Անդրանիկ Պատարագ` Գարատուրանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ուրբաթ՝ 25 Յուլիս 2014-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան գիւղի Ս․Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը: Ներկայ էին ազգային վարչութեան ներկայցուցիչները, Հայ Աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Քեսապի աւետարանական համայնքի պետ պատուելի Սեւակ Թրաշեան եւ Քեսապի հաւատացեալ ժողովուրդը: 26-ին իրիկնամուտի ժամերգութիւն մատուցուեցաւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ: Կիրակի՝ 27 Յուլիս 2014-ին, մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս․ եւ անմահ պատարագը: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհն. Արապաթլեան: Արարողութեան կը մասնակցէին Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեան եւ Հալէպէն ժամանած Արժ. Տ. Զարեհ Քհն. Շաքարեան: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալ քեսապահայութիւնը եւ այլ շրջաններէ Քեսապ ժամանած հայորդիներ: Իր պատգամին մէջ Սրբազան հայրը յայտնեց, որ այս պահը իւրաքանչիւր քեսապցիի համար ունի յուզական, իւրայատուկ, բայց նաեւ պատմական նշանակութիւն: Ան նշեց, որ ամիսներ առաջ այս տարածաշրջանին վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներէ ետք տակաւին մեր ժողովուրդին քայլերը դողդոջ են ապահովական եւ այլ նկատառումներով… Գարատուրանի Ս. Ասստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը պէտք է առաջին քայլը ըլլայ, որ մենք կրկին բանանք մեր եկեղեցիները, կրթական հաստատութիւնները, մշակութային, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւնները: Սրբազան հայրը աւելցնելով ըսաւ. «Հոգեւորականի իմ կեանքիս տեւողութեան առաջին անգամն է, որ պղծուած եկեղեցի մը կը վերաօծեմ: Մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին աւերուած եւ քանդուած շատ եկեղեցիներ տեսած է, որոնք դեռ կը մնան նոյն վիճակին մէջ: Մեր կեանքի իւրաքանչիւր րոպէին փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզ արժանի դարձուց վերադառնալու մեր գիւղն ու եկեղեցին: Ծովափի այս եկեղեցին կարծէք մեր տարածաշրջանի հիմքերը կ’ամրացնէ: Կը սկսինք Գալատուրանի եկեղեցիէն եւ կը բարձրանանք դէպի Քեսապ: Պիտի վերաբանանք առաքելական, աւետարանական, կաթողիկէ եւ յարանուանական բոլոր եկեղեցիները, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր վրայէն»: Շահան սրբազանը բոլորին անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուց Քեսապը: Ան մեր բոլորին ծանօթ եւ անծանօթ ամէն տեսակի աշխատանք տարաւ , որպէզի Քեսապը վերադառնայ մեզի: Սրբազան հայրը աւելցնելով ըսաւ. «Կը յիշեմ, երբ Վեհափառին ներկայութեամբ քանի մը տարի առաջ Անդրանիկ պատարագ կատարեցինք նորակառոյց այս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ հիմա կը վերաօծենք եւ դարձեալ անդրանիկ Ս. Եւ անմահ պատարագ կը մատուցանենք այստեղ»: Ան յայտնեց, որ յաջորդը պիտի ըլլայ Էսկիւրանի մատուռը, ուր Ս. Աստուածածնայ տօնին մատաղ պիտի մատուցանէ այնտեղ: Սրբազան հայրը իր պատգամին ընթացքին վեր առաւ նաեւ պայծառակերպութեան խորհուրդը, շեշտելով աղօթքի զօրութեան կարողութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեաքին մէջ: Վարդավառին զուգադիպած այս պատարագին կատարեցուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Տնօրհնէրքի փոխարէն կատարուեցաւ նաեւ նշխարի եւ աղի օրհնութիւն, զորս յետ պատարագի բաժնուեցան ժողովուրդին, որպէս օրհնութիւն եւ սրբագործում իրենց տուներուն: Յաւարտ Ս. Պատարագին նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սուրիական հայրենիքի հայ եւ արաբ բոլոր նահատակներու հոգիներուն, ապա թափորը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեան կատարեց Անդաստանի արարողութիւն բերքի առատութեան, անձրեւաբերութեան համար: Վերջաւորութեան բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ բակին մէջ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ խմբական լուսանկար մը նկարուեցան Սրբազան հօր հետ: Վերկանգնումի այս օրերուն Սրբազան հօր երեքօրեայ ներկայութիւնը շրջանէն ներս եւ եկեղեցական այս արարողութիւնները ոգեւորեցին եւ լիցքաւորեցին համայն քեսապահայութիւնը, եւ զայն ամրապնդեցին իր նախահայրերու հաւատքին մէջ՝ կառչած մնալու այս հողին, վերաշէնցնելու Քեսապը իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ, աշխատասիրութեամբ, իր նեդրումը բերելու Սուրիահայութեան վերականգնումին գործին: