Քեսապ Դարձեալ Վտանգի Տակ Է
Թէեւ քեսապցիներ արդէն վերադարձած են իրենց տուներն ու վերաշինած են իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները, սակայն ապահովական վիճակը կրկին անկայուն է: Ամսու 21-ին հրթիռակոծուած է Քեսապի մօտիկ Լեղի ջուրի (Ֆռնլոք) անցակէտը, իսկ երէկ ուշ գիշերին յարձակման վտանգը սպառնացած է Քեսապին:
Դեկտեմբեր 23-ի կես գիշերին, Ժողովուրդին մեծ մասը, յատկապէս կիներն ու երեխաները դուրս բերուած են Քեսապէն եւ ապաստանած՝ Լաթաքիա: Ըստ զինուորական աղբիւրներու Թուրքիոյ կողմը՝ սահմանին մօտ կը նկատուին զինեալ ապստամբներու համախմբումներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն տեղի Քեսապիցիները:
Քեսապը դարձեալ վտանգի տակ է: Թուրքիան արդէն իսկ փակած սահմանը պէտք չէ բանայ զինեալներուն առջեւ: Մենք՝ հայերս պետք է կրկին աղմուկ բարձրացնենք եւ թոյլ չտանք, որ նախկին սենարը կրկնուի: