Քեսապ Պատմական

Քեսապ Պատմական

Քեսապ – Պատմական

 

Հեռուն Կիլիկիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը, Կասիոս լեռան ստորոտը կը գտնուի Քեսապ աւանը որ իր մէջ կը պահէ ափ մի կիլիկիացի հայեր որոնք մինչեւ այսօր իսկ կը պահեն իրենց լեզուն, բարբառը, սովորութիւնները եւ հաւատքը:

Ներկայիս՝ Քեսապը կը պատկանի Սուրիոյ: Սակայն՝ տարիներ առաջ մաս կը կազմէր Կիլիկիոյ Ռուբինեանց թագաւորութեան:

Քեսապը զիկ-զակ ձորերով, խորտուբորտ բլուրներով, բարձր լեռներով եւ անտառներով շրջան մըն է որ Լաթաքիա քաղաքէն մէկ ժամ հեռու կը գտնուի:

Քեսապ մշակելու հող չունի անտառային շրջան մը ըլլալով: Սակայն՝ գիւղացիները իրենց աշխատանքով լեռները պարտէզներու վերածած են, ուր կը մշակեն՝ թթենի, խնձորենի, որթատունկ, ձիթենի եւ  դեղձենի եւ այլ պտղատու ծառեր:

Քեսապ, կը բաղկանայ տասը գիւղերէ: Քեսապի բուն գիւղին մէջ կը գտնուի շուկան, կեդրոնական փողոցին վրայ ուր կը ծախուի հիմնականօրէն Քեսապի արտադրութիւնները:  Քեսապի մէջ նաեւ կայ գրադարան մը, ուր մանուկներ եւ երիտասարդներ կը հաւաքուին գիրք կարդալու, իսկ ծերերը զիրար տեսնելու կամ նարտ խաղալու:

Քեսապի մնացեալ գիւղերն են՝  Սեւ աղբիւր, Խայըթ, Տուզաղաճ, Չինար (Չընօր), Չագալճըք, Էքիզ Օլուք, Գարատաշ, Գարատուրան՝ որ կը գտնուի Միջերկրականի ծովեզերքը, Պաղճաղազ եւ Ներքի գիւղ կամ Էսքիւրան: Այստեղ կ՛արժէ յիշել որ մեր նախահայրերուն առաջին հանգրուանը երբ եկած եւ հաստատուած են այս շրջանը եղած է Էսքիւրանը: Ապա՝ անոնք տարիներ վերջ դէպի վեր բարձրանալով գտած են Քեսապը եւ միւս գիւղերը եւ հաստատուած են նաեւ այդ շրջանները: Ամէն տարի, Օգոստոս ամսուն 15ի մօտ Կիրակին, հարիւրաւոր հայորդիներ կու գան այս գիւղը ուր Աստուածածնայ վերափոխման տօնին կը մորթուին ոչխարներ կը կատարուի Մատաղ եւ կը պատրաստուի աւանդական հերիսան: Կար նաեւ Պաշօրտ անունով գիւղ մը մինչեւ 1947՝ որ բաւական բնակչութիւն ունէր, սակայն ներգաղթին պարպուեցաւ իր բնակչութենէն, որոնք տեղափոխուեցան Հայաստան: Պաշօրտը Թուրքիոյ հետ սահմանակից է:

Իսկ Պալլում շրջանը, ուր կան քրիստոնէական վանքի մը աւերակները, դարձեալ սահմանակէտին վրայ, հոն Քեսապի ժողովուրդը Վարդավառի տօնին կը հաւաքուէր եւ կը տօնախմբէր: Սակայն ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ մնացած ըլլալով, հոն բարձրանալ արգիլուած է:

