Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին Կ՛օժանդակէ Քեսապահայերուն

Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդութիւնը 20 Յունիսին Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ընտանիքներուն օգնութեան ծրարներ բաժնած է: Այս մասին տեղեկացուցած է Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեանը: Օժանդակութեան ծրարներուն մէջ կան անհրաժեշտ տարբեր պարագաներ, խոհանոցային իրեր: Զանոնք ստանալու համար անհրաժեշտ են ընտանեկան կամ անձնական փաստաթուղթեր: Վարդապետը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ բարի վերադարձ մաղթած է քեսապահայութեան:

Նախապէս Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարը յայտարարած էր, որ Քեսապի մէջ ելեկտրականութեան ցանցերը պիտի վերահաստատուին, եւ բնակիչները ելեկտրականութիւն պիտի ունենան շուտով։

Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան յայտարարած է, որ Քեսապի 250 գաղթած ընտանիքները արդէն վերադարձած են քաղաք, իսկ միւսները կը սպասեն հիմնական ծառայութիւններու վերականգնուելուն, որպէսզի վերադառնան իրենց հայրենի տունը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>