Քեսապը՝ Մէկ Տարի Անց

2014-ի Մարտ 21-ի առաւօտեան ժամը 5-ին քեսապցիները արթնցան կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներէն: Թուրքիոյ սահմանէն տեղացող հրթիռները եւ կրակոցներու տարափը խուճապի մատնեց քեսապցին. Աւանի ողջ բնակչութիւնը ստիպուեցաւ միայն իր վրայի հագուստներով  հեռանալ տունէն եւ ապաստան գտնել Էքիզօլուխի բարձրունքը, այն ակնկալիքով, որ շուտով ամէն ինչ վերջ կը գտնէ եւ բոլորը տուն կը վերադառնան: Սակայն ողջ օրուան ընթացքին հրթիռակոծութիւնները չդադրեցան, բանակի եւ զինեալ ահաբեկիչներու միջեւ մարտերը շարունակուեցան: Յստակ էր, որ յարձակողները կը վայելէին Թուրքիոյ կառավարութեան զօրակցութիւնը:

Յաջորդ օրը բանակը տեղի տուաւ եւ քաշուեցաւ Քեսապէն: Շուտով հազարաւոր զինեալ ահաբեկիչներ խուժեցին Քեսապ եւ անոր շրջակայ գիւղերը՝ տարածքը առնելով իրենց հակակշիռին տակ: Ճարահատ քեսապցիները ապաստանեցան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Խուճապն ու իրարանցումը մեծ էր: Բայց շնորհիւ տեղի պատկան մարմիններուն, հարիւրաւոր քսապցիներու կեցութիւնը ապահովուեցաւ այնտեղ, իսկ մէկ մասն ալ տեղաւորուեցաւ  ծանօթներու տուները:

Քեսապի գաղթականներուն համար աշխարհի բոլոր կողմերէն օգնութիւն հասաւ. Բոլոր համայնքները նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեցին քեսապցիներուն: Հնչեցին դատապարտող կոչեր, զօրակցութեան կանչեր: Քեսապցին առանձին չէր` ողջ հայութիւնը կը տառապէր Քեսապի ցաւով:

Լրատուամիջոցները ողողուած էին Քեսապի եւ քեսապցիներու լուրերով. աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Քեսապի վրայ: Մեծ թիւով քեսապցիներ ապաստանեցան Պէյրութ, Այնճար եւ Հայաստան: Տեղւոյն պատկան մարմինները, բարեսիրական միութիւնները ջանք չխնայեցին քեսապցիին հոգը թեթեւցնելու եւ հոգալու անոր առօրեան:Դժուար եւ մաշեցնող երեք ամիսներէ ետք, Քեսապը ազատագրուեցաւ. 15 Յունիս 2014-ին սուրիական բանակը ազատագրեց ողջ Քեսապը: Զինեալ ահաբեկիչները քաշուեցան Քեսապէն` իրենց ետին ձգելով աւերակ ու այրուած աւան մը: Նոյն օրը քեսապցի տղամարդիկ հասան իրենց տուները: Վիճակը ահռելի էր, կողոպտուած, թալանուած եւ կրակի տրուած տուներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ եւ վնասուած ու մասամբ այրուած պարտէզներ, խանութներ, արհեստանոցներ, ճաշարաններ, հիւրանոցներ։

Քեսապի մարդկային կորուստները ամէնէն դժուարն ու անդառնալին էին. Քեսապը ունեցաւ երեք նահատակ եւ մէկ վիրաւոր. Վարդան Անտրեան նահատակուեցաւ բանակի հետ կռուելու ժամանակ, Սարօ Բաբուճեան ծանր վիրաւորուեցաւ, Գէորգ Ճուրեան եւ Շանթ Յովհաննէսեան սպաննուեցան զինեալ ահաբեկիչներու ձեռքով:

Սակայն հայը՝ մասնաւորաբար քեսապցին, յուսահատիլ չի գիտեր: Ընտանիքները վերադարձան իրենց տուները եւ լծուեցաւ աշխատանքի՝ վնասուածն ու աւերուածը վերականգնելու, նորոգելու եւ բարեկարգելու համար:

Այսօր քեսապցիներուն մեծ մասը վերադարձած է Քեսապ, վերանորոգուած եւ վերաօծուած են եկեղեցները (Ս. Աստուածածին-Գալատուրան, Ս. Աստուածածին-Քեսապ, Ս. Միքայէլ եկեղոցի-Քեսապ, Էքիզօլուխի հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցի), Քեսապի հայկական երեք դպրոցները (Հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ մանկապարտէզ-նախակրթարան, Հայ Աւետարանական Նահատակաց մանկապարտէզ-նախակրթարան, Քեսապ ուսումնասիրաց ճեմարանը՝ իր մանկապարտէզով, նախակրթարանով եւ երկրորդականով ) վերամուտին վերաբացին իրենց դռները աշակերտներուն առջեւ: Տակաւին կիսաւեր վիճակի մէջ են Քեսապի հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Քորքիւնէի եւ Գարատուրանի հայ աւետարանական եկեղեցիները, Միսաքեան մշակութային կեդրոնը:

Քեսապի մէջ կեանքը կը շարունակուի, տեղի կ՛ունենան եկեղեցական կիրակնօրեայ պատարագներ, ձեռնարներ, դասախօութիւններ, հարսանիքներ, հաւաքներ եւ այլն:

Քեսապը մասամբ ոտքի կանգնած է, բայց տակաւին շատ բան կայ ընելու: Սուրիոյ քաղաքական անկայուն վիճակը, յարձակման ենթարկուելու վտանգը (թէեւ այսօր սուրիական բանակը մեծ թիւով ուժ տեղակայած է ամբողջ Քեսապը եզերող թրքական սահմանին), տնտեսական եւ կենցաղային տագնապը, երիտասարդութենէ դատարկուիլը մեծ եւ լուրջ մտահոգութիւններ են, զորս քեսապցին կը դիմագրաւէ այսօր: Բայց քեսապցին յուսահատ չէ եւ իրաւունք ալ չունի յուսահատելու, որովհետեւ Քեսապը սոսկ կեցավայր չէ՝ այլ Կիլիկեան Հայաստանի վերջին պատառիկը: Ան “փոքրիկ Հայաստան մըն է Հայաստանէն դուրս”, որ պէտք է եւ պիտի գոյատեւէ ու շենանայ:

Սալբի Սաղտճեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>