Տեղի Ունեցաւ Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի Երեք Օրերը» Գիրքի Եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի Շրջանի Պատմական Յուշարձանները» Գիրքերու Շնորհանդէսը
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ նշանաւոր գիտնական, մանկավարժ, գրող Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները» գիրքերու շնորհանդէսը:
Բարձր գնահատելով 2014թ. Մարտ 21-23 Քեսապի դէպքերու հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած ականաւոր գիտնական, հայաբնակ Քեսապ գիւղի տարեգիր Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» յուշագրութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Այս գիրքը բերում է 2014թ. Մարտին Քեսապի շրջանի ամբողջական հայաթափման ու այդ դէպքերին նախորդող իրավիճակներին ականատես հեղինակի վկայութիւնները: Տեղեկատուական, պատմական, ազգագրական տեղեկութիւնները տրուած են պահի ապրումի եւ մտածումի հետ»:
Հեղինակը մասնագիտական շրջանակներու մէջ յայտնի է Քեսապի եւ Անտիոքի շրջանի հայերուն նուիրուած պատմա-ազգագրական, բարբառագիտական, բանագիտական շարք մը ուսումնասիրութիւններով: «Ցաւ է, որ Քեսապի դէպքերը առիթ դարձան այս յուշագրութեան ստեղծմանը, բայց յուսով ենք, որ Յակոբ Չոլաքեանի յաջորդ գիրքը պիտի դառնայ «Քեսապի վերածնունդը», – ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը: Անդրադառնալով Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները» գիրքին` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց հեղինակին կողմէ Քեսապի մէջ պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան նպատակով իրականացուած գիտարշաւներու աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ նիւթին առնչուող գրաւոր աղբիւրներու համալիր ուսումնասիրութիւնը, ատոնց ամրակայումը` իբրեւ յաջորդող սերունդներուն իրենց մշակութային աւանդներուն տէր դառնալու պատգամը:
«Այս գիրքը կարեւոր տեղեկատուական աղբիւր կը դառնայ շրջանի պատմութեանը նախանձախնդիր քեսապցիների, ոլորտի մասնագէտների, յատկապէս հայկական գաղթավայրերի պատմութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուողների եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար», – նշեց գերատեսչութեան ղեկավարը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` գիրքերն արժեւորելու համար Յակոբ Չոլաքեանը եւ Րաֆֆի Քորթոշեանը նշեցին, թէ որքան ծանր էր Քեսապի դէպքերուն ականատես ըլլալը եւ նոյնքան դժուար` այդ ամէնը փաստերով գրի առնելն ու լուսանկարելը: Նշուեցաւ, որ երկու գիրքերը կարծես մէկ միասնութիւն ըլլան:
Աշխատութիւններուն վերաբերեալ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արքեպիսկոպոս Գլնճեան, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի ինտիտուտի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան, ՀՀ ԳԱԱ պատութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի դասախօս Հայկազ Յովհաննիսեան, ԵՊՀ հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրատեան, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեան: Շնորհանդէսի մասնակիցները դիտեցին նաեւ հայաբնակ Քեսապի պատմութեան եւ տեղահանման մասին պատմող տեսանիւթ: Լուըր առնուած է Հայրերն այսօր կայքէջէն։