: Նախորդ օրուան աշխատանքային հերթի համար պատրաստուած ցանկին նախատեսած թիւերը ոչ ոք կը յարգէր: Բեռնակառքի տարողութեան չափ խնձորով լեցուն սնտուկները շուտով կը հաւաքուէին ընկուզենիին տակ՝ գիւղին հրապարակը: Վէճը յաճախակի էր: Ընդհանրապէս լուծումը կ՛ըլլար այն, որ բեռնակառք մը եւս ապսպրուի: Ու բեռնակառքերը հերթով կ՛անցնէին գիւղէն, իրենց հետ տանելով հասուն բերքը պարտէզներուն, ու ետին ձգելով փոշիի թանձր ամպ մը:
Ցանկերը մենք կը պատրաստէինք նախօրօք, եւ երբ Յակոբ Էմիին քով հասնէինք, ան արդէն օղիին բաժակը պատրաստած կ՛ըլլար: Քանի մը խորոված թռչուն, կովու կաթէ պատրաստուած թարմ պանիր, չորթան, լօլիկ ու վարունգ: Արեւը մար չմտած՝ ատոնք պատրաստ պէտք էր ըլլային Յակոբ էմիին պատշգամը զետեղուած սեղանին վրայ:
«Դուք համալսարանական տղաք էք», կ՛ըսէր երբ ջանայինք զինք համոզել, որպէսզի իր խնձորէն մաս մը թողու յաջորդ հերթին: «Դուք պէտք է լաւ հասկնաք պարագան…»: Լաւ ումպ մը կը կոնծէր բաժակէն եւ, թռչունի պուտիկ մը ծամելով՝ կը շարունակէր պաշտպանել իր թէզը.
«… Իմ պարտէզս ջրուած է, չէ՞: Ձերը՝ անջրդի: Ճի՞շդ է, թէ ոչ»: Ու նկատելով, որ դժուար չէ մեզ համոզել, աւելի եւս համոզիչ շշետով մը կ՛աւելցնէր.- «Ջրուած պարտէզին խնձորը, անգամ մը որ քաղես, այս տաքուն քանի՞ օր կը դիմանայ»:
Ումպ մը եւս կը խմէր ու ջղային շարժումով մը բաժակը կը դնէր սեղանին: Մինչեւ որ վստահ չըլլար, թէ մեզ կրցած է համոզել, ու ցանկին վրայ չտեսնէր իրեն համար նախատեսուած սնտուկներուն թիւը, չէր ձգեր մեր օձիքը:
Կարապետը, իր կարգին, ունէր իր «մասնաւոր պարագան», զոր պէտք էր «նկատի առնէինք», թէ՝ ձմեռը մօտ էր եւ ինք երկար չէր մնար գիւղ, թէ՝ շուտով կը փոխադրուէր քաղաք, ուրեմն, նախապատուութիւնը իրը պէտք էր ըլլար: Ենովք՝ ունէր գործաւոր, կ՛աճապարէր: Ճէյմսը պիտի սկսէր այլ աշխատանքի, չէր կրնար ուշացնել պարտէզի գործը: Ասատուրին խձորները կը թափէին շատ եւ կը վիրաւորուէին խիճերէն, չէին դիմանար յաջորդ հերթին… այսպէս, շարքը կ՛երկարէր: Խորքին մէջ, պատճառաբանութիւններու կարիք չկար, կարիք չկար արդարացումներու, բերքը հոն էր եւ այդ բերքը շուկայ պիտի փոխադրուէր. բերքին իսկ արդար իրաւունքն էր այդ: Բայց, առանց այդ ձեւի սակարկութիւններու ու պատճառաբանութիւններու, գործը կը դառնայ անհրապոյր պարտականութիւն: Ու այդ բոլորը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ գիւղացիին արդար խանդավառութիւններուն արտայայտութեան մէկ եղանակը: Այդպէս է, որ բերքի այդ օրերուն, աշխատանքը կը ստանայ աղմկալից կենսունակութիւն:
Երբ վերջին տուներուն հասնէինք՝ արդէն մթնցած կ՛ըլլար: Պատշգամներէն, կիսով բացուած դուռներէն ու բակերէն կը լսէինք գիւղի կիներուն գանգատները, թէ՝ «արդէն կէս գիշեր եղաւ, եւ դեռ ելեկտրականութիւն պիտի գայ…», եւ կամ՝ «մէկ կաթիլ իսկ ջուր չէ մնացած… ելեկտրականութիւն ալ չկայ, հագուստներ ունիմ արդուկելիք, տակաւին…»:
Այդ կը նշանակէր, թէ մենք արդէն ուշացած էինք իրիկուան մեր պարտականութիւնը կատարելու եւ ելեկտրականութիւն հայթայթող ու գիւղին համար ջուր քաշող շարժակը չէինք աշխատցուցած ատենին: Կը շտապէինք դէպի աղբիւր, ուր զետեղուած էր շարժակը: Ամրան՝ զայն բաժնեկցելու պարտականութիւնը տղոցն էր: Ձմրան՝ գիւղի մարդոց սակաւաթիւ զբաղումներէն մէկը. իրիկնամուտին՝ կը շտապէինք դէպի «մոթորին տուն»ը, ինչպէս կը սիրէին ըսել գիւղի մարդիկը, անշուշտ «տուն» մը չէր բնաւ, այլ՝ աղիւսէ չորս անծեփ պատ, տարիներու ընթացքին հանքաիւղերէն եւ մազութէն սեւցած, եւ առաստաղ մը, ուր մողէզներ կ՛ապաստանէին ցերեկուան