Քեսապահայերը Կը Պատրաստուին Սուրբ Աստուածածնայ Տօնին Առիթով Տօնական Հարիսան Ուտել իրենց Տուներէն Ներս

Երեք-չորս օրէ ի վեր քեսապահայ տղամարդիկ վերադարձած են Քեսապ՝ ստուգելու համար իրենց կալուածները: Պետական համապատասխան կառոյցները հիմնական աշխատանքները կը կատարեն ենթակառոյցներու՝ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերու վերանորոգման իմաստով:

Հաղորդուեցաւ, որ ներկայիս ամբողջական խաղաղութիւն կը տիրէ Քեսապի մէջ: Գիւղատնտեսական լաւ բերք գոյութիւն ունի, սակայն դժբախտաբար գիւղատնտեսական գործիքները ամբողջական կողոպուտի ենթարկուած են, կողոպուտի ենթարկուած են նաեւ տուները: Քեսապի երեք հայկական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կարգ մը հաստատութիւններ եւ տուներ հրկիզման գործողութիւններու ենթարկուած են: Անհրաժեշտ կարիքը կայ, որ հայութիւնը նպաստէ Քեսապի տնտեսական վերականգնումին:

Քեսապի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանը ԳԱԼԱ-ի հետ զրոյց մը ունենալով, յայտնած է որ Քեսապէն տարհանուած բոլոր հայերը, որոնք ամիսներէ ի վեր ապաստանած էին Լաթաքիայի Հայ եկեղեցւոյ մէջ, երբեք չի կորսնցուցին իրենց հաւատքը թէ շուտով կուգայ օրը որ Քեսապ կը վերադառնան:

«100 հայ կը շարունակէ ապրիլ Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ մէջ: Մենք երիտասարդներուն օժանդակեցինք, որ առանձին տուն-բնակարան վարձեն եւ կարողանան գործ գտնել, որովհետեւ մինչեւ Քեսապ մեկնիլը պէտք է առօրեան ինչ-որ բանով լեցնեն, եւ գործը ապրելու միջոց է, բնակարան վարձած են ու մասնակի նպաստ կը յատկացնենք, որպէսզի մինչեւ Քեսապ վերադարձը իրենք ինքնավստահութեամբ գործեն: Իսկ տարեցները կը շարունակեն մնալ եկեղեցի»,- ըսած է Մանճիկեանքը: «Մեր սրտերը կը տրոփեն, մենք փափագ ունէինք, որ ընթացիկ ամսուայ մէջ կը վերադառնայինք բոլորս Քեսապ: Իսկ հիմա կը մաղթենք, որ գոնէ Ս. Աստուածածնայ տօնին այնտեղ՝ մեր տուներուն մէջ կը նշենք այս տօնը: Եւ մենք վստահ ենք, որ Աստուած մեզ հետ է մեր տօնական հարիսան եփելու, բաժնելու եւ ուտելու՝ մեր սիրելի Քեսապէն ներս»:

Իր կարգին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, «Արմէնփրէս»ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է թէ «Քեսապահայ տասնեակ մը ընտանիքներ արդէն վերադարձած են իրենց բնակարանները»: Անոր համաձայն՝ Քեսապի մէջ ներկայիս բազմաթիւ խնդիրներ կան՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, համացանցի եւ հեռաձայնի առընչուած: Ուստի, խնդիրները լուծելու համար ղեկավարութիւնը դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն եւ յոյսով է, որ աստիճանաբար բոլոր խնդիրները կը լուծուին: Վարդապետը դիտել տուած է, որ ամենէն գէշ վիճակի մէջ կը գտնուին բնակարաններու խոհանոցները, զորս օգտագործած են զինեալները, ուստի ջուրի առկայութիւնը չափազանց կարեւոր է կենցաղային հարցեր լուծելու եւ ապրելու համար:

Նարեկ Լուիսեան նաեւ յայտնած է, որ Քեսապի ազատագրումէն առաջ հայկական եկեղեցիները, հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները աւերուած, հրկիզուած կամ նիւթական լուրջ վնասներու ենթարկուած են: Անոր համաձայն՝ զինեալները սուրբի մը գերեզման քանդած եւ աճիւնը հանած են: Քեսապի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղած է Քեսապահայերուն՝ վերադառնալու իրենց բնակարանները, սակայն միշտ զգուշանալով օտար կողոպտիչներէն, որոնք սկսած են ներխուժելու Քեսապի բնակարաններ: «Կրկին պիտի ծաղկեցնենք ու շէնցնենք Քեսապը՝ մեր հայրենիքը», հաստատած է վարդապետը՝ աւելցնելով, որ հեռաւոր երկիրներու մէջ գտնուող Քեսապահայերը, գիտնալով հայրենիքի ազատագրման մասին, փափաք յայտնած են վերադառնալու:

Քեսապ վերադարձած Հայերուն մեծապէս ուրախութիւն պատճառած է այնտեղ բերքատու ծաղկած ծառերու ու բազմերանգ ծաղիկներու առկայութիւնը. «այս տարի առատ բերք պիտի ունենանք», ուրախութեամբ նշած է վարդապետը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>