Քօրքիւնէ

Քօրքիւնէ

Քեսապի գիւղերը – Քօրքիւնէ

Մեր նախորդ էջով խոստացած էինք ձեզի ներկայացնել Քեսապի գիւղերը:

​Ահաւասիկ առաջին գիւղը, Քօրքիւնէ:

​Քեսապի ամենագեղեցիկ գիւղերէն մէկն է  Քօրքիւնէն, որ կը գտնուի գեղեցիկ սարահարթի մը վրայ շրջապատուած բազմաթիւ ծառերով:

​Գիւղին շուրջը հոս ու հոն գտնուող հնութեանց փշրանքները կը հաստատեն թէ հին բնակավայր մը եղած է Քօրքիւնէն: Հոն գտնուած են հնագոյն ու միջին դարերու պատկանող մետաղադրամներ, կաւէ ամաններու կտորներ, խճաքարով պատած յատակի մասեր, հին ձիթահանք ու լողեր: Հողային աշխատանքներու ատեն, ըստ երեւոյթին հին կառոյցները հիմնայատակ կործանած են:

​Գիւղին հարաւ-արեւելեան բարձունքին վրայ մինչեւ անցեալ դարուն սկիզբը կանգուն կանգնած էր Ս. Ստեփանոս մատուռը որուն աւերակներուն շուրջ գիւղացիք կը թաղէին իրենց մեռելները:

​Տարագրութենէն առաջ գիւղին բնակչութիւնը կազմուած էր Չէլէպեան, Պէտիրեան Գերպապեան(Խտրեան), Քէլեան (Գէտեան) Աբէլեան եւ Գագուսեան գերդաստաններէն: Ասոնց մէջ Չէլէպեանները կը նկատուին գիւղին առաջին բնակիչները:

​Գիւղացիք այդ օրերուն գլխաւորաբար այծերու հօտեր ունէին ու արտեր գիւղին շրջապատին մէջ: Գիւղին հարաւային եւ արեւելեան կողմերը եղեւինի խիտ անտառներ էին, իսկ հիւսիւսային եւ արեւմտեան ծմակներն ու լեռնալանջերը գլխաւորաբար դափնիի ու փշոտ կաղնիի թփուտներ: Գիւղացիներուն հիմնական զբաղումներէն մէկն ալ փայտահատութիւնն էր:

​Գիւղը շրջապատուած էր պարտէզներով ուր կային թթենի, թզենի, ձիթենի, որթատունկ, նռնենի, ընկուզենի…

​Մինչեւ անցեալ դարուն գիւղին «խանտակին» մէջ կը գործէին երկու ջրաղացներ: Գիւղին մէջ կայ տակաւին պզտիկ աղբիւր մը  ուրկէ գիւղացիք տակաւին կը ջրեն իրենց պարտէզները:

​1909ի Ապրիլ 23ին, Քօրքիւնէցիք ալ իրենց բաժինը ունեցան երբ թուրք խուժանը կը մտնէ գիւղ եւ կը կողոպտէ հարուստ տուները:

​Քօրքիւնեցիք 1915ին  տարագրուեցան մինչեւ Հոմս, Համա, Տէյր Աթէի (Սուրիա) եւ Սալթ (Յորդանան) եւ անոնց մէկ մասը զոհուեցաւ իսկ ան որ դիմացաւ վերադարձաւ իր ծննդավայրը: Գիւղին մէջ 1936էն մինչեւ հայրենադարձութիւն կը գործէր ձէթի գործարան ուր իրենց ձիթապտուղը կը բերէին ոչ միայն Քեսապի, այլ դրացի շրջաններու բնակիչներն ալ: Քարէ «Պաթոս»ը  (Ճմլիչը) այժմ զետեղուած է աղբիւրին քով:

​1947ին հայրենիք կը ներգաղթեն կարգ մը ընտանիքներ յատկապէս Չէլէպեանները:

​Քօրքիւնէցիք կը պատկանին Աւետարանական համայնքին եւ ունին իրենց եկեղեցին:

​Քօրքիւնէի մէջ գործած են երկու դպրոցներ, առաջինը Հայ Աւետարանական Վարժարան (1898 – 1915 եւ 1930 – 1981): Իսկ երկրորդը Միացեալ Վարժարան (1934 – 1939):

​2014 թուին Քօրքիւնէցիք ալ ինչպէս բոլոր քեսապցիները դարձեալ բռնեցին գաղթի ճամբան եւ երեք ամիսներ վերջ  անոնք վերդարձան իրենց օճախները թէեւ վնասուած, սակայն լաւագոյնը կ՛ընեն, հակառակ ներկայ կացութեան յարուցած դժուարութիւններուն, որպէսզի պահեն իրենց պապենական օճախը:

​Կեանքի պայմանները կարգ մը քօրքիւնէցիներու ստիպած են հեռանալ իրենց հայրենի գիւղէն եւ արտագաղթել դէպի Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Լիբանան, սակայն անոնք ամէն ամառ կամ առիթի մը կ՛երթան իրենց գիւղը որպէսզի վայելեն Քօրքիւնէն եւ հարազատները:

​​​​​​

​​​​​​​​Սեւան Ճ. Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>