Երբ Հնչած Է Արդէն Կրկին Տունդարձի Ժամը

Ամէն անգամ երբ Արեւմտահայաստան այցելելու գաղափարին դէմ յանդիման գտնուած եմ, նախ հսկայ կարօտով համակուած հոգիս ցնցուած է պահ մը, ետքը անմիջապէս տարօրինակ յուզումնախառն տհաճութիւն մը մտալլկած է ուղեղս: Զիս չարչրկած է այն  գաղափարը, թէ` անկարելի է ուրախ սրտով այցելել պապերուս օրրանը, քանի անիկա տակաւին  մեր բռնաբարուած  մէկ մասնիկն է, օտար,  արիւնարբուներու ձեռքերուն մէջ, եւ որ տակաւին կը տուայտի, ու իր տառապանքի ճիչը կ’արձագանգէ ականջներուս մէջ: Իսկ ես չէի  ուզեր տկար եւ անօգնական վիճակով յայտնուիլ այնտեղ:

Միշտ ալ այս մտայնութեամբ ձախողութեան մատնուած են ինծի ներկայացած Արեւմտահայաստան այցելութեան ծրագիրները, նոյնիսկ երբ անոնք ուխտագնացութեան խորհրդաւոր անուան տակ եղած են: Սիրտս  այնքան ալ զօրաւոր չէ, ըստ երեւոյթին, այսպիսի ցաւ մը դիմագրաւելու համար…

Այս անգամ պարագան եւ զգացումները ամբողջովին տարբեր էին, երբ դէպի ազատագրուած Քեսապ` մեզի համար Արեւմտահայաստանի ամենափոքրիկ քոյր մասնիկը, ճամբայ կ՛ելլէինք…

Ճամբայ կ՛ելլէի դէպի բռնաբարուած,  կողոպտուած, ռմբակոծուած սուրիական փոքրիկ հողակտորը, վերջին հայկական եւ հայաբոյր ածուն, ի վերջոյ`  ամառանոցային տանս  տէր կանգնելու… Մինչ երթալս` արդէն կը լսեմ դրացիներէն, թէ տանս բոլոր թանկարժէք իրերը կողոպտուած են, գիրքերս` պատռտուած, պատուհաններն ու դռները` իրենց ծխնիներէն տեղահանուած, կառոյցը կողէն ռմբակոծուած եւ փամփշտահարուած…

Հակառակ այս բոլորին, ինչ-ինչ գաղտագողի երազներ կը հիւսեմ, ամառը կրկին այնտեղ անցընելու ծրագիրներ կը մշակեմ…

Քեսապի մեր տունը` իմ ամառանոցային հարազատս, երկար տարիներ ետք իրականացած երազ է, համբերութեամբ եւ սպասումներով ձեռք բերուած տարածք: Քեսապը մեր մանկութենէն ի վեր ոչ թէ հայրենիքը փոխարինողն էր մեզի համար, այլ անոր բոյրն ու ջերմութիւնը փոխանցող, կարօտը մասամբ յագեցնող, անկէ հեռու ըլլալու տառապանքը մեղմացնող հարազատ  տարածք, կիլիկեան հողաշերտ` իր շրջակայ լեռներով եւ հովիտներով…

Մեծ ցնծութեամբ Պէյրութէն կ’ուղղուիմ դէպի Լաթաքիա` հոնկէ ժամ մը ետք ազատագրուած տանս մէջ իջեւանելու համար…

