Աստուածածնի վերափոխման տօնակատարութիւն Քեսապ

Կիրակի 17 Օգոստոս 2014-ի առաւօտեան, Ս․Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ Ս․ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Քեսապի հովիւ՝ Արժ․ Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը հետեւեալ բնաբանով․ «Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ»։ Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն, հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Սրբազան հօր «պահպանիչ» աղօթքով եւ Կիլիկիա մաղթերգով վերջ գտան Քեսապի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ հոգեպարար արարողութիւնները, որոնք ուղիղ սփռումով հասանելի դարձան «Ռատիօ Երազ»-ին կողմէ։ Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»-ի Օգոստոս Գ․ թիւով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>