ՄԱՀԱԶԴ – Վարդգէս Կարճիկեանի
Քեսապցիներ Քեսապի համար կայքէջը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Կարճիկեան ընտանիքին Վարդգէս Կարճիկեանի մահուան առթիւ որ պատահեցաւ երէկ 12 Նոյեմբեր 2014ին, Լաթաքիա։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր 13 Նոյեմբեր 2014, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեկեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Քեսապի գերեզմանատուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ, հարազատները Ս. Հոգիով մխիթարէ, ոյժ ու համբերութիւն տայ անոնց։