Բայց նախ իբրեւ սրտի պարտք պէտք էր այցելէի Սուրբ Աստուածածնայ մէջ ապաստան գտած բնիկ քեսապցիներուն, որոնք սփիւռքահայութեան  կարեկցանքին ու հոգատարութեան կիզակէտը դարձած էին այս վերջին շրջանին, եւ որոնց ցաւն ու կորուստը մերինին բնաւ չէր նմաներ: Անոնց եռամսեայ աստանդական վիճակը վերջ գտաւ, կը մտածէի, հիմա անոնց մեծամասնութիւնը իրենց տուները հասած, իսկ իմ այստեղ կատարած ուշացած այցելութիւնս անիմաստ պարտականութիւն մը պիտի ըլլար… Անցնող երեք ամիսներու ընթացքին չէի կրցած այցելել անոնց հոգիին վիշտն ու ցաւը թէկուզ ամոքիչ խօսքերով իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ թեթեւցնելու… բաժնեկցելու  տառապանքը, բոլորն ալ` դրացիներ, բարեկամներ հարազատներ… Ի վերջոյ ես ալ իմ կամքէս անկախ, հեռու էի ծննդավայր Հալէպէն, տունէս` տարբեր տեղեր, թերեւս ենթադրաբար աւելի տանելի պայմաններու մէջ, բայց ի վերջոյ կրնայի զգալ անոնց զգացածը…

Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հնամեայ դարպասը, գիշերուան ուշ ժամուն արդէն իսկ բաց էր… Մուտքի եռուզեռը կու գար ըսելու, թէ տակաւին քեսապցիներ այնտեղ էին, նոյնիսկ երբ տունդարձի փողերը հնչած էին շաբաթ մը առաջ… Միթէ տունդարձի ազդանշանն ու աւետիսը նշանակութիւն չէ՞ր ունեցած անոնց համար…

Ուրախութեամբ կը մօտենամ խումբ խումբ հաւաքուած տարեցներուն, աչքալուսանք տալու համար… անոնք այնքան ալ ուրախութեանս ճիչին չեն արձագանգեր…

Չէ՞ որ Քեսապը ազատագրուած էր… ի՞նչ բան  պատահած կրնար ըլլալ…

Ականջս կը սրեմ, ոչ հետաքրքրասիրութենէ, այլ` մտահոգութենէ մղուած, խմբակներէն հասած պատումներու փոխանակութեան…

Ցաւով եւ յուսահատութեամբ պատմուած բազմաթիւ դէպքեր…

Անմիջապէս կը յարեմ. «Ինչո՞ւ ձեր տուներուն մէջ չէք գիշերեր…»:

Պատասխանը չ՛ուշանար. «Եթէ դուն տեսած ըլլայիր այդ սեւ փաթթոցաւորներուն ներխուժումը Քեսապ, արդեօք կրնայի՞ր հոն գիշերել, ելեկտրականութեան, ջուրի բացակայութեամբ եւ ամէն վայրկեան հրոսախումբերու թիրախ դառնալու մտավախութեամբ…»:

Յանկարծ կը պապանձիմ, կը վշտանամ. մինչ հազիւ վեց-եօթնամեայ աղջնակ մը ժպիտով կը մօտենայ` նազանքով մը հարցնելով անունս… Իսկ երբ ես կ’ուզեմ իր անունը գիտնալ, կը պատասխանէ, թէ` Անտրեան է, նահատակ Վարդանին եղբօր դուստրը… Այս հերոսազարմ դստրիկը իր մանկական անհոգ ժպիտով եւ հեռատես լաւատեսութեամբ պահ մը կը լռեցնէ կողքի ծերունիներուն յուսահատ հառաչանքը`  զիս ալ աւելի ամչցնելով…

Ականջալուր կը դառնամ, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրը գացած եւ տեսած է իր տան ահաւոր վիճակի մէջ յայտնուիլը… Քանդումն ու կողոպուտը տանելի պիտի ըլլային, եթէ յստակ ըլլար ապագան…

Բանակին մեծ մասը տեղափոխուած էր Քեսապէն` հաւանաբար դէպի աւելի թէժ ճակատներ եւ վտանգի ենթակայ շրջաններ… Ոչ մէկ երաշխիք` տուներու ապահովութեան: Կողոպուտը կը շարունակուէր գիշերները, ոչ միայն կողքի թուրքմէնաբնակ գիւղերէն եկողներու, այլ նաեւ տեղացի ալեւի դրացի կարծուած քեսապցիներու կողմէ… Իսկ մեր տանուտէր տղաքը հրացանը  ուսերուն` կը  փորձէին պաշտպանել թաղամասերը, տուներն ու ինչքերը իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, անձնական ճիգերով եւ «քաղաքային պաշտպանութեան» ենթադրեալ  խմբակներու հետ, որոնց ծառայութիւնը կը պսակուէր ալան թալանի շարունակութեամբ… Ելեկտրականութեան չգոյութիւնը օգտագործելով` խաւարի մէջ անտես ձեռքեր կ’իրականացնէին պատերազմէն հազիւ դուրս եկած, կենդանութեան փոքրիկ նշոյլ մը ստացած քեսապահայութեան ինչքերու կողոպուտը…

