Տարի Մը Առաջ էր…Քեսապի Վրայ Կատարուած Ներխուժումը

Ողբերգական դրուագէն թաւալած է տարի մը…: Մարտ 21, 2014-ին ալ, օգտուելով քանի մը տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ խախտուած անդորրութենէն եւ տիրող անիշխանական կացութէնէն, Թուրքիոյ եւ …բնականաբար թրքական դրդումներով, մատակարարումով եւ հովանաւորութեամբ կատարուեցան ներթափանցումներ, որոնց ծաւալն ու գործած աւերը, եղաւ սպասուածէն շատ աւելի վնասակար եւ ահաւոր: Անգամ մը եւս հայորդին, այս պարագային Քեսապահայը ստիպուած էր…գէթ անորոշ ժամանակաշրջանի մը համար, հեռանալ իր շատ սիրելի երդիքէն ու հողէն: Յաջորդող օրերուն, եթէ Քեսապէն ներս զինուորական գործողութիւններն ու ընդհարումները սաստկացած էին, նոյնքան սաստկացած էին հայութեան վիշտն ու բողոքը: Բարեբախտաբար, երկար չտեւեց այս արդի օրերու «Սելճուքեան» արշաւանքը, եւ հազիւ երեք ամիս անցած, Յունիս 15, 2014-ին տարածաշրջանը պարպուեցաւ խուլիկաններէ, որոնք այս անգամ կեդրոնացած էին, աւելի Արեւելեան թրքական սահմանէն ներս՝ Արաբունարի (Քոպանի) շուրջ, ուր շատ աւելի երկար տեւեց ճակատումը…: Պատմութիւնն էր որ ինքզինք կը կրկնէր եւ աւելի յստակ ըլլալու համար, պատմութեան սեւ ու մռայլ էջերն էին որոնք կը կրկնուէին: 13-րդ եւ 14-րդ տարաշրջաններուն, հայորդին զերծ մնալու համար Մեմլուքեան եւ Օսմանեան շղթայազերծած արշաւանքներէն, եւ անոնց յաջորդող կոտորածներէն եւ հալածանքներէն, կը հեռանար իր օճախէն ու բնակավայրէ, եւ կ՛ապաստանէր աւելի լեռնային շրջաններ, որոնց կարգին յատկապէս՝ Մուսա Լեռ եւ Քեսապ: Շատեր Քեսապը կը նկատեն իբրեւ Կիլիկեան Հայաստանի սահմանակից եւ այդ ժամանակաշրջանի կազմուած հայկական գաւառ: Այլ փաստագրութիւններ կը վկայեն, թէ այդ շրջանի հայերը Անտիոքի շրջանին մէջ գոյացած հայ գաղթականութեան մը մնացորդացն են: Քեսապցիին համար միայն Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը Ապրիլ 24, 1915 թուականը չէ, ոչ ալ անցեալ Մարտի պատահածները: Քեսապցիին համար, Եղեռնը սկսած էր Ապրիլ 1909-ին, երբ հինգ հազարէն աւելի թուրք զինեալներ յարձակեցան Քեսապին վրայ եւ հրկիզեցին ու թալանեցին գիւղերը: Տասնեակներու դէմ մէկ էր համեմատութիւնը: Խուժանին դէմ, այս քանի մը հարիւր մարտիկները դիմադրեցին եւ ի վերջոյ ծովային ճամբով, ֆրանսական փոխադրանաւի մը օժանդակութեամբ, փոխադրուեցան Լաթաքիա: Իսկ 1915-ին, դիմադրութիւն կազմակերպելու աշխատանք կը կատարուէր, որ դժբախտաբար ձախողութեամբ կ՛աւարտէր եւ տարագրութիւնը կը կատարուէր դէպի Յորդանան եւ Տէր Զօր: Սակայն Քեսապցիին բացակայութիւնը երկար չտեւեց եւ զինադադարէն ետք, վերապրողները վերադարձան իրենց գիւղերն ու տուները: Անցեալ տարի ալ, Քեսապցին վերադարձած է տուն եւ արդէն իսկ վերաշինած իր բնակարանն ու գործատեղին: Վերաբացուած են կրթօճախներն ու եկեղեցիները: Սակայն դեռ թարմ է արիւնաթաթախ անցեալը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>