Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Քեսապի Ազգ․ Ուսումնասիրաց ճեմարան

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանն եւ Ազգ․ Վարչութեան անդամ Զարեհ Փօլատեան, Նոյեմբեր 25-ին այցելեցին Քեսապի Ազգ․ Ուսումնասիրաց ճեմարան, խրախուսեցին աշակերտութիւնն ու հանդիպում ունեցան ճեմարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, զրուցելով վարժարանի ուսումնակրթական ընթացքին, դժուարութիւններուն եւ աշակերտներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։

Սրբազան հայրը յորդորեց մշտանորոգ թափով ու կորովով լրումին հասցնել ուսումնական տարին եւ խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին ու Քեսապին, բարձր գնահատելով աշակերտներուն հետեւողական ընթացքը։

Սրբազան Հայրը շեշտեց նաեւ, որ ողջ հայութիւնը ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայ վարժարաններուն եւ աշակերտութեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>