Հեռախօսային Արձանագրութիւններ Կ՛ապացուցեն Թուրքիոյ Մեղսակցութիւնը Քեսապի Վրայ Յարձակումին
Թուրքիոյ մէջ Իսլամական Խալիֆայութեան զինեալներու դէմ դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած ապացոյցներու շարքին, բացայայտուած են հեռախօսային արձանագրութիւններ, որոնք յստակ կը դարձնեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մասնակցութիւնը Քեսապի վրայ շղթայազերծուած յարձակումին: Սոյն արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիա ոչ միայն զէնք եւ զինամթերք մատակարարելով օգնած է Իսլամ ծայրահեղականներուն, այլեւ ուղղակի թնթանօթներով հարուածած է Քեսապի վրայ յարձակողներու մատնանշած սուրիական բանակի տեղերը նշող թիրախներ: Դատական արձանագրութիւնները ձեռք ձգած է «Ճումհուրիէթ» թերթի լրագրող Ահմէտ Սիքը: