Վեր. Յ. Սելիմեանի Պաշտօնական Այցը Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներուն

Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան կատարեց պաշտօնական այցելութիւն Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն եւ հանդիպեցաւ սոյն եկեղեցիներուն Միացեալ ժողովներուն հետ՝ Օրակարգի վրայ ունենալով Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու իր հովուական նուիրական ծառայութիւնը աւարտող, յանձնին՝ Պատ. Սեւակ Թրաշեանի ժամանակի աւարտը հասած ըլլալով:

Հանդիպման ընթացքին Վեր. Համայնքապետը գնահատանքով ընդգծեց ինը եւ կէս տարիներու վրայ երկարող նուիրական ծառայութիւնը Պատ. Սեւակ Թրաշեանին, յատկապէս՝ վերջին երեք տարիներու ընթացքին երբ Սուրիական հայրենիքը կ՛ապրէր ճգնաժամ եւ պատերազմ: Տեղահան եղած ժողովուրդին եղաւ առաջնորդութիւն եւ հովուական հոգածութեամբ հասաւ, անխտիր, բոլորին կարիքներուն, ինչպէս նաեւ տուաւ հոգեւոր ուղութիւն:

Համայնքապետը բարի երթ մաղթեց Պատ. Սեւակ Թրաշեանին, որը իր հովուական ծառայութիւնը պիտի շարունակէ 1 Դեկտեմբեր 2014-էն սկսեալ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիէն ներս: Ինչպէս նաեւ վստահեցուց ներկաներուն, որ Քեսապը պիտի մնայ մեր հետաքրքրութեան կիզակէտը եւ շուտով պիտի կատարուին յարմար կարգադրութիւններ, պահելու համար Քեսապի եւ շրջանի հովուական ծառայութեան խիստ կարեւոր նկատուած դրուածքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>