Քեսապի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծում
Այսօր, Շաբաթ 27 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան ժամանեց Քեսապ, վերաօծելու Քեսապի Ս,Աստուածածին մայր եկեղեցին: Սրբազան հայրը Ազգ. Վարչութեան անդամ Պետիկ Յովհաննէսեանին, քահանայ հայրերուն եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ընկերակցութեամբ այցելեց եկեղեցի եւ աղօթեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար: Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին՝ տեղի ունեցաւ Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը եւ նոր պատրաստուած սրբանկարներու օծումն ու զետեղումը։ Աղբիւր՝ «Գանձասար» facebook-ի էջ։