Զուքի Պարտէզին Մէջ. Լիբանանահայ Թենոր Ճոնի Քուքեճեանի` Քեսապին Նուիրուած Ելոյթը

Ուրբաթ, 27 Յունիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Զուքի պարտէզին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Քուքեճեան: Համերգը նուիրուած էր Քեսապի եւ կը կրէր «Կրանատայէն Երեւան» խորագիրը:

Ճոնի Քուքեճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Զուքի քաղաքապետութեան, որ տրամադրած էր պարտէզը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկին յաջողութեան:

Արդարեւ, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Ճոնի Քուքեճեան մեկնաբանեց Խաչատրեանի, Ռոսինիի, Տի Սթեֆանոյի, Ռոթայի Ժիորտանոյի եւ այլոց ստեղծագործութիւններէն երգեր, ինչպէս` «Սանթա Լուչիա», «Ամոր թի վիեթա», «Ֆիւնիքիւլի ֆիւնիքիւլա», «Օ սոլէ միօ», «Փարլա փիու փիանօ», «Չիթարրա Ռոմանա», «Հայաստանի կարմիր գինին» եւ այլն:

Նուագախումբի անդամներն էին Նանօր Մաճարեան` դաշնակ, Քամալ Մորքոս` ձեռնադաշնակ, Զահեր Սապաալի` թաւջութակ, Էլի Նժէյմ` թրոմփեթ, Ժիհատ Սայիտ` տրամզ, իսկ նուագախումբի ղեկավարն էր Մկրտիչ Միքայէլեան` կիթառ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շողեր Օգնայեան «Կիլիկիա» պարով:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>