տաքուն, ձգողական ուժին դիմադրելով, առաստաղին կառչած մնալու իրենց զարմանալի կարողութիւնը մարզելու համար կարծես: Տասը տարուան պատմութիւն մը ունէր միայն շարժակին մուտքը գիւղէն ներս: Ճարտարուեստի այդ ներկայացուցիչը կրցած էր նաեւ թափանցել կանաչածածկ ու հեռաւոր այդ բարձունքը, Քէօրքինա, իրեն հետ բերելով աղմուկ, ծուխ, հանքաիւղ, մազութ, ու բազմած էր աղբիւրին կատարը, խնձորենոտի մը կից եւ իր շուրջ գտնուող ծառերը չորցեր էին՝ անոր ժահրէն թունաւորած: Մուտքը եւ այդտեղ հաստատուիլը անաղմուկ չէին եղած անշուշտ. եղած էր վէճ, անհամաձայնութիւն: Ո՞ւր տեղաւորէին այդ նորեկը, որու համար մեր գիւղին բնութիւնը այնքան ալ հիւրընկալ պիտի չըլլար: Ոմանք՝ թաղին մէջ առաջարկեր էին, մօտ ըլլալու համար: Գիւղը ընդիմմացեր էր. ո՞վ կրնար հանդուրժել աղմուկը: Աղբի՞ւր տանէին. ո՞վ պիտի երթար ձմեռ օրերուն, ձիւնին հեղեղին, գիշերով-ցերեկով՝ մարելու, աշխատցնելու համար: Կա՞լը, ճամբեզրի՞ն, ձո՞րը, ո՞ւր: Եւ ամբողջ ամիսներ, շարժակը, այդպէս մերկ ու լքուած անբաղձալի հիւրի պէս, սպասեր էր դպրոցի շրջափակին մէջ, մանուկներուն հիացումի եւ զբաղումի համար: Հաճելի նորութիւն մը, որ դպրոցին մօտիկ բնակող Չէլէպա քեռմարին նոր պաշտօն մը կը հայթայթէր. յաճախ սաստել ու հեռացնել մանուկները, որ յանկարծ բան մը չկոտրէին մոթորէն: Վերջապէս զիջումը եկաւ Միսաք աղայենց հողերէն, եւ ամէն ոք յօժարեցաւ աղբիւրին մօտ գտնուող անոնց խնձորենոտին մօտ զետեղել շարժակը: Այդ բոլորը գուցէ չպատահէին, բայց ճարտարարուեստը գտած էր տկար գիծ մը մեր գիւղի բնութեան մէջ: Ջուրը: Տարիներ ամբողջ, գիւղացիք պեղեր էին գիւղի շրջակայ բարձրունքները: Ապարդիւն: Աղբի՞ւրը – շատ ցած էր գիւղէն եւ հեռու: Կատարած էին դիմումներ, պետութեան, հայկական մեծ հաստատութիւններու, Ամերիկա գաղթած ազգականներու: Ապարդիւն: Հոս, միջամտած էր մեքենան: Գիշեր մը, գիւղի բոլոր մարդիկը հաւաքուեր էին դպրոցին սրահը ,մեծով, չափահասով, պզտիկով: Չափեր էին կարելիութիւնները, կարողութիւնները. հաւաքեր էին մտքերը, ուժերը, կորովն ու քսակները: Քանի մը ամիս ետք՝ արդէն շարժակը հասեր էր, խողովակները երակներու նման սողացեր էին գիւղի բոլոր թաղերուն մէջ, բոլոր տուներէն ներս: Ջրամբարը կառուցուեր էր Գալաճըգի բլուրին վրայ, ջուրը յորդեր էր ծորակներէն, անզուսպ ցայտքով մը. գիշերները դարձեր էին լուսայորդ եւ տօնական: Գիւղը անշուշտ, թաքուն հպարտութիւն մը ապրեր էր այդ իրագործումով, եւ ատիկա չէր վրիպած դրացի գիւղակին, Չագալճըգի Ժիրայրին նկատողութենէն, որ առաջին իսկ հերթին, խրախճանքի մը ընթացքին, շուրջպար մը առաջնորդած ատեն, իր շուօրին մէջ – տեղւոյն վրայ յօրինուած ժողովրդային բանահիւսութիւն – տող մը սահեցուցած էր Քէօրքինային հասցէին.

Վառուօծ ին Քուրքունու լուսերը
Խաթար ի հիտուէն զուրցիլը:
(Վառուած են Քէօրքիւնէի լոյսերը
Վտանգաւոր է հետերնին զրուցելը):

Այդպէս, տարուէ տարի, եւ արագօրէն մեքենայացումը դարձաւ տանտէր. եզները չքացան դաշտերէն, անասնավճառներն ու մսագործները հաւաքեցին տաւարը ու տարին գիւղէն , աննկատ ու անաղմուկ, եւ արօրը փոխարինուեցաւ հոլտը թրաքթէօրներով, փասքալիներով. էշերը՝ տեղի տուին տաթսըներուն եւ մազտաներուն առջեւ. եւ հիմա, դաշտերն, պարտէզներէն, ձորերէն՝ գարնան ջերմ օրերուն, տասնեակներով թրաքթէօրներու համանուագը կը բզզայ մինչեւ ուշ երեկոյ:
Եւ լաւ է այդպէս:
Գիւղացիք համոզուած են ատոր: Հոգ չէ թէ աղմկալից ու բարդ, բարիքներ են ատոնք, անձրեւի պէս, ասֆալթապատ ճամբուն նման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>