Թշնամիին`զինամթերքի սպառումին իբրեւ հետեւանք, Քեսապէն հապճեպով հեռացման արդիւնք, ինչ որ չէին կրցած իրենց հետ փոխադրել վերջին մետասաներորդ վայրկեանին, մնացած աւարը տեղէ տեղ կը փոխադրուէր:

«Հիմա ըսէ` կը մնա՞ս հոն», յարեց կողքս նստած կինը…

հիմնական առանցքը կը շօշափէր «Ժապհաթ Նուսրա»-ի եւ «Ահրար Շամ»-ի` տուներուն մէջ կատարած աներեւակայելի կեղտոտութիւններն ու կործանումը… Բոլորն ալ ոսկիի փնտռտուքով խառնշտկած էին տուները,  նոյնիսկ քմահաճօրէն աներեւակայելի խառնակութիւններ կատարած` պատերուն վրայ նետուած հաւկիթներ, գետին հոսեցուած օշարակ… մտքէ բնաւ չանցած խառնիճաղանճ վիճակ… ետքը` ելեկտրական գործիքները հաւաքած Սուրբ գիրքերը պատռտած, պատերուն վրայ ներկերով իրենց գոյութիւնը փաստող տողեր մակագրած…

Մինչ գիւղացիին գիւղատնտեսական վար ու ցանի պարագաներն ու գործիքները ամբողջութեամբ կողոպուտի ենթարկուած են եւ օրին փոխադրուած` Թուրքիա…

Երիտասարդ աղջիկ մը Քեսապի իրենց տուն այցելած մօրը կը հարցնէր. «Մամա՛, սեղանս հո՞ն էր տակաւին, համակարգի՞չս… եւ այլն»: Բացասական պատասխանները կը գերազանցէին դրականներուն… բազմաբեղուն եւ սրտաճմլիկ պատմութիւններ` կողոպուտի ենթարկուած եւ հրդեհուած տուներու: Պղծուած շիրիմներ, գերեզմանոց, որոնց դաժանագոյնը անխնայ կերպով հիմնայատակ  հրկիզուած հայ Աւետարանական եկեղեցին եւ Մշակոյթի տունն էին… Եկեղեցւոյ վրայ  մակագրուած` «Ֆարուք մզկիթ» անուանումը… Պատերուն վրայ մնացած էին սեւ գործին մասնակից խմբաւորումներու  ճիւաղային արձանագրութիւններն ու մակագրութիւնները… մոխրացած Աստուածաշունչեր, դաշնամուր, ամէնուրեք մոխրակոյտեր:

Երէցկին Ալինան սրտի ցաւով կ՛ըսէ` գոնէ նստարան մը մնացած ըլլար իբրեւ յիշատակ մեր մանկութենէն եկած…

Առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ` դարձեալ կողոպուտ, քանդում եւ շիրիմի  պղծութիւն…

Հողին վերադարձը հրաշքի համազօր էր, թէեւ կարելի չէ նկարագրել բնիկ քեսապցիին ցաւը… Հոգ չէ, կ՛ըսեմ, ժամանակի ընթացքին կամաց կամաց ամէն բան իր տեղը կը գտնէ, կրկին կ’ունենայ Քեսապը իր արժանի կառոյցը` նիւթական եւ հոգեւոր, քանի ան կրցաւ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ի մի բերել եւ ցնցել: Նախապէս ալ յաղթահարած է տարագրութեան աւերները, դուք հերոսներ էք ձեր տունդարձի կամքով… Եռամսեայ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան բոլորս ալ աղօթեցինք, որ Աստուած անհնարինը հնարաւոր դարձնէ` հրաշք կատարէ մեր փոքրիկ հայկական ածուն վերադարձնելով իր սեփականատէրերուն… Մեր աղօթքները անպատասխան չմնացին:

