ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, Շաբաթ 13 Սեպտեմբեր 2014ին, երեկոյեան ժամը 5.00ին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը։ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, արաբերէն լեզուով բացման խօսքը ներկայացուց ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ՝ Ռիթա Բենդէզեան, իսկ հայերէն լեզուով շրջանաւարտ՝ Արտաւազդ Թրթռեան։ Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, որ վերադառնալով Քեսապ առիթը ունեցան վկայուելու իրենց աննման Քեսապի հողին վրայ, շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ անոնց զոհողութեան համար եւ խոստացան միշտ բարձր պահել Ճեմարանի անունը։ Ճեմարանի տնօրէն՝ Պրն. Վարուժան Փանոսեան ընթերցեց Ճեմարանի 2013 – 2014 տարեշրջանի միամեայ տեղեկագիրը։ Թ. Կարգի եւ ԺԲ. կարգի շրջանաւարտները ներկայացուցին խմբական արտասանութիւն մը նուիրուած Քեսապին՝ համադրուած Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի «Հայրենի Ղօղանջներ» գիրքէն, փոխանցելով հողին կառչած մնալու եւ Քեսապը պահելու անժամանցելի պատգամը։ Որմէ ետք ԺԲ. կարգի շրջանաւարտները փոխան ուղերձի ներկայացուցին իրենց խօսքերը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ անկեղծօրէն յայտնեց իր զգացումները Ճեմարանին հանդէպ։ Ճեմարանի հոգաբարձութեան խօսքը ներկայացուց Տիկ. Անի Աշըգեանը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան։ Նախ Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց 33 տարուան անսակարկ ծառայութիւն կատարած Ճեմարանի օթոքարի վարիչ՝ Պրն. Վահագ Սողոմոնեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը։ Սրբազան Հայրը իր գեղեցիկ եւ սրտառուչ պատգամին ընթացքին Ճեմարանի 2013-2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներու հունձքը կոչեց «Վերածնունդի Սերունդ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>