Քեսապի ժողովուրդը երեք անգամ տեղահանուած է իր հայրենի գիւղէն: Առաջինը 1909ին, Կիլիկիոյ ջարդերուն ժամանակ: Երկրոդը Առաջին համաշխարհային պատերազմին երբ քեսապցիներն ալ բռնեցին գաղթի ճամբան եւ հասան մինչեւ Մեսքենէ, Տէր Զօր, Հոմս, Համա եւ նոյնիսկ Յորդանան:  Ան որ տոկացած էր գաղթին, անօթութեան, պատերազմի աւարտին կրցած էր վերադառնալ Քեսապ եւ վերաշինել իր օճախը: Սակայն՝ շատեր մեռան եւ թաղուեցան ուր որ կը գտնուէին ինչպէս Տէյր Աթիէ, Սուրիոյ մէջ: Երրորդ տեղահանութիւնը տեղի ունցեաւ 21 Մարտ, 2014ին Գարնան առաջին օրը: Երբ ահաբեկիչներ լեռներէն իջնելով Քեսապ ներխուժեցին, բնակիչները փախուստի մատնելով, որոնք ապաստանեցան Լաթաքիա կամ այլ ապահով շրջաններ: Սակայն՝ այս տեղահանութիւնը երկար չտեւեց եւ երեք ամիսներ վերջ դարձեալ անոնք վերադարձան Քեսապ եւ սկսան վերաշինել իրենց հայրենի տուները:

Վերը յիշուած իւաքանչիւր գիւղ ունեցած է իր դպրոցը եւ եկեղեցին: Սակայն՝ 1947ի ներգաղթի ժամանակ շատեր վերադարձան հայրենիք, ուրիշներ գործի պատճառով ձգեցին Քեսապը եւ գացին Սուրիոյ քաղաքները կամ ձգեցին երկիրը եւ հաստատուեցան տարբեր երկիրներ, այդ պատճառով գիւղը կորսնցուց իր զաւակներէն շատեր եւ դպրոցները փակուեցան: Ներկայիս Բուն Քեսապի մէջ կը գործեն երեք դպրոցներ, իրենց կողքին ունենալով եկեղեցիներ:

Ներկայիս՝ Ամերիկայի եւ Լիբանանի մէջ կը գործէ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը որուն նպատակն է տարբեր ձեւերով օգնել իրենց գիւղին նաեւ առիթներով հաւաքուիլ եւ տեսնել իրենց հարազատներն ու բարեկամները: Քեսապի ժողովուրդը գործի պատճառով ցրուած է տարբեր երկիրներ ինչպէս Ամերիկա, Գանատա,  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Լիբանան եւ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ: Սակայն՝ անոնք տարբեր առիթներով կ՚այցելեն իրենց հայրենի գիւղը:

Քեսապը գեղեցիկ ամառանոց մըն է ուր ամառուայ ընթացքին մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կու գան  վայելելու գեղեցիկ բնութիւնը, զով օդը: Քեսապցին իր ապրուստը կը հոգայ ծախելով իր պարտէզի արտադրութիւնները: Նշանաւոր է Քեսապի «Ղար» օճառը իր կը պատրաստուի  մշտադալար Դափնի ծառին պտուղէն: Անոնք կը հաւաքեն ծառին պտուղը որ քիչ մը կը նմանի ձիթապտուղին եւ անոր մէջէն ձէթը կը հանեն ու կը պատրաստեն օճառը որ ընդհանրապէս կանաչ գոյն ունի:

Քեսապի մէջ հայերէն լեզուին կողքին նաեւ ժողովուրդը կը խօսի իր յատուկ բարբառը Քեսապերէնը «Քէսպընօք» կամ «Քիստինօք», որ կը նմանի Այնճարի բարբառին: Քեսապի ժողովուրդը ոչ միայն հողագործութեամբ կը զբաղի,   այլ նաեւ ունի բազմաթիւ  բժիշկներ, ուսուցիչներ, գրողներ, կղերականներ: Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սարգիսանը որ ապա եղաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Քեսապի Գարատուրան գիւղէն էր: Վեր. Վահան Թութիկեան որ ներկայիս կ՚ապրի Ամերիկա, երկար տարիներ եղած է համաշխարհային եկեղեցիներու նախագահը դարձեալ Քեսապի Էքիզ օլուք գիւղէն է:

Ներկայիս՝ երբ Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին կը հասնի, կ՚արժէ անգամ մը այցելել լեռներուն մէջ գտնուող Կիլիկիոյ հայկական վերջին աւանը:

 

Սեւան Ճ. Աբէլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>