Նահատակ զինուորներ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քեսապի պաշտպանութեան համար,  որոնցմէ  հաւանաբար նոյնիսկ նախապէս բնաւ  տեսած չէին Քեսապը, արժանի են յարգանքի…

Երկու աղբիւրի` «էքիզօլուք», մեր տան կից տեղի ունեցած են ամենաթէժ մարտերը` շրջակայ տարածքը վերածելով ահաբեկիչներու բացօթեայ անթաղ գերեզմանոցներու…

Հոգեւոր հայրեր, միութենական պատասխանատուներ, քեսապցի այրեր, գիւղացիներ մտահոգ են դարձեալ դատարկ Քեսապի համար, որուն արագիլները կամաց կամաց սկսած են վերադառնալ իրենց պապենական բոյները, միայն` հաւատքով եւ յոյսով:

Պետութիւնը կուպրով  պատած է շրջակայ վնասուած  մայրուղիները, ականազերծած է ականապատուած դաշտերը, կը խոստանայ ելեկտրական ցանցը համալրել: Ջուրի ցանցային մատակարարումով մեր տղաքը իրենց տքնաջան հետապնդումներով  քայլ առ քայլ կը փորձեն կեանք եւ աւիւն հասցնել վիրաւոր եւ բզկտուած, պատերազմի ճիրաններէն ազատագրուած  քաղաքին: Ականջալուր կ’ըլլամ անոնց ծանրաբեռնուած ծրագիրներու պատրաստութեան մասին եղած խօսակցութեանց…

Հակառակ իմ բոլոր լաւատեսական շեշտերուս,  խօսակիցս կը պնդէ` ոչ մէկ երաշխիք ունինք, որ  մեր ընտանիքները անվախօրէն կրնան գիշերել Քեսապի մեր տան մէջ, կամ` կրկին նոր յարձակումներու, կողոպուտի եւ թալանի չենթարկուիլ: Մենք օդին մէջ հիմնուած լաւատեսութիւն չենք ուզեր, այս անգամ կրնանք ոչ միայն մեր ինչքերը կորսնցնել, այլ նաեւ` մեր ընտանիքները… Քեսապի իսկական պաշտպանութիւնը ալ մնացած է մեր տղոց ուսերուն, զօրքը հեռացած է… ան, որ տանտէր չէ, կրնայ նաեւ գող ըլլալ…

Քաջարի այս տղաքը քանդուա՞ծը վերականգնեն, ջո՞ւր մատակարարեն, հարազատներուն պաշտպանութի՞ւնը հսկեն, անտէր մնացած բերքը հաւաքելու մասի՞ն մտածեն, թէ՞ Քեսապի սահմանները պաշտպանեն…

Ամայութեան մէջ իջնող գորշ մայրամուտին թռչունները կրկին  կը պարգեւեն եւ կը շռայլեն իրենց ճոխ համերգը, կարծես թէ ոչինչ  պատահած է ընդհանուր համայնապատկերին վրայ… Նո՛յն երկնակամարը, նո՛յն ծառերը, տուները, թէեւ վիրաւոր, բայց հրաշքի մը պէս,  փիւնիկի պէս կը փորձէին վերապրիլ… սպասուած հրաշալի ազատագրումը, հակառակ բոլոր անյոյս պայմաններուն, աւետած էին բարի սերմնացան ճնճղուկները…

Աստուածածնայ տօնին կրկին միասնաբար մեր տօնախմբութիւնն ու ուխտը կատարելու վճիռով, երեկոյեան մեր տեսակցութենէն ետք, հրաժեշտ կ՛առնեմ խօսակիցներէս, երթալու եւ պատուհաններն ու դռները տեղէն խախտած, ռմբակոծուած, թալանուած եւ պղծուած տանս ականջին յուսադրող խօսքեր ըսելու… ըսելու համար որ չեմ մոռցած զինք, հականեխիչ դեղերով եւ սիրալիր խօսքերով իրեն հետ եմ հիմա…

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ- ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 23 յունիս 2014

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>