ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 19 Հոկտ. 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւն Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Քեսապի բոլոր նահատակներուն: Օրուան հանդիսավար Նարինէ Փանոսեան յիշեց, թէ Թարգմանչացը հայկական մշակոյթի ընդհանուր տօնն է: Գիրերու գիւտին, հայերէն թարգմանութիւններուն, հայերէն լեզուով ստեղծագործութիւններուն, հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնն է:
Վարչութեան ատենապետուհի` Յասմիկ Թութիկեան բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ 5-րդ դարը մեր պատմութեան մէջ կոչուած է ոսկեդար: 405 թուականին շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչ վարդապետներուն ունեցանք մեր գիրն ու գրականութիւնը, որոնցմով մենք կրցանք պահել մեր ազգը կորուստէ: «Ահաւասիկ 16 դար շարունակ, մենք ունեցանք լուսեղէն կանթեղ մը, անպատմելի թագաւորութիւն մը, որուն ո՛չ ջարդը, ո՛չ երկրաշարժը, ո՛չ սովը եւ ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ հարուած կրցաւ յաղթել: Հայոց լեզուին երեսունվեց տառերը դարձան անխորտակելի կնիքը մեր ազգին ու անոր յաւիտենականութեան գըլխաւոր երաշխիքը»:
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Քեսապի վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ: Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Գ. կարգի աշակերտները արտասանեցին «Մեր դպրոցը» քերթուածը: Ը. կարգէն Շողակ Ղազարեան ասմունքեց «Գիւտին Փառքը» իսկ Թ. կարգէն Շաղիկ Լնդեան մեներգեց «Ով մեծասքանչ» երգը: Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Ոսկեդարեան մեր քերթողներ» քերթուածը:
Օրուան դասախօս` Տոքթ. Շողեր Աշըգեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ Քեսապ վերադառնալէն ետք հոգեւոր գետնի վրայ մեր վերականգնումը կը սկսինք Թարգմանչացով` եկեղեցւոյ յարկին տակ, ինչ որ պատգամ մըն է բոլոր անոնց, որոնք չեն հաւատար Քեսապի մէջ տիրող հոգեւոր արժէքներուն:
Ընկերուհին շեշտեց, թէ տօն մը նշելը անիմաստ եւ ձեւական կը դառնայ, եթէ դասեր չքաղենք անկէ, ապա հաստատեց, թէ մենք հարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք, մենք միակ ազգն ենք, որ Թարգմանչաց տօն ունինք. մենք այն ժողովուրդն ենք, որ ռազմական պարտութիւնը վերածած ենք տօնի, Վարդանանց պատերազմին մէջ մենք կը գտնենք այն ներքին ուժը եւ կորովը, որ մեզի կ՛ոգեւորէ դարեր շարունակ: Թարգմանչաց տօնը միայն թարգմանիչներու տօնը չէ, այլ` իր մէջ ունի հայ լեզուի սկզբնաւորումը` մեր գրաւոր դպրութիւնը, ուր նաեւ հայ մտածումը վերածուեցաւ գիրի եւ դարձաւ մեր հարուստ մշակոյթի գանձանակը: Անոր մէջ կայ հայ դպրոցի հիմնադրութեան խորհուրդը, որ պատճառ դարձաւ յունական, պարսկական, ասորական ազդեցութեան չէզոքացման եւ մեր կրթութիւնը դարձաւ հայեցի կրթութիւն:
«Մշակոյթն է այն հիմնական սիւնը, որուն շնորհիւ ազգ մը կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել: Մշակոյթը ամենազօրաւոր զէնքն է, որով ժողովուրդներ կը պահեն իրենց ինքնուրոյնութիւնը: Մշակոյթն է, որ կը ստեղծէ քաղաքականութիւն: Մշակոյթն է, որ կը ստեղծէ տնտեսութիւն: Մշակոյթն է, որ տեսիլք կու տայ: Մշակոյթն է, որ կը գծէ մեր անցնելիք ճամբան», ըսաւ ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ Աստուածաշունչի առաջին թարգմանուած տողի ընտրութեան. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» եւ նշեց, թէ այս նախադասութիւնը ամբողջութեամբ մեր ազգային աշխարհայեացն է, մեր հոգեւոր արժէքներուն իմաստը: Ապա աւելցուց, թէ ինչպէս անցեալին այսօր եւս ունինք նոյն հրամայականը` սերունդ պատրաստելու մեծ գործը, ձուլումի վտանգին դէմ դնելու եւ հայ լեզուն պահելու հիմնահարցը: Ծանօթանանք օտար մշակոյթներու, սակայն միեւնոյն ատեն ծանօթացնենք մեր հարուստ մշակոյթը` պահելով մեր դիմագիծն ու ինքնուրոյնութիւնը:
«Թարգմանչաց սերունդը մեզ կը թելադրէ նիւթեղէնէն վեր բարձրանալ եւ իմացականին արժէք տալ: Բոլոր ժամանակներուն մէջ հայը կրցած է յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, որովհետեւ ան կը պատկանի ոգեղէն ազգի մը», ըսաւ ան ու եզրափակեց. «Մենք` Սփիւռք եւ հայրենիք, մեր երկու ուղղագրութիւններով, մեր ազգային միասնականութեամբ պէտք է յաղթահարենք բոլոր մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները` պահելու մեր հայկական ինքնուրոյնութիւնն ու հայ լեզուն»:
Նայիրի Մելքոնեան
Աղբիւր՝ «Գանձասար» կայքէջ։