Մոմավառութիւն՝ Քեսապահայերուն Երրորդ Տեղահանման Առաջին Տարելիցի Յիշատակին
Այսօր՝ Ուրբաթ 20 Մարտ 2015-ին, յետ եկեղեցական հսկումի արարողութեան, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութին՝ յիշատակելու համար Քեսապահայութեան երրորդ տեղահանութեան առաջին տարելիցը:
Եկեղեցական հսկումի արարողութենէն ետք՝ ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան Հերոսամարտի յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ, մոմեր եւ ծաղիկներ զետեղեցին: Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան խօսք առնելով ըսաւ թէ աշխարհի վրայ չարիքներ կը պատահին նաեւ բարի եւ Աստուածավախ մարդոց, բայց Աստուածոյ հաւատքով անոնք զօրութիւնը կ՛ունենան դիմագրաւելու այդ չարիքները:
Այնճարաբնակ Քեսապցիներուն անունով Սեւան Աբէլեան կարդաց իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ թէ Քեսապահայեր երեք անգամներ ենթարկուած են տեղահանութեան, բայց միշտ ալ անոնք վերադարձած են իրենց մայրենի գիւղը՝ վերանորոգելով տուն, եկեղեցի եւ դպրոց: Տէր Աշոտ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան ներկաներուն վստահեցուց թէ Աստուած միշտ պահապան է իրեն հաւատացեալ ժողովուրդին, ինչ պարագաներու մէջ ալ գտնուին անոնք եւ ըսաւ թէ պէտք է կառչած մնանք մեր հաւատքին եւ նեղութիւններու մէջ չյուսահատինք:
Յիշատակի ձեռնարկը աւարտեցաւ Տէրունական Աղօթքով։